Առաջնորդարանէն

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ 100.000 ՏՈԼԱՐԻ ԿՏԱԿ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ

Էտիլ Մանուէլեանի

Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանը (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս)՝ Նիւ Ինկլընտի շրջանի միակը, ստացած է 100.000 տոլարի նուիրատուութիւն մը Էտիլ Մանուէլեանի կտակէն։

«Մեր մայրը մեծապէս երախտապարտ էր դպրոցի խաղացած դերին համար՝ թէ՛ հայ համայնքի եւ թէ՛ աշակերտներու կեանքին մէջ», ըսաւ տիկ. Մանուէլեանի որդին՝ Մէթիու Տէր Մանուէլեան։ «Այդ երախտապարտութիւնը կը տարածուի դպրոցի ղեկավարին, հոգաբարձութեան, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն, իրենց ծնողներուն, ինչպէս եւ դպրոցի աջակիցներուն վրայ»։

«Մեծապէս կը գնահատենք Էտիլ Մանուէլեանի ցանկութիւնը՝ հայեցի դաստիարակութիւնը յաւերժացնելու իր կտակով», ըսաւ դպրոցի տնօրէնուհին՝ տիկ. Հուրի Պոյամեան։ «Անոր ազնուահոգի նուիրատուութիւնը ներդրում մըն է մեր բոլոր աշակերտներուն երկլեզու եւ երկմշակութային գերազանց կրթութիւն մատուցելու մեր առաքելութեան մէջ»։

Դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Մայքլ Կիւզէլեան, արձագանգեց այս խօսքերուն, շնորհակալութիւն յայտնելով Տէր Մանուէլեան ընտանիքին՝ դպրոցի հոգաբարձութեան եւ ամբողջ համայնքի անունով։ Այս առթիւ, յուշատախտակ մը պիտի զետեղուի դպրոցին մէջ։  

Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանը, որ հիմնուած է 1984ին, կրթութիւն կը ջամբէ նախամանկապարտէզէն մինչեւ 5րդ դասարան ունի եւ վարկաւորուած է Նիւ Ինկլընտի Անկախ Դպրոցներու Ընկերակցութեան կողմէ։