Մեր ծուխերէն

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ

Նոր Տարուան առաջին օրը, խումբ մը հաւատացեալներ վերստին հաւաքուեցաւ Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ՝ Տիրոջ օրհնութիւնը հայցելու մեր բոլոր ծխականներուն, համայնքին, Հայ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհասփիւռ հաւատացեալներուն համար։

Հինգշաբթի, 6 Յունուարին, տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան աւանդական Սուրբ Պատարագը։ Յաւարտ Ս. Պատարագին, տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքը, որուն կնքահայրն էր Շահէն Աթթարեան։