ԼԻՆԵԼ ԹԷ ՉԼԻՆԵԼ՝ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՈՒ ՏԱՐԱԾՔԻ ՍԱՀՄԱՆԷՆ ԱՆԴԻՆ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 13 Փետրուար)
Այսօր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնի ութօրեակին յաջորդող հինգերորդ Կիրակին Աւետարանի ընթերցումը նշանակուած է Յհ 6.22-38։ Յիսուս հինգ հազարի կերակրման հրաշքէն եւ նոյն գիշերը Կափառնայումի ծովու ջուրերուն վրայէն քալելով՝ փոթորիկի բռնուած աշակերտներուն միանալէն ետք, յաջորդ օր ծովու միւս ափին ինքզինք շրջապատուած կը գտնէ անապատին մէջ կերակրուած ժողովուրդով, որուն զարմանքը բազմապատկուած էր, չկարենալով հասկնալ, թէ ինչպէս Քրիստոս հոն հասած էր, երբ գիտէին որ Աշակերտները առանձին նաւ առած էին։ Մեր Տէրը անոնց հարցումին պատասխանելով, կ՛ըսէ․ «Վստահաբար դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ որովհետեւ հրաշքներ տեսաք, այլ որովհետեւ այդ հացէն կերաք եւ կշտացաք: Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ»։ Եզրակացնելով իր խօսքը, Ան կ՛ըսէ․ «Ե՛ս եմ կեանքի հացը»։
Այս ընթերցումէն մեկնելով, կ՛ուզեմ անդրադառնալ Քրիստոսի հետեւող զինուորի մը կեանքին, որ սնած ըլլալով Կեանքի Հաց՝ Քրիստոսով, փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, հետապնդած էր ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ։ Այդ անձը Սուրբ Սարգիս Զօրավարն էր, որուն յիշատակը երէկ Հայ Եկեղեցին տօնախմբեց։
Սուրբ Սարգիս չորրորդ դարուն ապրած եւ բարձրօրէն գնահատուած հրամանատար մըն էր Կոստանդիանոս կայսեր եւ իր զինակիցներուն կողմէ։ Դժբախտաբար, Յուլիանոս ուրացողի հալածանքներուն պատճառաւ, իր զաւկին՝ Մարտիրոսին հետ ան կ՛ապաստանի նախ՝ Հայաստան եւ ապա Պարսկաստան, ուր կ՛արժանանայ Շապուհ արքայից արքայի հիացմունքին՝ բարբարոսներու դէմ յաջորդական յաղթանակներ ապահովելով պարսից բանակին։ Իր համբաւին զուգահեռ, շուտով նախանձ, ատելութիւն եւ ամբաստանութիւն ծայր կ՛առնեն արքունիքէն ներս, որուն հետեւանքով կը հրաւիրուի ուրանալ իր հաւատքը։ Սարգիս Զօրավար քաջ գիտէր որ հնազանդութիւնը առաջնահերթ պայման էր զինուորականի կեանքին մէջ՝ նորագիր զինուորէն մինչեւ բարձրագոյն հրամանատարը։ Հետեւաբար, իր գերագոյն որոշումը կ՛առնէ՝ հնազանդ մնալ տէրերու Տէր եւ թագաւորներու Թագաւոր՝ Քրիստոսին։ Հետեւանքը՝ մահուան կը դատապարտուի իր զաւկին Մարտիրոսին եւ 14 զինուորներու հետ։
Քրիստոսի անձնուէր զինուորին եւ իր հաւատարիմ զինակիցներուն զոհաբերման ոգիէն ներշնչուած, հետեւեալ մտածումները կը բաժնեմ հետդ, սիրելի ընթերցող։
ա․ Քրիստոնէական կրօնի պատմութիւնը գրուած է բոլոր այն վկաներու արիւնով ու կեանքով, որոնք խոստովանած են մէկ Տէր, մէկ Փրկիչ՝ Յիսուս Քրիստոսը, Աստուծոյ Միածին Որդին, որ ինքզինք ընծայաբերեց Խաչին վրայ մարդկութեան փրկութեան համար։ Այս խոստովանութիւնը եղած է արեան նման կենսատու իրենց մարմնական, մտային ու հոգեւոր գոյութեան։ Իրենց կեանքը ամբողջութեամբ անով իմաստաւորուած է եւ ցոլացած է իրենց մտածումներուն, խօսքերուն ու գործերուն, ինչպէս նաեւ արտայայտութեանց, վերաբերմունքին ու յարաբերութեանց ընդմէջէն։
բ․Սուրբերը բացարձակապէս իրենք զիրենք ո՛չ գերմարդ եւ ո՛չ ալ եթերային երեւակայական արարած նկատած են, այլ՝ Աստուծոյ Շնորհքի անսահման բարիքներով առանձնաշնորհուածներ, ինչպէս երկնաւոր Վարդապետը ուսուցած էր՝ «մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ Հոգիէն ծնածը՝ հոգի» (Յհ 3.6)։ Ուստի, սուրբերը որքան որ հարազատ զաւակներ են հողէն ստեղծուած եւ կ՛ապրին այս աշխարհին մէջ, այսուհանդերձ, վերստին ծնած են Սուրբ Հոգիէն եւ այս աշխարհին չեն պատկանիր (Յհ 17.11,14)։
գ․ Նահատակներու եւ առհասարակ բոլոր սուրբերու խոստովանութեան յաջորդած է վստահութեան եւ յոյսի անվեհեր յանձնառութիւն՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Խոստումին, զայն նկատելով նոյնքան կենդանի ու տոկուն իրականութիւն, որքան նիւթական աշխարհը։ Ուստի, անոնք իրենց կեանքր յանձնած են երկնաւոր Հօր, նման Խաչին վրայ՝ Գառն Աստուծոյին, որ ըսաւ․ «Հայր, ձեռքերուդ մէջ կ՛աւանդեմ հոգիս» (Ղկ 23.46)։ Պօղոս Առաքեալի խօսքով անոնք ըսին. «Ո՛չ մահը եւ ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ չար ոգիներու իշխանութիւնները, ո՛չ ներկան եւ ո՛չ գալիքը, ո՛չ ալ ոեւէ զօրութիւն, ո՛չ վերին եւ ո՛չ ալ ներքին աշխարհները, ո՛չ ալ ուրիշ ստեղծագործութիւն մը կրնայ մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն»։
դ․ Սուրբ Սարգիս իր ասպարէզին բերումով որպէս զինուորական, ո՛չ միայն մէկ անգամ դիմագրաւած էր մահը, այլ բազմիցս մահուան մարտահրաւէրին յաղթած էր Բարձրեալ Աստուծոյ զօրութամբ, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ․ «Ամէն ինչ կրնամ տանիլ շնորհիւ Քրիստոսի, որ զիս զօրացուց» (4.13): Ոեւէ անձի ինքնասիրութիւնը շոյող փառքն ու պատիւր երբե՛ք չէին կրցած զինք հեռացնել երկնաւոր Տէրէն։ Անոր մէջ տեսած ու գտած էր ճշմարիտ Հրամանատարը, որ մահուան զօրութիւնը ճզմելով, Իրեն հաւատացողներն ու հետեւորդները կ՛առաջնորդէ կեանքէ Կեանք։
ե․ Սուրբ Սարգիս որպէս ճշմարիտ աշակերտ մեր Տիրոջ պատգամին, թէ «կայսեր տուէք ինչ որ կայսեր կը պատկանի, եւ Աստուծոյ՝ ինչ որ կը պատկանի Աստուծոյ» (Մտ 22.21), հաւատարիմ եղած էր իր երկրաւոր տէրերուն, եւ ոչի՛նչ զլացած էր այնքան ատեն որ անոնց պահանջքները երկրաւորի սահմաններուն մէջ էին։ Բայց երբ անոնք պահանջած էին Աստուծոյ բաժինը եւս իւրացնել, Սուրբը՝ առանց վարանումի, արիաբար յայտարարած էր որ Տիրոջ հանդէպ իր հաւատարմութիւնը բացարձակապէս աճուրդի չէր կրնար դրուիլ։
զ․ Իր եւ զաւկին կեանքերուն դէմ ուղղուած սպառնալիքը անկարող կը դառնայ Քրիստոսի ժայռին վրայ հաստատուած հաւատքը ոչնչացնել։ Սուրբին համար «ապրիլը Քրիստոս էր եւ մեռնիլը՝ շահ» (Փիլ 1.21)։ Կեանքի մեծագոյն հարցերէն մին՝ «Լինել թէ չլինել», որ հողեղէններէս շատերուն ըմբռնումով սահմանափակուած է մեր երկրաւոր գոյութեամբ, Սուրբ Սարգիսին, ինչպէս նաեւ բոլոր սուրբերուն համար, էական հարց է, որ կ՛անդրանցնի ժամանակ եւ տարածք։ Այլ խօսքով՝ լինել կամ չլինել ո՛չ միայն ժամանակի ու տարածքի սահմաններուն մէջ, այլ ապրիլ յաւիտենապէս, կամ ոչ։ Ահա, ա՛յս էր հրատապ հարցը եւ ըստ այնմ ան կատարեց իր ընտրութիւնը։
է․ Արքայից արքային նենգամիտ փորձութիւնը շատ ազդու էր, երբ ան նախ զաւկին՝ Մարտիրոսին մահը կը վճռէր։ Ծնողքի մը համար չկայ աւելի ծանր տառապանք քան ականատես ըլլալ իր զաւկի չարչարանքներուն, աւելի՛ն ի՛նք ըլլալ մահուան պատճառը անոր։ Մարդկային մօտեցումով հաւանաբար անգութ, ո՛չ առողջ մտքի որոշում կը նկատուի սա։ Սակայն, երբ հոգեւոր հայեղողութեամբ մօտենանք այնքան զգայուն այս հարցին, Սուրբին նման մենք եւս պիտի վկայենք, որ ուրացումին ընդդիմանալով, իր զաւակին խնայեց հոգիի մահը, եւ փոխարէն՝ յաւիտենական կեանքին, փառքին եւ երջանկութեան արժանի ըրաւ զայն։
Երկնաւոր մեր ազգակիցներուն՝ Սուրբ Սարգիսին, իր զաւկին՝ Սուրբ Մարտիրոսին, 14 զինակիցներուն եւ բոլոր սուրբերուն բարեխօսութեամբ մե՛նք եւս բարի պատերազմը պատերազմինք (Բ Տիմ 4.7), հաւատարիմ մնալով Խաչեալ եւ Յարուցեալ մեր երկնաւոր Հրամանատարին, եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։