ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԻ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Երկուշաբթի, 7 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7:30էն մինչեւ 9:00, 25 ուսուցիչներ եւ տնօրէններ մասնակցեցան կիրակնօրեայ դպրոցներու վերապատրաստութեան առցանց ծրագրի հինգերորդ դասախօսութեան։ Ծրագիրը կազմակերպուած է Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ։ Բացման աղօթքը կատարեց Թեմիս Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։
«Նիկիական հանգանակը» նիւթը ներկայացուց տիկ. Նայիրի Պալճեան, որ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս) կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնուհին է։ Դասախօսը նախ անդրադարձաւ առաջին երկու Տիեզերական Ժողովներուն (Նիկիա՝ 325, եւ Կ. Պոլիս՝ 381), ուր Նիկիոյ հանգանակը բանաձեւուած է։ Այնուհետեւ, բացատրեց հանգանակի կառոյցը, նշելով հայերէն բնագրի առանձնայատկութիւնները։ Իր եզրակացութեան մէջ, ան թելադրեց զանազան ձեւեր, զորս կիրակնօրեայ դպրոցներու տարբեր դասարաններու ուսուցիչներ կրնան գործածել՝ հանգանակի մասին դասաւանդելու համար։
Յաջորդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7 Մարտին։ Տիկ. Նուէր Օրանճեան-Պապաճանեան պիտի շարունակէ մանկավարժական կարողութիւններու վերաբերեալ իր շարքը։