Արդի եւ վաղ ժամանակակից շրջանի անգլերէն գրականութիւնը Օսմանեան կայսրութեան եւ Միջին Արեւելքի մասին կը պարունակէ անգլերէն dragoman բառը։ Այս բառը կը նշէր, միջինարեւելեան տարբեր լեզուներու պէս, թարգմանիչ մը, որ արաբերէնի, պարսկերէնի, թրքերէնի եւ կարգ մը եւրոպական լեզուներու գիտակ պէտք է ըլլար։
Ըստ երեւոյթին, այս բառը անգլերէնի մէջ մտած էր հին ֆրանսերէնէն (drugemen) կամ ուղղակի միջնադարեան լատիներէնէն (dragumanus), որ իր կարգին եկած է յունարէն dragoumanos բառէն։ Այլ եւրոպական լեզուներ, ուր բառը t հնչիւնով սկսած է, ցոյց կու տան ուղղակի փոխառութիւն մը արաբերէն tarjumān կամ թրքերէն tercüman բառերէն (վերջինս արաբերէնէ փոխառութիւն է իր կարգին)։
Ընթերցողը կրնայ մտածել, թէ հայերէն թարգման բառը կրնայ կապ ունենալ անգլերէն dragomanին, կամ թերեւս արաբերէն tarjumānին հետ։ Սակայն, երբ արաբերէնը սկսած է իր միջազգային ծաւալումը 7րդ դարուն, հայերէն բառը արդէն ներկայ էր 5րդ դարու ոսկեդարեան գրականութեան մէջ։ Ուրեմն՝ կանխած է արաբական ներկայութիւնը։ Սակայն, ճիշդ է, որ հայերէն բառը փոխառութիւն մըն է սեմական լեզուէ մը, բայց ո՛չ արաբերէնէն, այլ ասորական լեզուէն։ Ինչպէս յայտնի է, յունարէնը եւ ասորերէնը մեծապէս ազդած են հայերէնի կրօնական եւ մշակութային բառապաշարին վրայ՝ քրիստոնէութեան հռչակումէն ետք իբրեւ Հայաստանի պետական կրօն։
Այսուհանդերձ, Օսմանեան կայսրութեան հայերը շարունակած են հնագոյն թարգմանական աւանդութիւնները։ Այսպէս, շատերը ծառայած են իբրեւ dragoman։ Անոնցմէ մէկն էր կաթողիկէ հայ մը՝ Իգնատիոս Մուրաճան Թոսունեան (1740-1807), որ շուէտական դեսպանատան թարգմանիչը եղած է, այնուհետեւ դառնալով շուէտացի ազնուական մը՝ Ignatius Mouradgea d՛Ohsson անունով, եւ գրած է Օսմանեան կայսրութեան երկհատոր նկարագրութիւն մը ֆրանսերէնով։