ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԷՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԲ ՍԷՐ Է
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 23 Յունուար
Այսօր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան ութօրեայ տօնին յաջորդող երկրորդ Կիրակի օրուան Աւետարանի ընթերցումն է Յհ 3. 13-21։ Այս հատուածը շարունակութիւնն է մեր Տիրոջ ունեցած խօսակցութեան Փարիսեցի Նիկոդեմոսին հետ, որ ականաւոր անդամ մըն էր Հրէից գերագոյն ժողովին, ծանօթ՝ Սանհետրիմ անունով։
1. Յիսուս յայտնելէ ետք, թէ «ո՛չ ոք երկինք ելաւ՝ բացի Մարդու Որդիէն, որ երկինքէն իջաւ, եւ որ երկինքի մէջ է» կ՛ըսէ. «Ինչպէս Մովսէս պղինձէ օձը բարձրացուց անապատին մէջ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ» (Թիւք 21.9), ակնարկելով իր Խաչելութեան։ Այս հաստատումով, Քրիստոս իր սրբազան առաքելութեան սկիզբը ակնարկելով Հին եւ Նոր Կտակարաններու մէջ գոյութիւն ունեցող դէմքերու եւ դէպքերու զուգահեռ նկատուող նմանատիպութեան, կը պատգամէ, թէ Հին Կտակարանի ուսուցման եւ մարգարէութեանց լրումը Ի՛նք է։ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ այս մասին. «Որովհետեւ այդ բոլորը գալիք իրականութեանց շուքն են, իսկ իրականութիւնը Քրիստոսի մէջ է» (Կղ 2.17)։
2. Սուրբ գրային այս զուգահեռը գծելէ ետք, Քրիստոս հոյակապ հաստատում մը կ՛ընէ. «Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ»։ Այսպէս, կը քօղազերծէ Աստուծոյ էութեան խորհուրդն ու Անոր յարաբերութիւնը աշխարհի հետ, նաեւ՝ Իր երկրաւոր առաքելութեան գերագոյն նպատակակէտը։
ա) «Աստուած սիրեց աշխարհը» խօսքով Յիսուս կը յայտնաբերէ տիեզերքի Ամենակարող եւ Ամենագէտ արարիչին էութիւնը՝ որ է Սէր։ Սէ՛րը միայն կրնայ յառաջացնել սէր, եւ Բարին՝ բարութիւն։ Քրիստոս առիթով մը ըսաւ. «Բարի մարդը իր սրտի բարի գանձէն բարիք կը հանէ» (Մտ 12.35)։ Ասիկա եթէ իրաւ է մարդ արարածի պարագային, որքան աւելի՝ Աստուծոյ։ Ստեղծագործութիւնը գերագոյն սիրոյ եւ բարութեան արտայայտութիւն է, ցոլացնելով Աստուծոյ ճշմարիտ էութիւնը, որ է սէր եւ բարութիւն, ինչպէս Արարիչը ի սկզբանէ յայտնեց, ըսելով. «Աստուած տեսաւ որ լոյսը բարի է» (Ծն 1.3)։
բ) Աստուծոյ սէրը աշխարհին (մարդկութեան) հանդէպ առանց նախապայմանի է։ Անկախ մեր նախածնողաց եւ ընտրեալ ժողովուրդի անհնազանդութենէն, Աբէլէն մինչեւ Զաքարիա անմեղ արիւններու հոսումէն (Ղկ 11.51), եւ Նախախնամութեան դէմ մարդկութեան ըմբոստութենէն եւ ուրացումէն, Աստուծոյ սէրը անդրդուելի է։ Ինչպէս Պօղոս Առաքեալ ըսաւ՝ «Յիսուս Քրիստոս երէկ եւ այսօր նոյնն է յաւիտեան» (Եբր 13.8), նոյնպէս Աստուծոյ սէրը նոյնն է երէկ, այսօր եւ յաւիտեան։ Աստուած իր սէրը յայտնեց Նահապետներուն, Մարգարէներուն, եւ ի լրումն ժամանակի իր Միածին Որդւոյն միջոցաւ։
Իրա՛ւ է, որ Սուրբ Գրքին մէջ կը կարդանք Աստուծոյ զայրոյթին եւ նախանձին մասին։ Ամէնքը իսկութեան մէջ սիրոյ հրաւէր է, արթնութեան կոչ է, որպէսզի մարդ արարածը զգաստանայ՝ վերահաստատելու համար աստուածային արքայական ընտանիքի իր ժառանգութեան մէջ։
3. Նորածին Արքայի առաքելութիւնը պարզագոյն ձեւով յայտնուած էր Սուրբ Կոյսին, թէ՝ «Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը՝ Դաւիթի գահը, եւ անիկա Յակոբի սերունդներուն վրայ յաւիտեանս պիտի թագաւորէ: Անոր թագաւորութիւնը անվախճան պիտի ըլլայ» (Ղկ 1.32-33)։ Քրիստոս «Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ» խօսքով անխտիր՝ համայն մարդկութեան, հրաւէր կը կարդայ, որ կ՛անդրանցնի ամէն տարածք եւ ժամանակ, յայտնաբերելով անոր տիեզերական եւ յաւերժական նկարագիրը։ Մարմնական, մտային, հոգեբանական, ընկերային եւ այլ բոլոր պատճառաբանութիւնները ո՛չ մէկ արդարացում կը գտնեն չընդառաջելու այս հրաւէրին եւ կը հալին աստուածային հրաբորբ սիրոյն մէջ։ Միակ ակնկալութիւնը՝ վայելելու այս սիրոյ կոչին անսահման բարիքները, Հաւատալն է, Հաւատա՛լ Աստուծոյ Միածին Որդիին։
«Անոր հաւատացողը չկորսուի» Երկնաւոր Վարդապետին յայտնութեան խտացեալ յայտարարութիւնը գերազանց է։ Ան, յայտնելէ ետք Աստուծոյ սէրը, կ՛ակնարկէ ճշմարտութեան մը, որմէ մարդկութիւնը գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, կամովին թէ ակամայ կը խուսափի։ «Անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» խօսքը կը պատգամէ անվիճելի ճշմարտութիւն մը՝ յաւիտենական կեանք ունենալ կամ կորսուիլ։
Իւրաքանչիւր անձ դէմ յանդիման կը գտնուի ո՛չ միայն երկրաւոր կեանքի, այլ յաւերժութեան ի խնդիր ընտրութիւն ընելու։ Բախտախաղի ընտրանք մը չէ սա՝ շահելու կամ վնասելու, այլ տոկուն յանձնառութիւն է քայլ առ քայլ քալելու Անոր հետ որ իջաւ երկինքէն, որպէսզի երկինք ելլենք, յաւիտենական կեանք ունեանք եւ փառաւորենք սիրող եւ նախախնամող Սուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։