Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները կսկիծով իմացան Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) երկարամեայ ծխական՝ տիկ. Ճուլիա Իշխանեանի մահը, Ուրբաթ, 6 Յունուարին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Երկուշաբթի, 10 Յունուարին մասնաւոր կերպով տեղի ունեցած յուղարկաւորութեան՝ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, եւ թաղման՝ Սիտըր Կրով գերեզմանատան մէջ։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը կատարուին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ կամ The Shriners Hospitals for Children։
Տիկ. Ճուլիա Իշխանեան ծնած է 2 Մարտ, 1928ին, Նիւ Եորքի մէջ, զաւակը՝ Պաղտասար եւ Մարի Այլայեաններու։ Քաղաքը մեծցած է եղբօր՝ Մայքլի հետ, եւ ապա ընտանիքը փոխադրուած է Եորքվիլ, ուր Ճուլիա յաճախած է «Ճուլիա Ռիչմընտ» երկրորդական վարժարանը։
Պատանեկութեան դաշնակի հանդէպ ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը պատճառ դարձած է, որ երիտասարդ տարիքին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ երգեհոնահարը ըլլայ, աւելի քան 70 տարի նուիրումով ծառայելով եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։
1951ին, ամուսնացած է Վահէ Իշխանեանի հետ (մահացած՝ 2006ին)։ Եկեղեցւոյ կազմակերպութիւններուն գործունեայ մասնակցութիւն ունեցած է, իսկ ամուսնոյն հետ մասնակցած է Արեւելեան թեմի Ազգային Առաջնորդարանի կազմաւորման աշխատանքներուն՝ Հայրապետական Պատուիրակ Խորէն Արքեպս. Բարոյեանի հետ (հետագային՝ Խորէն Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ)։
Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի զաւակներուն՝ տէր եւ տիկ. Էտուըրտ եւ Լինտա Մանշաուըրներուն եւ տէր եւ տիկ. Կէրի եւ Անտրէա Իշխանեաններուն, եւ թոռներուն։
Աստուած հոգին լուսաւորէ: