Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՈՒԻՆՔ ՆՈՐ ԱՐՔԱՅԻ ԾՆՈՒՆԴՈՎ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 6 Յունուար)

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ զաւակներս ի Մայր Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի այսօր կը տօնախմբենք Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը՝ շարականագրին բառերով երգելով. «Ծնաւ նոր արքայ Բեթղեհեմ քաղաքին մէջ․ ով մարդիկ, օրհնեցէք զԻնք որովհետեւ մեզի համար մարդացաւ»։

Ծնունդը ընդհանրապէս ուրախութիւն եւ յոյս կը պատճառէ հարուստ թէ աղքատ,  բնական թէ աղիտալի պայմաններու տակ գտնուող որեւէ ընտանեկան յարկէ ներս, իսկ արքայական ընտանիքէ ներս ծնունդով ուրախութիւնը կը ստանայ համազգային բնոյթ։ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը սակայն կ՛անդրանցնի երկու պարագաներն ալ, որովհետեւ Ան ո՛չ միայն ընտանիքի մը կամ ազգի մը, այլ համայն մարդկութեան համար ծնաւ, ինչպէս Հրեշտակը աւետարանեց Հովիւներուն, թէ «Ձեզի մեծ աւետիս մը պիտի տամ որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ» (Ղկ 2.9)։ Այլ խօսքով, այս նոր արքան որ տիեզերքը իր ներկայութեամբ կը կենդանացնէ, կը մարմնանար որպէս անտուն՝ կենդանիներով շրջապատուած, իր ծնունդի ուրախութեան մասնակից դարձնելով նախ բնութեան հարազատ զաւակ հովիւները եւ ապա գիտութեան ծարաւի մոգերը, երկնային զօրքերու հովանաւորութեամբ։

Եւ այսօր մեզ հրաւիրած է, որպէսզի Իր սուրբ անուան փառաբանողներս այս անպատում Խորհուրդով լիցքաւորուինք, գործնականապէս թարգմանենք զայն մեր առօրեայ կեանքին մէջ, կարելիութեան սահմաններուն մէջ միշտ իրեն նմանելով։ Այս առթիւ, հետեւեալ չորս մտածումները կը բաժնեմ։

ա․ Նոր արքայ՝ Աստուածորդիին մարմնացումը ինքնին անբացատրելի եւ անհասկնալի խորհուրդ մըն է ո՛չ միայն պարզ հաւատացեալներուն, այլ նոյնիսկ Եկեղեցւոյ Հայրերուն եւ աստուածաբաններուն համար, որոնք, գեղեցկագոյն խօսքերով և ճարտասանութեամբ նկարագրելով հանդերձ այս գերհրաշապատում դէպքը, խոնարհաբար կը խոստավանին, թէ մարդկային մտքի հասողութենէն վեր կը մնայ այս խորհուրդ խորին ծնունդը: Ինչպէս որ կարելի չէ գաւաթի մը մէջ պարփակել  ովկիանոսներու ջուրը, կամ թոյլի մը մէջ՝ ծովու աւազները, կամ թաղարի մը մէջ՝ բնութեան բոլոր բոյսերը, նմանապէս եւ աւելին տիեզերքին ծնունդին պատճառ եղողը տեսնել ծնած մսուրի մը մէջ՝ մայրական կաթի եւ ծնողական գուրգուրանքի ու պաշտպանութեան կարօտ, իսկապէս որ ապշեցուցիչ է, մարդկային մտածելակերպով անբացատրելի եւ անհասկնալի։

Եթէ չենք կրնար հասկնալ, շարականագրին բառերով ներկայացուած «երկնքի ու երկրի մէջ չբովանդակուողը, խանձարուրի մէջ փաթթուեցաւ» պատմական իրողութիւնը, սակայն Հրեշտակին աւետիսով գիտենք, թէ Ան ինչո՞ւ ծնաւ․ համայն մարդկութեան համար՝ «զի վասն մեր մարդացաւ»։ Արդարեւ, էականը «ինչու»ն է՝ գիտնալ նպատակը Աստուծոյ այդ սրբազան ծրագրին, քան «ինչպէ՞ս»ը՝ խորհրդաւոր այս ծնունդին հոլովոյթը, որուն անբացատրելիութիւնը գայթակղութեան պատճառ դարձած էր նոյնիսկ Եհովայի անուան երկրպագու Եբրայեցի ժողովուրրդին եւ իմաստասիրութեան ծարաւի Յոյն ժողովուրդին, ինչպէս կը նշէ Պօղոս Առաքեալ (Ա Կր Ա 23)։ Սակայն, փա՜ռք Աստուծոյ, բիւր անգամ փառք, որ Աստուած անկախ  մարդկային ամէն ժխտումէ եւ ուրացումէ միշտ յիշելով իր ձեռագործ արարածը, դարերու ընթացքին տարբեր եւ մասնակի ձեւերով յայտնուած է անոր, իսկ այս անգամ իր ամբողջ էութեամբ յայտնուեցաւ մեզի որպէս նորածին խանձարուրի մէջ փաթթուած, ինչպէս Յովհաննէս Աւետարանիչ կ՛ըսէ. «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը որ մինրեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ» (Յհ 3.16)։

բ․ Այս Նոր Արքան, իմաստութեան Աղբիւր ու տիեզերքի հիմնադիր արքան, մարմնացաւ ո՛չ թէ կրօնի մը կամ փիլիսոփայական դպրոց մը հիմնադիրը ըլլալու, այլ՝ կենդանիներու բնակարան գոմի մը մէջ աշխարհ գալով, ուզեց մեղքով ապականած ու գարշահոտ դարձած մարդկային բնութիւնը վերահաստատել իր սկզբնական կերպարին մէջ, եւ իր սուրբ արիւնով վերանորոգել նախաստեղծ մարդուն պատկերով, որպէսզի, ինչպէս Ադամ Դրախտին մէջ Աստուծոյ մտերմութիւնը կը վայելէր եւ Անոր հետ կը խօսէր, նմանապէս բանաւոր բոլոր արարածներն ալ մեղքէն ազատագրուած` դրախտացեալ սրտով զգան Արարիչին ներկայութիւնը, մշտական ջերմ յարաբերութիւն ունենան Անոր հետ, սրտբաց ու անկեղծ խօսին Աստուծոյ հետ ինչպէս ծնողք ու զաւակ, կամ զիրար սիրող սրտեր, եւ Աստուծոյ Հոգիով վայելեն կեանքը իր ամբողջութեամբ՝ այստեղ եւ յաւերժութեան մէջ:

գ, Այս Նոր Արքան, յաւիտենական արքան, որ աշխարհի սկիզբէն իսկ երկնային բազմահոյլ հրեշտակներէն կը փառաբանուի, մարդացաւ ո՛չ մեզմէ փառք ու պատիւ կամ համբաւ ու գովասանք փնտռելու, այլ մեզ վերահաստատելու աստուածապարգեւ մեր փառքին մէջ, զոր դժբախտաբար կողոպտեց չարը, նախանձելով Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած անզուգական պատիւին։ Ինչպէս ութերորդ սաղմոսին մէջ կը կարդանք. «Ինչ է մարդը որ կը յիշես զայն. քիչ մը վար դասեցիր քեզմէ, փառքով ու պատիւով զայն պսակեցիր, եւ բոլոր ստեղծածներուդ վերակացու կարգեցիր զայն»: Արդարեւ, անզուգական է մարդուն տրուած առանձնաշնորհեալ պատիւը, որուն համար միշտ պարտինք երախտապարտ ըլլալ։

դ, Այս Նոր Արքան՝ աստուածակեդրոն արքան, սորվեցուց մեզի, թէ ինչպէս որ երկրագունդը այնքան ներդաշնակութեամբ կը թաւալի անտեսանելի Բեւեռի՝ Անեղ ու Անծին Ստեղծագործի մը շուրջ, եւ ձմեռնային փոթորիկէն ու սառնամանիքէն ետք կը պարգեւէ գարնանային զեփիւռը, պտուղներու առատութիւնը եւ ծաղիկներու գեղեցկութիւնն ու բոյրը, ստեղծագործ Հայր Աստուածը նոյնը կը կատարէ բոլոր անոնց կեանքին մէջ, որոնք Աստուածակեդրոն կեանք կ՛ապրին։ Արդարեւ, Քրիստոս Ի՛նք խօսքով ու գործով իր կեանքի առանցքը երկնաւոր Հայրը դարձուց միշտ, զԱ՛յն փառաբանեց, Անո՛ր աղօթեց, Անո՛վ զօրացաւ Գեթսեմանիին մէջ ու Խաչին վրան, Անոր յանձնեց իր հոգին եւ Անով յարութիւն առաւ փառաւորուեցաւ, մեզի օրինակ ըլլալով, որ երբ Աստուծմո՛վ ապրինք, մեր գերագոյն բարիքն ու երջանկութիւնը ապահոված կ՛ըլլանք:

Արարիչն Աստուած այսքան բացայայտ կերպով ինքզինք մեզի ծանօթացնելէ ետք, փութանք ամենայն ցնծութեամբ Իրմո՛վ վերակենսաւորուիլ եւ վերարժեւորել դէպի յաւիտենականութիւն ընթացող մեր կեանքը, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։