Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան ծառայութեան առաքուեցաւ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմ։ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու որոշումով, Հայր Սուրբը Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլենվիու, Իլինոյ) հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ։
Այս Կիրակի, 20 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, գաղութին պիտի ներկայացնէ նորանշանակ հոգեւոր հովիւը եւ այս առթիւ Հայր Սուրբը հովուական իր անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ։
Գերապատիւ Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, աւազանի անունով՝ Սերժ, ծնած է Հալէպ, 29 Յունիս, 1990ին: Նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ապա 2003-2004 տարեշրջանին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք: 2011 Յունիսին աւարտելով Դպրեվանքի ութամեայ ուսման ծրագիրը, ստանձնած է Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետի օգնականի պաշտօնը, միաժամանակ եկեղեցական երաժշտութիւն դասաւանդելով Դպրեվանքէն ներս: 2012ի ամրան նշանակուած է Դպրեվանքի հսկիչ: 2012-2013 տարեշրջանի աւարտին մեկնած է Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ, Fuller Theological Seminaryն ուսանելու եւ Թեմէն ներս ծառայելու որպէս այցելու հոգեւորական եւ քարոզիչ: 2015ի Յուլիսին ստացած է Վարդապետական գաւազանի աստիճանը:
2015ին, Հայր Սուրբը, աւարտելէ ետք ուսման ընթացքը եւ ստանալէ ետք մագիստրոսական վկայականը (Master of Arts in Theology, emphasis in Biblical Studies), վերադարձած է Կաթողիկոսարան՝ ստանձնելով Դպրեվանքի փոխ-տեսուչի պաշտօնը, միաժամանակ դասաւանդելով սուրբգրային յունարէն ու եբրայերէն, եւ կրօնից պատմութիւն: 2016-2020ին վարած է Դպրեվանքի տեսչութեան պաշտօնը, նշանակուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի ատենադպիր, նաեւ դասաւանդած է կրօն եւ մատենագրութիւն Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան գոլէճէն եւ Միացեալ վարժարանէն ներս:
Միջ-եկեղեցական դաշտէն ներս, Հայր Պօղոս նշանակուած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Կաթոլիկ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Լիբանանի Սուրբ Գրոց Ընկերութեան (Bible Society of Lebanon and Syria) վարչութեան մէջ:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Հայր Սուրբին՝ ծառայական նոր անդաստանէն ներս, ի բարգաւաճում պատկան ծուխին, ի պայծառութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի փառս Աստուծոյ։
Թեմիս Կրօնական Ժողովը բարձրօրէն կը գնահատէ Արժ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանը, որ անցնող վեց ամիսներուն ձեռնհասօրէն վարեց Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ հովուութեան պաշտօնը, մատակարարելով ծուխին հոգեմտաւոր կարիքները։