ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 30 Յունուար)
Այսօր, մեր Տիրոջ Յիսուսս Քրիսստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան ութօրեայ տօնախմբութեան յաջորդող երրորդ Կիրակի օրուան Աւետարանի ընթերցումն է Յհ 6.39-47։ Մեր Տէրը կը յայտնէ Հօր Աստուծոյ կամքը, թէ «ամէն անոնք որոնք կը հաւատան Իրեն՝ Քրիստոսին, յաւիտենական կեանք կ՛ունենան»։ Օրուան կրօնական հեղինակութեան ներկայացուցիչները կը հակառակին, թէ ինչպէ՞ս Ան կը յանդգնի ունկնդիրները մոլորեցնել, զԱստուած իր Հայրը յայտարարելով եւ ինքզինք երկինքէն իջած հաց դաւանելով, երբ շատ լաւ գիտեն թէ ո՞վ է Ինք՝ Յովսէփի եւ Մարիամի որդին։ Յիսուս, առանց ուշադրութիւն դարձնելու անոնց անհիմն քրթմնջումներուն, կ՛ըսէ, թէ «ոեւէ մէկը չի կրնար ինծի գալ՝ եթէ զիս ղրկող Հայրը զայն ինծի չբերէ. եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը»։ Ապա՝ կնքելով իր խօսքը, կ՛ըսէ. «Ո՛չ ոք տեսած է Հայրը, բացի Անկէ՝ որ Աստուծմէ է, միայն Ան տեսած է Հայրը»։
Այս հատուածը խիստ կարեւոր է հասկնալու համար Հօր եւ Որդի Աստուծոյ յարաբերութիւնը. ահա թէ ինչու կը կարօտինք Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեան՝ լաւագոյնս հասկնալու այս խօսակցութեան ընթացքը։ Այս առթիւ հետեւեալ մտածումները կը բաժնեմ։
ա) Աստուծոյ կամքը այս ընթերցումին սիրտը կը կազմէ։ Սուրբ Գրքի առաջնահերթ թեմաներէն մէկը Աստուծոյ կամքն է՝ մեղաւորին Իրեն դարձը եւ անոր վերահաստատումը իր սկզբնական փառքին մէջ։ Նախածնողաց անկումէն ի վեր Բարեգութ Տէրը երբե՛ք չդադրեցաւ հայրական իր կամքը յայտնել՝ Ընտրեալ Ժողովուրդին եւ կամ անհատներու, որպէսզի անդրադառնան իրենց ողբալի վիճակին որպէս հետեւանք Իրմէ հեռացման՝ «դարձէք այն Աստուծոյն որուն դէմ Իսրայէլի որդիները չարաչար ապստամբեցան» (Ես 31.6)։ «Դարձի՛ր, ո՛վ Իսրայէլ քու Տէր Աստուծոյդ, որովհետեւ քու անօրէնութեանցդ պատճառաւ գլորեցար» (Ովս 14.1)։
բ) Աստուծոյ դառնալու վարձքը անհունօրէն գերազանց է։ Ան կը դիմաւորէ ոեւէ մէկը որ կու գայ Իրեն. «Դարձէ՛ք Ինծի եւ Ես պիտի դառնամ ձեզի» (Զաք 1.3), Ան միշտ պատրաստ է ներելու՝ «թող ամբարիշտը իր ճամբայէն եւ անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի ու Տիրոջ դառնայ եւ Ան պիտի ողորմի անոր եւ առատապէս ներէ» (Եs 55.7)։ Ան պիտի բժշկէ անոնց ախտերը. «Դարձէ՛ք, ո՛վ անհաւատարիմ որդիներ, եւ ես պիտի բուժեմ ձեր անհաւատարմութիւնը»(Եր 3.22)։
գ) Նոր Կտակարանին մէջ վարձատրութեան հոյակապ օրինակներ կը գտնենք, ուղղուած բոլոր անոնց, որոնք կը դառնան Աստուծոյ։ Այսպէս՝ անառակ որդին (Ղկ 15.21-24), մաքսաւորը (Ղկ 19.1-10), պոռնիկ կինը (Յհ 8.1-11), աւազակը (Ղկ 23.40-43) եւ ուրիշներ։ Արդարեւ, Աստուած մեզ կ՛ընդունի եւ մեր ակնկալածէն աւելիով մեզ կը շնորհազարդէ, ինչպէս Եսայի մարգարէն կ՛ըսէ․ «Հիմա եկէ՛ք, եւ խօսակցինք կ՛ըսէ Տէրը․ Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան․ եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, բուրդի նման սպիտակ պիտի ըլլան» (Ես 1.18)։
դ) Այսօրուան Աւետարանի խոստումին առանձնայատկութիւնը ա՛յն է, թէ Աստուծոյ կամքը միայն այս աշխարհի մէջ ներել եւ անկեալները վերահաստատել չէ, այլ պարգեւել յաւիտենական կեանք, որ է բոլոր երջանկութեանց կատարելութիւնը, նաեւ երկնային Զօրքերու երանական վայելքը, որոնք ստեղծագործութեան սկիզբէն ի վեր անդադար կը փառաբանեն ամենայն բարեաց Տուիչը։
ե) Քրիստոսի խօսքերուն հակառակող կրօնաւորներու հաստատումը, թէ Յիսուս Յովսէփի ու Մարիամի որդին է, լաւագոյն վկայութիւնն է, թէ իրենք կը ճանչնան զինք իր մանկութենէն մինչեւ երիտասարդութիւնը։ Լա՛ւ պէտք է գիտնանք, որ առաջին դարու ընկերութեան մէջ որեւէ անհատ մաս կը կազմէր համայնքի ընտանիքին։ Որեւէ բացակայութիւն կամ զարտուղի ընթացք աննկատ չէր մնար հաւաքականութեան ուշադրութենէն։ Ուստի, հրեայ կրօնաւորները թէեւ չէին կրնար ըմբռնել այս իւրայատուկ Ուսուցիչին գիտութեան եւ ուսուցման աղբիւրը, սակայն կռահելով որ գէթ տեղեակ են Անոր պատկանելիութեան, ըստ այնմ մարտահրաւէր կը կարդային Աստուծոյ հետ Անոր ունեցած յարաբերութեան։ Այս կէտը ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեմ, նկատի ունենալով անոնք, որոնք ենթադրաբար կը կարծեն, թէ Յիսուս այլ երկիրներ մեկնած էր իր գերբնական ոյժը իւրացուցած ըլլալու համար։
զ) Քրիստոս նուազագոյն առիթը չկորսնցուց յայտարարելու, թէ Իր հեղինակութեան աղբիւրը Հայր Աստուածն է, որ Զինք աշխարհ ղրկած էր Փրկագործութեան անկարելի առաքելութիւնը իրագործելու համար։ Ինչպէս Ինք սորվեցուց իր աշակերտներուն, թէ՝ «երբ կը կատարէք ինչ որ հրամայուած է ձեզի, ըսէք. «Անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք» (Ղկ 17.10), նմանապէս Ան Ինքզինքին երբե՛ք վարկ չտուաւ, այլ իր ունկնդիրներու հայեացքը ուղղեց Հօր Աստուծոյ, Իր Առաքիչին վերագրելով ամէն պատիւ։
է) Եզրափակիչ խօսքը այս հատուածին շատ ուշագրաւ է. «Ո՛չ ոք տեսած է Հայրը, բացի Անկէ՝ որ Աստուծմէ է, միայն Ան տեսած է Հայրը»։ Անցեալ Կիրակի օրուան Աւետարանին մէջ նմանօրինակ յայտարարութեան մը ականջալուր եղած էինք. «Ո՛չ ոք երկինք ելաւ՝ բացի Մարդու Որդիէն, որ երկինքէն իջաւ, եւ որ երկինքի մէջ է» (Յհ 3.13։ Ներկայ խօսքին պատգամը շատ աւելի հզօր է, որովհետեւ կը յայտնաբերէ Հօր եւ Որդի Աստուծոյ յարաբերութեան միեղինութիւնն ու անխզելիութիւնը, եւ թափանցիկ կը դարձընէ Աստուծոյ կամքը, որ գերագոյն մակարդակի վրայ մեզի յայտնուեցաւ Միածինով, եւ դուռը բացաւ անհաւատալի եւ աներեւակայելի օրհնութեան, թէ մենք որ եղբայրներն ու քոյրերն ենք Մարմնացեալին ու Մարդացեալին, մենք եւս հրաւիրուած ու առանձնաշնորհուած ենք տեսնելու Աստուած իր փառքով։
Այս խոստումով գօտեպնդուած, մենք որ մարդկային տկարութեանց պատճառաւ շեղած ու հեռացած ենք Աստուծոյ կամքէն, վերադառնանք Իրեն սրտաբեկ աղաչանքով, եւ երախտագիտութեամբ մեր կեանքին մէջ ընդունելով Ներողամիտ Հայրը, ցնծութեամբ գործադրենք Անոր կամքը, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։