«ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐՈՒԱՆ» ԱՌԻԹՈՎ, ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով, Ուրբաթ, 14 Յունուարին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-խորհրդակցութիւն լիբանանահայ մտաւորականներու հետ` 2022 տարին «Սփիւռքի տարի» հռչակելուն առիթով:
Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց ներկաները եւ գնահատեց անոնց ներկայութիւնը հակառակ երկրի տագնապալի վիճակին։ Նշեց, որ բոլորին համար արդէն ծանօթ է, որ այս տարուան հռչակումը կը շարունակէ նախորդ երկու տասնամեակներու աւանդութիւնը:
«Սփիւռքի մասին խօսիլը այսօր սովորական երեւոյթ մը չէ, այլ բնական, որովհետեւ Սփիւռքը տագնապի մէջ է: Առաջին հարցադրումը, որ կ՚ուզեմ կատարել. ինչո՞ւ “Սփիւռքի տարի”: Նման հռչակում մը կատարելու լուրջ պատճառներ ունէի, որովհետեւ Սփիւռքը սկսած է ծաւալիլ ու տարածուիլ: Հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Սփիւռքի մէջ է: Սփիւռքը սկսած է մաշիլ ու գունաթափիլ: Սփիւռքը սկսած է անտարբեր ըլլալ ինքն իր նկատմամբ, յուսախաբ ըլլալ Հայաստանի նկատմամբ, յատկապէս` վերջին քանի մը տարիներուն, Արցախի պատերազմէն ետք: Երիտասարդութիւնը սկսած է հեռանալ մեր կեանքէն, մեր հաւաքական կեանքէն, մեր կառոյցներէն: Օտարին ներկայութիւնը հայ կեանքին մէջ սկսած է դառնալ զգալի: Մեր շուրջը տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն հետ չենք կրցած քայլ պահել», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: «Պէտք չէ սակայն բաւարարուիլ հռչակագիրը հրապարակելով, այլ Սփիւռքի հարցը պէտք է կիզակէտը դառնայ մեր մտածումներուն, մտահոգութիւններուն, տագնապներուն, խօսքերուն եւ մեր կազմակերպչական կեանքին: Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Սփիւռքը հրամայական կարիքը ունի վերակազմակերպուելու: Հռչակագիրին մէջ այս բառը տարբեր առիթներով գործածուած է եւ յստակացուած: Վերակազմակերպում, այսինքն` վերանորոգում, վերակենսաւորում, վերաշխուժացում, այլ խօսքով` անհրաժեշտութեան պարագային փոփոխութիւն», աւելցուց:
Այս բոլորը ի՞նչ ձեւերով կատարելու կարելիութեան մասին խօսելով, Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերադարձաւ իր հռչակագիրին, ընդգծելով, որ առաջարկած է սկսիլ եկեղեցիէն` թեմական կեանքէն, որ կառոյցներու ամբողջականութիւն մըն է, որուն կողքին Սփիւռքի մէջ գործող այլ կառոյցները՝ կրթական, կուսակցական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլն, «իւրաքանչիւրը իր կարգին պէտք է սկսի վերակազմաւորման գործընթացին, ապա տուեալ գաղութին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն միջեւ գործունէութեան ներդաշնակութիւն մը պէտք է ստեղծուի»։
Հռչակագիրը կը բովանդակէ նաեւ շարք մը ամէնօրեայ մտահոգութիւններ հաւաքական կեանքին մասին, որոնցմէ հիմնական է, որ «ներկայ Սփիւռքը փաստօրէն խառնարան է», ուր քով-քովի եկած են աւանդական Սփիւռքը, այնուհետեւ Արեւելեան Եւրոպայի համայնավարացումի հետեւանքով տեղափոխուած զանգուածը, իսկ վերջին երեսուն տարիներուն՝ Հայաստանէն արտագաղթած հայորդիները. «Սփիւռքի ներկայ պատկերին եթէ նայինք, կը տեսնենք, թէ այս երեք տեսակի սփիւռքները փաստօրէն նոյն գաղութին մէջ չեն կրցած հաւաքական կեանքին մասնակից դառնալ», դիտել տուաւ Կաթողիկոսը:
«Այլ մտահոգութիւն մըն է նաեւ այն, թէ ի՞նչ կը նշանակէ այսօր Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալ», նշեց Վեհափառը, կոչ ուղղելով վերանայելու հայապահպանումը շարունակելու ձեւերը եւ հաստատելով, որ արեւմտահայերէնի նահանջը փաստացի իրողութիւն է: Ան ընդգծեց համասփիւռքեան մտածողութիւն ձեւաւորելու կարեւորութիւնը, «որովհետեւ այսօրուան Սփիւռքը երէկուան Սփիւռքը չէ: Սփիւռքը իր կարգին ինչպէ՞ս կրնայ նպաստել համահայկական մտածողութեան մշակումին», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնը հարց կու տայ, թէ որո՞ւ հետ պիտի խօսի. Անթիլիաս, կաթողիկէ եկեղեցի, աւետարանական եկեղեցի, երեք կուսակցութիւններ եւ այլն: «Սակայն այս բոլոր կառոյցները իրարու քով գալով հաւաքական, համասփիւռքեան մտածողութիւն մը եւ մօտեցում մը չեն կրցած ձեւաւորել կամ զարգացնել: Վերջապէս ինչպէ՞ս կարելի է Սփիւռքի ներուժը օգտագործել: Գիտէք, մենք հսկայ ներուժ ու մարդուժ ունինք Սփիւռքի մէջ: Նախապէս պարագայական փորձեր կատարուած են, սակայն այսօր մենք չենք գիտեր, թէ ի՛նչ մարդուժ ունինք: Եւ որովհետեւ չենք գիտեր, ապա չենք կրցած ճիշդ կերպով օգտագործել մեր մարդուժը», ընդգծեց ան:
Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, թէ ինչպէ՞ս պէտք է դիտել Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնը Սփիւռքի վերակազմակերպման ընթացքին մէջ. «Նախ եւ առաջ Հայաստանը պէտք է համոզուի, որ Սփիւռքը բաժնեկից է Հայաստանի հզօրացման, նոյնիսկ Հայաստանի կառավարման որոշ իմաստով, այլապէս այս բոլորը զգացական սահմաններու մէջ կը մնան: Նաեւ Սփիւռքը պէտք է ունենայ այն խոր համոզումը, թէ ինքը ինքնակեդրոն, ինքնանպատակ գոյութիւն մը չէ, այլ` մաս կը կազմէ ամբողջական հայութեան եւ նաեւ պարտաւորութիւն ունի, պատասխանատուութիւն եւ իրաւունք ունի Հայաստանի նկատմամբ:(…)
Հայաստանանպատակ պէտք է ըլլայ Սփիւռքը եւ ոչ հայաստանակեդրոն: Հայաստանը մեզ պիտի չկառավարէ, Հայաստանի ներքին հարցերը պիտի չճշդեն Սփիւռքի մեր գաղութներուն կեանքի պայմաններն ու ուղղութիւնը: Հայաստանակեդրոն եւ սփիւռքակեդրոն ուղղութիւնները մերժելի են, սակայն բոլորս հաւաքաբար հայակեդրոն պէտք է ըլլանք ու համախմբուինք Հայաստանի ու հայութեան շուրջ:
(…) Իսկ այժմ ես միշտ պիտի կրկնեմ, որ համահայկական հարցերու գծով Սփիւռքը հետեւողի, դիտողի, կրաւորական վիճակի մէջ պէտք չէ ըլլայ, այլ` մասնակցողի, տեսակէտ ունեցողի դերի մէջ»:
Անդրադառնալով հայրենադարձութեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց, որ վախճանական, հեռաւոր նպատակ է եւ պէտք է պահուի օրակարգի վրայ: «Կ՚ուզեմ հաստատել, որ “Սփիւռքի տարի” հռչակումը պէտք չէ ձգէ այն տպաւորութիւնը, որ մենք Սփիւռքը կը փորձենք անջատել, կղզիացնել, մեկուսացնել, հեռացնել Հայաստանէն: Ո՛չ: Սփիւռքը մենք պիտի վերակազմակերպենք եւ հզօրացնենք Հայաստանին համար, մեր ժողովուրդի ընդհանրական եւ գերագոյն ձգտումներուն եւ շահերուն համար», եզրափակեց Վեհափառ Հայրապետը, աւելցնելով, որ այս հաւաքը խորհրդակցութեան առաջին քայլն է։ Խօսքը յանձնելով ներկայ մտաւորականներուն, մաղթեց, որ միտքերու փոխանակում ըլլայ անոնց միջեւ, իսկ աւելի ուշ՝ աւելի խոր քննարկումներ։ Վեհափառը հաստատեց, որ իրեն համար ցանկալի է նաեւ, որ երիտասարդներն ու կիները եւս ներգրաւուին այս քննարկումներուն մէջ:
Ներկաները արտայայտեցին իրենց մտահոգութիւնները, կատարեցին ընդհանուր քննարկումներ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին առաջարկներ: Բոլոր մտաւորականներն ալ դրական արտայայտուեցան հռչակագրին մասին եւ ողջունեցին հանդիպումը իբրեւ շինիչ հիմք ապագայ մասնագիտացած աշխատանքներու։ Դիտել տրուեցաւ, որ որեւէ աշխատանքի կամ ծրագրումի ձեռնարկելու պարագային, պէտք է նկատի ունենալ հայկական իրականութեան մէջ ներառուածներն ու անկէ հեռու գտնուողները:
Առաջարկներ եղան տարբեր բնագաւառներու մէջ մասնագէտներէ բաղկացած մարմիններ ձեւաւորելու։ Առանցքային նկատուեցաւ Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան տեսութիւնը ճշդելն ու վերլուծելը: Խօսուեցաւ հետազօտութեան մը մասին, որ ցոյց տուած է, թէ լիբանանահայ իրականութեան մէջ ինքնութեան տարբեր դրսեւորումներ կան` չքննուած ինքնութիւն, ինքնաբերաբար ձեռք բերուած, գիտակցական ինքնութիւն եւ նուաճուած ինքնութիւն, որ ամէնէն արդիւնաւէտն ու կարեւորն է: Ասոնց զուգահեռ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ «քնացած» ինքնութեան, որուն տէրերը բաւական պատկառելի թիւ մը կը կազմեն։
Շեշտը դրուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութեան վրայ: Այսօր ո՛չ միայն հայ քաղաքական խաւը, այլ ժողովուրդն ալ գիտակից է, թէ Սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը դանդաղած է Հայաստանի մէջ, բայց եւ այնպէս անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ ասիկա Հայաստան-Սփիւռք կապի խզման կամ տկարացման չառաջնորդէ։ Անհրաժեշտ նկատուեցաւ որ հայկական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու օգտաշատ աշխատանքը վերատեսութեան ենթարկուի, քայլ պահելով նոր օրերու, արհեստագիտական նորութիւններու եւ ընկերային ցանցերու աշխարհին հետ։ Առաջարկուեցաւ մեր կառոյցներուն գնահատականը կատարել՝ անոնց արհեստավարժ մօտեցումին կապակցութեամբ, սերտել հոն աշխատող մասնագիտացած մարդուժը, եւ ձեռնարկել արհեստավարժութեան վրայ հիմնուած գործունէութեան։
Մասնակիցները խօսեցան հայկական կառոյցներէն շատ հեռու այն մեծ զանգուածին մասի, որուն մէջ երիտասարդներու թիւը մեծ է, օտարացման երթի բնական ընթացք տալով։ Առաջարկուեցաւ, որ մեր եկեղեցիները հանդիսանան այն կռուանները, որոնք անունով հայ մնացածները մեր կեանքին վերադարձնելու մեծ աշխատանք պիտի տանին: Նաեւ խօսուեցաւ համալսարանաւարտ մասնագէտը հայկական իրականութեան մէջ ներգրաւելու անհրաժեշտութեան մասին։
Եզրափակիչ խօսքով Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գնահատանքն ու գոհունակութիւնը յայտնեց, որ մասնակիցները իր հրաւէրին ընդառաջած էին, եւ կարելի եղաւ այս խորհրդակցական հաւաքը կայացնել հաւաքական տագնապի մը շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ բազմաթիւ եւ այլազան մարտահրաւէրներու դիմաց, մեր կեանքին մէջ տիրական դարձած կարծրատիպերը պէտք է փոխուին, եւ առանց հինը մոռնալու, պէտք է զայն վերանորոգենք։ Անհրաժեշտ նկատեց այսօրուան աշխարհին համապատասխան գործելաձեւ որդեգրել, այլապէս պիտի գոյանայ վիհ մը կառոյցներուն եւ երիտասարդութեան միջեւ: