Առաջնորդարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 9 Փետրուարին, Արեւելեան Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, առցանց կապ հաստատեց Ստեփանակերտի Անթոնիա Արսլան հայ-իտալական կրթահամալիրի տնօրէնութեան եւ «Քրիստոնեաները կարիքի մէջ» (Christians in Need, CINF) հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ազգային Առաջնորդարանը ուրախութեամբ ստանձնած էր արդիական սարքաւորումը համալիրի խոհանոցին։ Վերջերս վերանորոգուած համալիրը կ՚ընդգրկէ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի աւարտական դասարանը, ինչպէս նաեւ արհեստից վարժարան, գործակցութեամբ Իտալիայէն հրաւիրուած դասախօսներու։ Համալիրի վերանորոգումը իրագործուած է «Քրիստոնեաները կարիքի մէջ» հիմնադրամի ամբողջական օժանդակութեամբ։

Ժողովին մասնակցեցան «Քրիստոնեաները կարիքի մէջ» կազմակերպութեան հիմնադիրը՝ փրոֆ. Շըպան Նաշ-Մարշալ, նախագահը՝ տիկ. Ռիթա Մահտեսեան, կրթահամալիրի հոգաբարձութեան պատուոյ անդամ՝ Արցախի առաջին տիկին Քրիստինա Յարութիւնեան, կրթահամալիրի տնօրէնուհին՝ տիկ. Տաթեւիկ Զաքարեան, Արցախի նախագահի խորհրդատու եւ նախկին Կրթութաեն նախարար՝ Լուսինէ Ղարախանեան, եւ ուրիշներ։

Սրբազան Հայրը, յանուն Ազգ. Առաջնորդարանի Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն, ողջունեց յուսադրիչ այս ծրագիրը, որուն անմիջական օժանդակութիւն բերելու պատեհ առիթը կ՚ընծայուի Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքին, եւ յայտնեց, թէ գործակցութեան ոգիով նորանոր ծրագիրներ պիտի իրագործուին Արցախէն ներս։ Առաջնորդ Սրբազանը յարատեւութիւն մաղթեց հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանին, պետական կառոյցին, բանակին եւ համայն ժողովուրդին, մեր արդար պայքարին մէջ, հաւաստիացնելով որ աշխարհացրիւ հայութեան միասնակամութիւնը կը մնայ անյողդողդ, ի խնդիր մեր ազգի երազներու իրականացման եւ ի փառս Աստուծոյ։

Ինչպէս մեր ընթերցողներուն արդէն ծանօթ է, Ազգային Առաջնորդարան տարեկիսզբէն սկսած է արցախաբնակ նահատակ մարտիկներու զաւակներու հովանաւորութիւնը, որ մաս կը կազմէ Արցախի հետ կապուած մեր նոր ծրագիրներուն։