(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 20 Փետրուար)
Այսօր՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան տօնի ութօրեակին յաջորդող վեցերորդ Կիրակիի Աւետարանի ընթերցումն է Յհ 7.37-52, ուր կը կարդանք հետեւեալը․
«Տօնին վերջին եւ հանդիսաւոր օրը, Յիսուս կ’ըսէր. – ՛Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ: Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ’ըսէ՝ «Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին։ Յիսուս ասիկա կ’ըսէր Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի ընդունէին»։
Արդարեւ, Հոգեգալուստի օրը, երբ Սուրբ Հոգին Առաքեալներուն վրայ հանգչեցաւ, Աստուծոյ կենդանի խօսքը գետի նման հոսեցաւ անոնց քարոզութեամբ եւ ոռոգեց Աստուծոյ սիրոյն եւ գիտութեան ծարաւի հոգիները։ Սուրբ Հոգին շարունակեց եւ կը շարունակէ շնորհազարդել բոլոր հաւատացեալներու սրտերը մինչեւ Քրիստոսի միւս անգամ գալուստը, երբ ներկայ արարչագործութեան ընթացքը պիտի փոխակերպուի եւ մտնէ իր յաւիտենական հունին մէջ։
Այսօրուան աւետարանական ընթերցումէն մեկնելով, հետեւեալ մտածումները կ՛ուզեմ բաժնել, անդրադառնալով Սուրբ Սահակ Պարթեւ հայրապետի կեանքին, որ որպէս օրհնեալ գետ ոռոգեց Հայ կեանքը դարեր շարունակ, եւ որուն յիշատակը Հայ Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց։
ա․ Սահակ Կաթողիկոս՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւռրիչ հայրապետի թոռան թոռը, ապրեցաւ Հայ ժողովուրդի ճակատագրական այն շրջանին, երբ Հայաստան բաժնուելով Պարսկաստանի ու Բիւզանդիոնի միջեւ (387), Արշակունեաց գահի փառքը սկսաւ թեքուիլ դէպի իր մայրամուտը, ի վերջոյ հասնելով փլուզումին (428)։ Երկու գերպետութիւններու քմահաճ քաղաքականութեանց միջեւ տարուբերող այս «փոքր ածու»ի հայրապետական Աթոռին կոչուելով, Սուրբ Սահակ ցուցաբերեց հոգեւոր իշխանաւորի, միաժամանակ քաղաքական կեանքի մէջ հասուն դերակատարի արժանիքները։
բ․ Աստուածային սիրոյ եւ իմաստութեան շնորհքով լեցուն, այս մեծ սուրբը խանդաղատանքով բաժնեկցելով Մեսրոպ Մաշտոցի մտահոգութիւնը, զօրավիգ կը կանգնի անոր՝ իրագործելու Հայոց Այբուբենի գիւտը, համոզուած ըլլալով որ հաւատացեալին համար քրիստոնէական հաւատքի լիիրաւ իւրացման բանալին Աստուծոյ խօսքի ծանօթացումն է իր հարազատ լեզուով։ Ճիշդ է, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչով Հայոց Քրիստոնէութեան դարձը պետական ճանաչման եւ զօրակցութեան վարկ ապահովեց, այնուամենայնիւ, Աստուածաշունչն ու ծիսական ամբողջ համակարգը ասորերէն կամ յունարէն լեզուներով մատուցուելով, ժողովուրդի սրտին անհաղորդ կը մնար։ Փորձեր կատարուած էին այդ բացը գոցելու՝ այլ այբուբեններու փոխառութեամբ, սակայն Հայ լեզուի ինքնորոյնութիւնը կարելի չէր «մուրացածոյ» տարրերով շպարել։ Ահա թէ ինչու հրամայական այս պահանջքին դիմաց սուրբը՝ սուրբին սրբազան առաքելութեան անվերապահ աջակցեցաւ։
գ․ Սուրբ Սահակ, որպէս իրապաշտ անձ մը, համոզուած ըլլալով հանդերձ որ մեծ գիւտերը պտուղն են աղօթքի, յանձնառութեան եւ ստեղծագործ մտքի, կը գիտակցէր, թէ նաեւ կը կարօտին նիւթականի։ Ահա թէ ինչու այս մեծ երազի իրագործման լծակից դարձնելով օրուան գահակալը՝ Վռամշապուհ արքան, ան կ՛ապահովէ արքունի գանձին օժանդակութիւնը։ Արդիւնքը գերազանց էր։ Աստուծոյ օրհնութեամբ հարազատ այբուբեն ունենալու առաքելութիւնը ամենայն յաջողութեամբ կը պսակուի։
դ․ Սահակ կաթողիկոս, անշահախնդիր սիրով օծուն, ինչպէս հայր մը անհուն խնդութեամբ կը հրճուի իր զաւկին յառաջխաղացքով, նմանապէս ինք եւս սրտագինս ողջունելով կրտսեր հոգեւոր եղբօր յաջողութիւնը, համազգային մակարդակով՝ արքայական ընտանիքով ու պալատականներով, զօրաբանակով ու ժողովուրդով կը դիմաւորէ ազգի խոնարհ հերոսին տուն դարձը։ Շարականագիր վարդապետը ճարտար գրիչով պատմական այս դէպքը անմահացնելով, Հայ տառերու գիւտը եւ անոնց քաղցրիկ տուն բերուիլը կը նմանցնէ Մովսէս մարգարէին Աստուծոյ կողմէ տասնաբանեան ստանալուն եւ իր ժողովուրդին մատուցելուն։
ե․ Սուրբ Սահակ, որպէս տեսլականի մարդ, լաւապէս գիտէր, որ ժողովուրդը դաստիարակելու եւ ինքնուրոյն գրականութիւն ստեղծելու լաւագոյն միջոցը խմբական աշխատանքն է։ Ըստ այնմ, ան ուսումնատենչ աշակերտներ կ՛ուղարկէ օրուան հանրածանօթ ուսման կեդրոնները՝ Աղեքսանդրիա, Աթէնք ու Կոստանդնուպոլիս։
զ․ Իմաստուն հայրապետը, աշակերտներու վերադարձին, իսկոյն զանոնք կը լծէ արդիւնաւէտ աշխատանքի՝ Սուրբ Գրքի ու Քրիստոնէական գրականութեան թարգմանութեան, եւ ըստ կարելւոյն Հայոց աշխարհի բոլոր անկիւնները դպրոցներ բանալով եւ ուսուցանելով Ոսկեղնիկը։ Այս գործընթացքը անշուշտ չսահմանափակուեցաւ իրենց կենդանութեան, այլ շարունակուեցաւ յաջորդ տասնամեակներուն ու դարերուն։
է․ Սուրբ Գրքի հմուտ հովուապետը, անձամբ ձեռնամուխ ըլլալով թարգմանական աշխատանքին, Կ․ Պոլիսէն ընտիր բնագիր մը ստացած ըլլալով, առաջին թարգմանութենէն ետք կը ղեկավարէ Աստուածաշունչի երկրորդ թարգմանութիւնը, որ ծանօթ կը դառնայ «թագուհի թարգմանութեանց» անունով։ Ահա այս ձեւով տոկուն հիմքը կը դրուի Հայ հաւատքի ու մշակոյթի, ի մի բան՝ Քրիստոնեայ Հայու ինքնութեան։
ը. Լուսամիտ հայրապետը հոգեմտաւոր իր աստուածատուր տաղանդի կողքին, օժտուած էր բացառիկ պայծառատեսութեամբ։ Հայ նախարարները երբ անհեռատես կերպով կը դիմեն Տիզբոն, գահընկէց ընելու համար Արտաշէս թագաւորը, իմաստուն հայրապետը, գուշակելով այդ անխոհեմ քայլին ծանր հետեւանքները եւ խտացնելով քաղաքական միտքը իմաստուն ասացուածքի մը մէջ, կը յորդորէ ազնուականները ըսելով. «Ես չեմ կրնար հիւանդ ոչխարս առողջ գայլին հետ փոխել»։ Խոհեմազարդ հայրապետի կանխազգուշութիւնը կ՚իրականանայ երբ Արտաշէսի գահընկէցութեամբ վերջ կը գտնէ Արշակունեաց թագաւորութիւնը եւ պարսից արքայից արքան յաջորդական սադրանքներով գժտութիւն եւ թշնամանք կը յառաջացնէ հայ իշխաններուն միջեւ, տկարացնելով հայոց դիմադրականութիւնը։
Հայ եկեղեցւոյ հայրերը ամենայն հիացմունքով Սուրբ Սահակը եւ Սուրբ Մեսրոպը պատուած են «Հայ մտքի լուսաւորիչներ» տիտղոսով, ի հետեւումն Սուրբ Գրիգորի՝ «Լուսաւորիչ հոգիներու» եւ Մեծն Ներսէս հայրապետի «Լուսաւորիչ սրտերու» անուանումներուն։
Խոնարհութեան Մարմնացում Ամենասուրբին՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խոնարհ ծառային՝ Սուրբ Սահակի պանծալի տօնին առթիւ, միասնաբար մե՛նք եւս խնդրենք Ամենակալ Աստուծոյ մշտական օգնութիւնը՝ յաղթահարելու կեանքի ճգնաժամային տագնապներու, գործակցելու մեր նմաններուն հետ ու ողջունելու անոնց յաջողութիւնները՝ մեծին թէ փոքրին, գերակային թէ ենթակային, նաեւ քաջալերելու խմբական աշխատանքի ոգին եւ մանաւանդ միշտ պատրաստ ըլլալու հաւաքական կեանքի աճման երաշխիքը եղող ծառայական յանձնառութեան, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։