2020 տարուան դառնագոյն աղէտները իրենց անդարմանելի հետքերը թողուցին համայն մարդկութեան, ի մասնաւորի Հայ ժողովուրդի 2021 տարուան գործընթացքին վրայ։ Այնուամենայնիւ, Նախախնամութեան տնօրինումով, քրիստոնէական հաւատքով ու բազմադարեան փորձառութեամբ դարբնուած մեր ժողովուրդի կրանիթեայ կամքը, նոր ռազմավարութեան մղեցին Ազգային Առաջնորդարանը՝ իր հովանաւորութիւնը վայելող գաղութներու հոգեւորական ու աշխարհական անձնակազմերով, Տոկալու, Յաղթահարելու եւ Շարունակելու մեր ծառայութիւնը նոր տեսիլքներով։
Տարեփակի որպէս հաշուեյարդար, մեր սիրեցեալ ժողովուրդի զաւակներուն ստորեւ կը ներկայացնենք ամփոփ պատկերը միամեայ մեր գործունէութեան, որպէսզի փոխադարձ գործակցութեամբ շարունակենք մեզի վստահուած առաքելութիւնը․
- Շաբաթօրեայ դրութեամբ (Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի) Հոգեւոր Հայրերը յատուկ ժամով, աշխարհի եւ մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար մնայուն կերպով աղօթեցին։ Երկուշաբթի օրերը Արժպ․ Տէր Նարեկ Քհն․ Թրթռեան եւ Տէր Վահան Քհն․ Գույումճեան «Հաւատք եւ Ընտանիք» դաստիարակչական շարքը մատուցին, իսկ Ուրբաթ օրերը, դարձեալ Հոգեւոր Հովիւները հերթաբար խորհրդածութիւններով առաւել հոգեւոր սնունդ մատուցին հաւատացեալներուն։
- Ազգային Առաջնորդարանի Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները ամսօրեայ դրութեամբ հանդիպում կայացնելով, ամենայն բծախնդրութեամբ ներդաշնակեցին Առաջնորդարանի եւ Ծուխերու գործունէութիւնը։
- Հոգեւոր Հովիւները գործակցաբար Հոգաբարձութեանց, Օժանդակ Մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութեանց, հակառակ տիրող պայմաններուն, յաջողեցան գաղութային կեանքը շարժումի մէջ պահել, եկեղեցական արարողութեանց կողքին ըստ կարելւոյն նաեւ կազմակերպելով ընկերային ու մշակութային ձեռնարկներ։
- Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը տարբեր առիթներով ու նիւթերով Սուրբ Գրոց սերտողութիւն կատարուեցաւ։ Նաեւ, ամսօրեայ դրութեամբ հաստատեց Կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչաց յատուկ դասընթացք մը։
- Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը, գործակցութեամբ ՀՕՄի եւ օժանդակութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան, շարունակեց Ուսուցիչներու վերաորակաւորման դասընթացքը, որուն կը մասնակցին նաեւ արտասահմանի տարբեր երկիրներէ դաստիարակներ։
- Ամէն Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի սարկաւագական դասընթացք տեղի ունեցաւ, ղեկավարութեանբ՝ դոկտ. Ճորճ Լէյլէկեանի։
- «Տաթեւ», «Սիամանթօ» եւ «Աղ ու Լոյս» (Salt & Light) երիտասարդական յայտա-գիրները համացանցի վրայ շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը։
- Ազգ․ Առաջնորդարանի Երեւանի «Մեծն Ներսէս» Բարեգործական Հաստատու-թեան միջոցաւ Արցախեան աղիտալի պատերազմին եւ այլ պատճառներով յառա-ջացած մեր ցանկի 1187 որբերու հովանաւորութիւնը ստանձնուեցաւ շնորհիւ մեր ազնուասիրտ բարերարներուն։ Նաեւ «Երջանիկ ընտանիք» յայտագիրը Արցախեան պատերազմի 15 վեթերաններու ընտանիքներու բարօրութիւնը շարունակեց ապահովել, բարերարութեամբ Ասլանեան ընտանիքին։
- Լիբանանահայութեան ընկերաքաղաքական ու տնտեսական տագնապին դիմաց, Գաղութս դրական եւ ազդու կերպով պատասխանելով, այս տարի 162.000 տոլար հանգանակեց։ Այս առթիւ, մեր պատգամներով տեւաբար քաջալերեցինք այս ծառայութեան զօրակցողները։
- Գրախանութին բոլոր գիրքերը ընթերցասէր հասարակութեան համար կայէքէջի վրայ մատչելի դարձան։ Նաեւ, շաբաթօրեայ դրութեամբ հաստատուեցաւ գիրքերու ծանօթացումն ու ծանուցումը։
- Շաբաթօրեայ լրատուին՝ Crossroadsի, երկու լեզուներով մատուցումը այս տարի առաւել ճոխացաւ Գոհարներ Հայ Գրականութենէն գողտրիկ բաժինով մը։ Նաեւ՝ մեր բոլոր նուիրատուներու անունները ծանուցուեցան, բաժնելու համար մեր հաւաքական յաջողութիւնը։
Այս ամէնքը եւ աւելին իրագործուեցան անսակարկ յանձնառութեամբ մեր Հոգեւոր Հայրերուն, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամներուն, Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովոց անդամներուն, Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան եւ Pillarներուն, Հոգաբարձութեանց եւ Օժանդակ Մարմիններուն, Քոյր կազմակերպութեանց, բայց մանաւանդ ծխականներու եւ բարեկամներու անվերապահ աջակցութեան:
Նոր Տարուան եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդի տօնախմբումը դիմաւորող այս շրջանի յատուկ մթնոլորտին մէջ, երբ բոլորս լեցուած ենք Հոգատարութեան եւ Բաժնեկցելու (Caring and Sharing) ոգիով, կոչ կ՛ուղղեմ ձեր բոլորի սրտերուն, որպէսզի սրտաբուխ օժանդակութեամբ զօրավիգ կանգնիք աստուածահաճոյ եւ ազգաշէն մեր առաքելութիւնը շարունակելու, որպէսզի մեր յայտագիրները արդիականացընելով զօրացնենք մեր համայնքները, միաժամանակ կարողանանք մեր կարօտեալ քոյրերուն ու եղբայրներուն ձեռք երկարել Արցախի, Հայաստանի ու Միջին Արեւելքի ամբողջ տարածքին:
Տօնական օրերու դրական պատգամով առլցուն, կը մաղթեմ, որ դռներն յուսոյ բացուին եւ մեր երկրէն ի սպառ մեկնի աղէտներու յամեցող ձմեռը: Ամենակալ Տէրը արժանի ընէ մեզ, որպէսզի ողջունենք զիրար առողջութեամբ եւ ուրախ ութեամբ, եւ հրեշտակներուն հետ երգենք՝ «Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք, խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն» (Ղկ 2.14):
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
Աղօթարար՝
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին