«Ե՛Ս ԵՄ, ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՔ»
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 6 Փետրուար)
Այսօր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնի ութօրեակին յաջորդող չորրորդ Կիրակին, Աւետարանի մեր ընթերցումն է Յհ 6.15-21։ Աւետարանիչը կը յայտնէ, թէ երբ ժողովուրդը կ՛ուզէ բռնութեամբ թագաւոր ընել Քրիստոս, Ան կը հեռանայ եւ լեռ կը բարձրանայ առանձինն։ Երեկոյեան, Աշակերտները նաւ առնելով Կափառնայում կ՛ուղղուին։ Հազիւ վեց քիլոմեթր նաւարկած, զօրաւոր փոթորիկ մը կ՛ալեկոծէ լիճը։ Մութին մէջ, Աշակերտները կը նկատեն, որ լուսեղէն կերպարանքով անձ մը ջուրին վրայէն քալելով դէպի իրենց կու գայ։ Անոնք կը սարսափին։ Իսկոյն կը լսեն Յիսուսոի ձայմը. «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ Երբ կը փորձեն զինք նաւուն մէջ առնել, արդէն ցամաք կը հասնին։
Սքանչելի հատուած մը, ուր կը հանդիպինք բնութեան ոյժերու եւ ներքին յոյզերու փոթորկումի զուգահեռ փորձառութեան մը, որմէ կրնայ իւրաքանչիւր հաւատացեալ օգտուիլ։ Այս առթիւ հետեւեալ մտածումները կը բաժնեմ։
ա. Այս պատումին առաջին բաժինը տեղի կ՛ունենայ հինգ հազարի կերակրման հրաշքէն անմիջապէս ետք։ Ինչ որ հասկնալի կը դարձնէ, թէ ինչու ժողովուրդը նման բնական ցանկութիւն մը կ՛ունենայ։ Եթէ մէկը անապատի մէջ կրնայ կերակրել հոծ բազմութիւն մը, հետեւաբար արժանի է թագաւոր դառնալու, որովհետեւ կրնայ ապահովել ո՛չ միայն ընտանիքի մը, համայնքի մը, այլ ազգի մը կեցութեան եւ բարօրութեան էական տարրերը։ Ոեւէ մէկը ուրախութեամբ պիտի դիմաւորէր նման որոշում մը, բայց ո՛չ արտասովոր այս Հրաշագործը, որուն միակ սեւեռակէտը հիմնական փոփոխութիւն բերել էր մարդկութեան, եւ ո՛չ թէ փառք՝ իր անձին համար։
բ․ Մեր Տէրը, անդրադառնալով որ ժողովուրդին միակամ թուացող այս բարի որոշումը խորքին մէջ մեծ փորձութիւն էր Զինք շեղեցնելու Փրկագործութեան սրբազան առաքելութենէն, կը խուսափի եւ լեռ կ՛առանձնանայ։ Փորձառական սքանչելի երկու դասեր կը քաղենք այս վերաբերումէն։
- Մեր կեանքին մէջ կրնանք շլացուցիչ առաջարկներով ողողուիլ։ Ի՞նչ կ՛ըլլայ մեր պատասխանը։ Առակաց գիրքին մէջ կը կարդանք․ «Ճամբայ կայ որ սկիզբը շիտակ կ՛երեւի, բայց աւարտը մահուան ուղին է» (Առ 16.25)։ Առինքնող առաջարկներ կրնան կեանքի մէջ հազուագիւտ առիթ թուալ, օրհնութիւն մը՝ կարճ հանգրուանի համար, բայց երկար ժամանակի վրայ տարածուած, կրնան մեծամեծ զոհողութիւններ պահանջել՝ հրաժարելու այնպիսի արժէքներէ, որոնք կը կազմեն մեր կեանքի առանցքը։ Յանձնուի՞լ թէ ոչ նման պատեհութեանց, այս է իսկական մարտահրաւէրը, որ բոլոր մարզերու մէջ գտնուող անձերու կրնայ պատահիլ։ Որպէսզի ճիշդ ընտրութիւն ընենք, պէտք է հետեւինք Անոր որ նոյն ուղիով ընթացած է գիտակցաբար եւ արիաբար։
- Լեռ առանձնանալով, Քրիստոս մեզի կը սորվեցնէ հետեւեալը։ Մեր կեանքի գերագոյն նպատակը որպէսզի չկորսնցնենք աշխարհիկ խճաքարերու համազօր արժէքներու մէջ, պարտինք դիմել մեր ինքնութեան Աղբիւրին՝ Աստուծոյ։ Ծրագրի մը յաջողութեան համար, բոլորիս բնական երեւոյթ է խորհրդակցիլ բարեկամներու կամ արհեստավարժերու հետ։ Արդեօք պատշաճ չէ՞ նոյնը ընել նաեւ մեր երկնաւոր Հօր հետ։ Ծննդոց գրքին մէջ կը կարդանք, թէ Մովսէս երբ Հանդիպման Վրանը կը մտնէր, Ամենակալ Տէրը Մովսէսին հետ կը խօսէր դէմ առ դէմ, ինչպէս մէկը կը խօսի բարեկամի մը (Ծնն 33.8-11)։ Քրիստոս Իր անձնական օրինակով սորվեցուց մեզի, թէ որեւէ փոքր կամ մեծ որոշում առնելէ առաջ պէտք է հեռանանք մեր անմիջական շրջապատէն, առանձնանանք մեր հոգիի լեռը, որպէսզի հոն՝ Հանդիպման Վրանին մէջ, վայելենք աստուածային Իմաստութիւնը եւ առնենք բախտորոշ քայլը։
գ․ Աւետարաններուն մէջ, այս նիւթին առնչութեամբ որոշ տարբերութիւններով նմանօրինակ երկու պարագաներ կը գտնենք, այսօրուան ընթերցումը եւ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ 14.22-32։ Հասարակաց հիմնական կէտը երկուքին մէջ այն է, թէ Քրիստոս փոթորիկի բռնուած Աշակերտներուն փոթորկած սիրտը կը խաղաղեցնէ, ըսելով՝ «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ Ինչպէս որ լոյսին մէջ խաւար գոյութիւն չունի, նմանապէս Աստուած խաղաղութիւն է։ Ան որ Աստուծոյ հետ է, կ՛ապրի խաղաղութեան մէջ։ Աւետարանիչը կ՛ըսէ. «Խաւարը չկրցաւ հասկնալ Զայն» (Յհ 1.5)։ Նմանապէս, ան որ Աստուծոյ հետ կը քալէ, զերծ է երկիւղէ։
դ․ Քրիստոս Ինքզինք ճանչցնելով «Ե՛ս եմ» խօսքով, հզօրագոյն պատգամը փոխանցեց, զոր դարեր առաջ Մովսէս լսած էր եւ ճանչցած զԱստուած, երբ այրող մորենիին դիմաց կը գտնուէր։ Ամենակալ Աստուծոյ գերագոյն յատկանիշը, որ զինք կը զատորոշէ հեթանոսական բոլոր աստուածներէն, այն է, թէ Ան Կենդանի Աստուած է՝ Աղբիւրը կեանքին եւ Արարչագործութեան։ Իր ահեղ ու փառապանծ ներկայութեան Երկնայիններն ու հողեղէնները կ՛ըմբոշխնեն յաւերժական գերագոյն վայելքը Կեանքի, Երջանկութեան, Գեղեցկութեան եւ բոլոր օրհնութեանց, որոնք կ՛անդրանցնին մարդկային ամէն հասկացողութիւն (Փիլ 4.7)։
ե․ Ճիշդ է, որ որեւէ հրաշք արձանագրուած չէ այսօրուան ընթերցումին մէջ, ինչպիսին է Մատթէոսի Աւետարանին մէջ, աւելին՝ նաւը շուտով կը հասնի ցամաք, այնուամենայնիւ դրական երկու խոհեր կը գտնենք մեր հոգեւոր աճման համար։
- Երկնաւոր Վարդապետին ձայնը ակնթարթային դրական ազդեցութիւն ունեցաւ։ Նիւթական հրաշքի բացակայութեան մեծագոյն հրաշքը այն է, թէ Առաքեալները երբ կը գիտնան որ Տէրը իրենց հետ է, խաղաղութիւն կը տիրէ իրենց մէջ եւ ապահով կը զգան։ Ինչպէս մանուկներ վտանգի պահուն աւելի ապահով կը զգան երբ իրենց ծնողաց հետ են, կամ պատերազմի դաշտին վրայ ահեղ մարտի ընթացքին զինուորներ կը գօտեպնդուին եւ կը շարունակեն մարտը երբ լսեն իրենց հրամանատարին խրախուսիչ խօսքերը, նմանապէս Աշակերտներուն վախը կը փոխարինուի ապահովութեան հաստատ զգացումով։
- Նաւը շուտով ցամաք հասաւ նկարագրականը հոյակապ պատգամ մը կը բերէ բոլորիս, թէ մեր Փրկչին Քրիստոսի հետ, կեանքի իւրաքանչիւր փոթորիկ դիմագրաւելով, մենք խաղաղութեամբ նաւահանգիստ կը հասնինք եւ կ՛ողջունենք կեանքը։
Ուստի, մեր աղաչանքները ամենայն խոնարհութեամբ շարականագիր վարդապետին հետ ներկայացնելով Աստուծոյ, ըսենք.
«Կեանքիս ծովը միշտ կ՛ալեկոծէ զիս,
Թշնամին մրրկեալ ալիքներ կը բարձրացնէ իմ դէմ,
Բարի նաւապետ, իմ ապաւէնս եղիր»։
Աստուածաշունչէն եւ Հայ հաւատքի ընդերքէն բխած այսօրուան պատգամով, ամէնքս ալ սորված ըլլալով որ մեր կեանքի խորհրդանիշ է ծովը՝ իր մեղմագին զեփիւռներով, բայց շատ յաճախ մահասփիւռ փոթորկալից ալիքներով, եկէ՛ք, միասնաբար դիմաւորենք «ԵՍ ԵՄ»ը, որ «մօտիկ Աստուած է բոլորիս եւ ո՛չ հեռաւոր», ինչպէս կ՛ըսէ Երեմիա մարգարէն (Եր 23.23), եւ պատրաստ է միշտ գալու եւ օգնելու մեզի, որպէսզի կեանքի մեր նաւակը ուղղէ՝ խաղաղ նաւահանգիստ հասնելու եւ կեանքը ողջունելու, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։