Featured, Առաջնորդարանէն

«ՀԱՅ ՄԻՏՔԸ ԴԱՐԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ»՝ ՆՈՐ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ ՄԷՆՀԷԹԸՆՎԻԼ ԳՈԼԷՃԻ ՄԷՋ

Փրոֆ. Շըպան Նաշ-Մարշըլ

Մէնհէթընվիլ գոլէճի (Հառիսըն, Նիւ Եորք նահանգ) փիլիսոփայութեան բաժանմունքը նոր դասընթացք մը հաստատած է՝ «Հայ միտքը դարերու ընթացքին» խորագրով։ Փիլիսոփայութեան բաժանմունքի ամպիոնի նպատակն է հայ մտքի արտադրութիւնները ընդգրկել գոլէճի ընդհանուր փիլիսոփայական ծրագրին մէջ, կարեւոր նկատելով, որ հայութեան ձայնը յիշուի ու լսուի։ «Պղատոնը մեզի կը յիշեցնէ այս փաստը», ըսաւ փրոֆ. Շըպան Նաշ-Մարշըլ, որ քրիստոնէական փիլիսոփայութեան ամպիոնի վարիչն է։ «“Հանրապետութիւն”ի վերջին գիրքին մէջ, եւ արդարութեան իր սահմանումի կարեւոր մէկ պահուն, ան կը վերապատմէ “Էր հայու առասպելը”։ Փիլիսոփայական բաժանմունք մը չի կրնար անմիջապէս մեծարել Պղատոնը եւ չճանչնալ հայկական ձայնը»։

2021-22 ուսումնական տարեշրջանի գարնան վեցամսեային սկսած դասընթացքին արձանագրուած են 18 ուսանողներ։ Դասընթացքը նոր մօտեցում մը ունի։ Սկսած է յետեղեռնեան հայ գրականութեան ներկայացումով եւ յետադարձ հայեացքով պիտի երթայ դէպի մեր գրականութեան արմատները՝ հայ մտքի ոսկեդարուն, վերլուծելով Դաւիթ Անյաղթի, Գրիգոր Նարեկացիի, Ներսէս Շնորհալիիի եւ Ներսէս Լամբրոնացիի գործերը։