ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Կիրակի, 13 Փետրուարի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ նշուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն, մանուկներու տաճար ընծայում եւ աւանդական խարոյկի հրավառութիւն։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց իր Հայրապետական պատգամը։
Նորին Սրբութիւնը փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ այս տարի եւս հոգեպարար արարողութիւնը հաւաքաբար յիշատակելու առիթը ունեցանք։ Ան նշեց, որ աւանդութիւնները քրիստոնէութեան հաւատքը արտայայտող ամենէն ազդու երեւոյթներէն են։ Այնպէս ինչպէս ծնողները իրենց քառասնօրեայ մանուկները եկեղեցի կը բերեն՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալու համար, նոյնպէս բոլորս Տեառնընդառաջի տօնին եկեղեցի կու գանք մեր անձերը Աստուծոյ ընծայելու համար։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ հիմնական երեք միջավայրեր՝ եկեղեցի, ընտանիք եւ դպրոց, որոնք կոչուած են հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու աղբիւր հանդիսանալու եւ մեր զաւակները դաստիարակելու։
Խօսելով եկեղեցւոյ մասին, Վեհը ըսաւ, թէ Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան վերջալոյսին, իր աշակերտներուն տուաւ առաքելութեան պարտականութիւնը։ Առ այդ, Կաթողիկոսը ըսաւ, որ թէեւ փոքր մանուկներ լիովին չեն ըմբռներ եկեղեցւոյ արարողութիւնը, սակայն հոն կը տեսնեն ու կը սորվին մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքները։ «Ես կ՚ուրախանամ, երբ եկեղեցական արարողութեանց ընթացքին մանուկներու ձայները լսեմ։ Այդ դրական երեւոյթ է», ըսաւ, յորդորելով ծնողները, որ իրենց զաւակները կիրակնօրեայ դպրոց առաջնորդեն։
Ինչ կը վերաբերի ընտանիքին, Հայրապետը նշեց, որ ան փոքր եկեղեցի է, ինչպէս բնորոշած են մեր եկեղեցւոյ հայրերը, եւ սրբավայր, ուր պիտի կրթուին մեր մանուկները։ Նորին Սրբութիւնը մայրերուն յիշեցուց. «Սիրելի մայրեր, ձեր առաջին կոչումն է ձեր զաւակները հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով սնուցանել»։
Վերջապէս, անդրադառնալով հայ դպրոցին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ պետական ծրագիրին կողքին, դպրոցը կարեւորութիւն պէտք է տայ կրօնական ու բարոյական դաստիարակութեան, որպէսզի կրօնքի ու Ս. Գրոց դասապահերու եւ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ճամբով աշակերտները սորվին աստուածաշնչական արժէքները, սկզբունքներն ու ճշմարտութիւնները։ Ան թելադրեց ծնողներուն, որ իրենց զաւակները առաջնորդեն հայ դպրոց։ «Հայ դպրոցը մեզի համար, իր դաստիարակչական դերով, ընտանիքին եւ եկեղեցւոյ համապարփակ առաքելութեան մաս կը կազմէ։ Եւ ճիշդ ատոր համար, նայեցէք մեր կեանքին, հայ դպրոցը եկեղեցւոյ կողքին եղած է, որովհետեւ մեր եկեղեցին իր առաքելութեան անբաժան մասը նկատած է հայ դրպոցը», հաստատեց ան։
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամը փակեց աղօթելով, որ Աստուած Իր երկնային բարիքներով ու շնորհքներով ծաղկեցնէ մեր ժողովուրդին կեանքը ու Իր ներկայութեամբ առաջնորդէ մեր զաւակները դէպի կեանք մը, ուր երկնային արժէքներն ու ճշմարտութիւնները կը ճառագայթեն։
Հայրապետական պատգամէն ետք, ծնողները մօտեցան Ս. Խորան, ուր միաբան հայրերու կողմէ իրենց զաւակները ընծայեցին Աստուծոյ՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծնողքին օրինակով։ Ապա, աւանդութեան համաձայն, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Մայրավանքի շրջափակ, ուր Վեհափառ Հայրապետը Ս. Սեղանէն բերուած ճրագով վառեց Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը։ Դպրեվանեցիներ հոգեւոր ու ազգային երգեր երգեցին, իսկ հաւատացեալներ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմեր իրենց հետ տուն տարին իբրեւ օրհնութիւն։