Առաջնորդարանէն

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻ

Ուրախ ենք յայտնելու, որ յառաջիկայ Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 7.30ին, դոկտ․ Գէորգ (Ճորճ) Լէյլէկեան պիտի վերսկսի Սարկաւագաց զարգացման ընծայուած դասախօսական իր շարքը, ներառելով Աւագ Շաբթուան յատուկ արարողութիւնները։

Յոյժ օգտաշատ այս դասընթացքին կրնան նաեւ մասնակցիլ անոնք, որ կ՚ուզեն խորացնել իրենց գիտութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան եւ ծիսագիտութեան, մանաւանդ Հայ Եկեղեցւոյ ուսուցումներու առանձնայատկութեանց մասին։

Յայտնենք, թէ երկու օրերու վրայ հրամցուած նիւթերը նոյնն են։ Մասնակցողները կրնան ընտրութիւն ընել համաձայն իրենց ժամանակացոյցին։