Առաջնորդարանէն

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԹԵՄԷՍ ՆԵՐՍ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, Վահան Քհն. Գույումճեան եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) խորանի ծառայողներ եւ դպրաց դասի անդամներ

Անուշաւան Արքեպիսկոս կը կատարէ վեց դպիրներուն ձեռնադրութիւնը Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով պատարագեց Հինգշաբթի, 24 Փետրուարին, Ս. Վարդանանց 

եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), առընթերակայութեամբ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանի։ Այս 

առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց վեց դպիրներու՝ Նշան Գույումճեանի, Նարեկ Գասարճեանի, Լեւոն Թէքէեանի, Շանթ Ասատուրեանի, Պետիկ Թորոսեանի եւ Մայքլ Համբարձումեանի ձեռնադրութիւնը, խարտաւիլակութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան եւ Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան՝  Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) նոր ձեռնադրուած վեց դպիրներուն հետ

Կիրակի, 27 Փետրուարին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), անունակոչութեան տօնին առիթով, առընթերակայութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Նազարեանի եւ Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեանի։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ուրարի տուչութիւն կատարեց դպիր Մայքլ Սիմոնեանին։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան եւ Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեան՝ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) խորանի ծառայողներու եւ դպրաց դասի անդամներու հետ

Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, ծուխը նշեց Վարդանանց օրը եւ Բուն Բարեկենդանը՝ կիրակնօրեայ դպրոցի, «Մուրատ» ազգ. վարժարանի աշակերտներու եւ ՀՄԸՄի սկաուտներու մասնակցութեամբ։ Բացման խօսքը կատարեց հոգաբարձութեան անդամ Հրանդ Խաչատուրեան, որմէ ետք Անուշաւան Արք. օրհնեց սեղանը։

Ճաշէն ետք, հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Ճէյսըն Սիմոնեան ներկայացուց օրուան մեծարեալներ՝ տիար Յակոբ Տօնոյեանը եւ տիկ. Տեպի Պճոճեանը, եկեղեցւոյ բերած երկարամեայ ծառայութեան համար, եւ յանձնեց Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագիրները։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան եւ Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեան՝ ՀՄԸՄի սկաուտներու հետ

Այնուհետեւ, «Մուրատ» վարժարանի աշակերտները Վարդանանց հերոսները ոգեկոչող յայտագիր մը ներկայացուցին՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Ռաֆֆի Ռշտունիի ղեկավարութեամբ։

Ձեռնարկի աւարտին, խօսք առաւ Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ծխականներու զօրակցութեան եւ մշտական ներկայութեան համար, աւելցնելով, որ ասիկա առաջին հանրային ձեռնարկն է համավարակէն ետք։ Ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փակման խօսքը կատարելու։ «Որքան աւելի ուժեղ են մեր ծուխերը, այնքան աւելի ուժեղ են մեր համայնքները եւ մեր Առաջնորդարանը», ըսաւ Սրբազան Հայրը։ «Բոլորս զինուոր ենք, որոնք տարբեր պարտականութիւններ կը կրենք մեր ուսերուն վրայ»։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս դրուատեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ քոյր կազմակերպութիւններու աշխատանքը։ Վեր առաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ համայնքին դերը, որոնք ընդառաջելով Ազգային Առաջնորդարանի կոչին, 30.000 տոլարի մեծագումար նուիրատուութիւն մը կատարեցին Լիբանանի Օգնութեան Ֆոնտին։

Ձախէն աջ՝ Յակոբ Տօնոյեան, Տեպի Պճոճեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Մայքլ Սիմոնեան, Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան եւ Ճէյսըն Սիմոնեան