Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ԱԿԱՆԱՏԵՍ ԿՐՆԱՆՔ ԸԼԼԱԼ ՆՈՐ ՀՐԱՇՔՆԵՐՈՒ

Սիրելի Հայորդիներ,

Երկու տարիէ ի վեր համայն մարդկութիւնը կը դիմագրաւէ պսակաձեւ ժահրի ճակատագրական մարտահրաւէրը։ Թանկագին կեանքի կորուստներ ունենալով հանդերձ, փա՜ռք Ամենակալին Աստուծոյ, որ մարդկային ցեղը այս աննախընթաց սպառնալիքին դէմ զրահաւորուեցաւ նոր փորձառութեամբ, եւ աստիճանաբար, գիտական ու բժշկական կեդրոններու հաստատումներով կը մօտենանք  բնականոն կեանքի վերականգնումին, միշտ գործադրելով երեք կարեւոր դեղագիրներ՝ Աղօթք, Համբերութիւն եւ Կանխազգուշութիւն։

Համամարդկային այս աղէտին զուգահեռ, Հայ ժողովուրդը ապրեցաւ իր լինելութեան ամենադժխեմ իրադարձութիւններէն մին, զոհ դառնալով մեր Հայրենիքի դրացի երկիրներու անարգ դաւադրութեան, ենթահող ունենալով անցնող երեսուն տարիներու մե՛ր իսկ ղեկավարութեան անփութութիւնը, անհեռատեսութիւնը, չարաշահութեան եւ մասամբ նոցին մոլութիւնները, եւ ի վերայ այսր ամենայնի, ներկայ ղեկավարութեան նոր աշխարհի լոզունգներու որդեգրումը, արուեստական ու մակերեսային լուծումներ գտնելու փութկոտութիւնը եւ դիւանագիտական փորձառութեան տհասութիւնը։

Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք այս դառնագոյն աղէտը անգամ մը եւս եկաւ մեզ սթափեցնելու մեր խեշերային խանդավառութիւններէն։ Հարկ է որ գիտակցութեան բարձրագոյն մակարդակով անդրադառնանք անմահանուն բանաստեղծի կենսական պատգամին, թէ՝ «Հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ոյժի մէջ է»։ Ժողովուրդի մը ճակատագիրը որոշել առանձնաշնորհումը չէ անհատի մը կամ քաղաքական ուղղութիւն որդեգրած խմբակցութեան մը, այլ կը պահանջէ լայնախոհութեամբ հաւաքական իմաստութեան ու փորձառութեան շահարկումը։

Պատմութիւնը վկայ՝ հրաշքներու համազօր յաղթանակներ կերտուած են շնորհիւ մեր ժողովուրդի միասնական զօրութեան, եւ կը հաւատամ, որ ինչպէս անցեալին, այսօ՛ր  մե՛նք եւս կրնանք ականատես ըլլալ  նոր հրաշքներու, ինչպէս բանաստեղծի սրտի ու մտքի մաքրամաքուր շրթներէն բխած խօսքը կը հնչէ  «Ուխտ Արարատի» ծանօթ ոտանաւորով․-

«Պիտի հասնի՛նք սրբազան լեռ կատարիդ,

Երբ ջրհեղեղը ռումբերու գտնէ վերջ,

Ու արիւնի ծովերն հագնին ծիածան,

Երբ մորթուած խաղաղութեան աղաւնին

վերադառնայ արհաւիրքի վիհերէն՝

Ձիթենիի հաշտարար ճիւղը բերնին,

Պիտի հասնինք կատարիդ։

2022 նոր տարուան եւ Աստուածայայտնութեան տօներու սեմին զիրար շնորհաւորենք քրիստոնէական մեր երկհազարամեայ հաւատքով ու Հայկեան հինգ հազարամեայ փորձառութեամբ դարբնուած մեր կամքով ու կորովով։ Քրիստոսի ծնունդը տօնել կը նշանակէ պատմութեան ընդմէջէն միշտ զմեզ նորոգել եւ ծնունդ տալ նոր երազներու իրագործման։

«Շնորհաւոր նոր Տարի։ Մեծ Աւետիս, Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»։

 

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին