ՀՕՄ-Ի ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, հրահանգած է բոլոր ծուխերուն նշել ՀՕՄ-ի յիշատակի օրը, այս Կիրակի, 27 Փետրուարին, հոգեհանգիստ կատարելով Հայ Օգնութեան Միութեան բոլոր մահացած անդամներուն եւ բարերարներուն յիշատակին։ Մասնաւորապէս պիտի յիշուին ՀՕՄ-ի հիմնադիրը՝ Մեծ Եղեռնի զոհերէն Է. Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան), սպանութեան 107րդ ամեակին առիթով, ինչպէս եւ հետեւեալ բարերարները՝ Ճորճ եւ Պէաթրիս Լազարեան, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան, Գարեգին եւ Վիրճինիա Սիրունեան, Սամուէլ եւ Ակնէս Երեմեան, Արաքսի Բրուտեան, Հայկանոյշ Կարապետեան, Տորիս Նորեան-Լենցի, Ալիս Նորեան, Արփքէս Քիլէրճեան, Յակոբ Ժագ եւ Փըրլ Մուրատեան, Ալիս Հայկազեան-Պըրմըն, Ճընեւիեւ Եկէշեան, Երուանդ եւ Հէլըն Թերզեան, Ալպերթ եւ Թագուհի Պէկեան, Կիրակոս Վաբորսիեան, Գուրգէն Ասատուրեան, Մարկրէթ Ասատուրեան եւ Քաթրին Թայեան։