Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 6 Մարտ)

Այսօր՝ Մեծ Պահոց երկրորդ Կիրակին, համաձայն Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին, կը կոչուի Արտաքսման Կիրակի, վերյիշեցնելով մեզի Նախածնողաց վտարումը Եդեմէն, ի հետեւումն իրենց  պատուիրանազանցութեան։

Խորհուրդներով լեցուն այս Կիրակիին մասին հետեւեալ մտածումները կ՛ուզեմ բաժնել։

ա. Սուրբ Գրային այս դրուագը, որուն շատեր կը հաւատան որպէս իրականութիւն, իսկ ուրիշներ կը նկատեն պարզ պատմութիւն մը եւ կամ առասպելներու աշխարհէն արձագանգ մը, մարդկային պատմութեան  մէջ արձանագրուած բոլոր ողբերգութեանց մայրն է, զոր մեր միտքը անկարող է ըմբռնել եւ լիովին բացատրել, եւ որուն աղիտալի բնոյթին գինը վճարուեցաւ Խաչին վրայ։

բ. Նախածնողաց Արտաքսումը փոխադարձ սիրոյ բեկանում կը մատնանշէ։ Աստուած այնքան սիրեց այս արարածը՝ Մարդը, որ Իր պատկերին ու նմանութեամբ ստեղծեց զայն (Ծն 1.26), Իր շունչով կենդանացուց եւ իմաստութեամբ ու զօրութեամբ զարդարեց։ Դժբախտաբար, Արարիչին հանդէպ անոր ցուցաբերելիք փոխադարձ սէրը տեղի տուաւ Փորձութեան։ Ան աւելի սիրեց հետեւիլ փորձիչի խորհուրդին, քան Արարչի պատուէրին, որով ինք եւ իր սերունդները ի սպառ դատապարտուեցան։

գ. Նախածնողաց Արտաքսումը վստահութեան խախտում յառաջացուց։ Աստուած իշխանութիւն տուաւ մարդուն եւ անոր վստահեցաւ Իր արարչութեան խնամատարութիւնը (Ծն 1.26)։ Ճիշդ է, որ շատ յաճախ, երբ բաղդատենք մարդը այլ արարածներու հետ, այնքան տկար է եւ խեղճ։ Այնուհանդերձ, մտածելու եւ ստեղծագործելու աստուածային պարգեւով կը գերազանցէ բոլորին։ Մարդը, անգամ մը եւս չգնահատելով իրեն շնորհուած  գերագոյն պարգեւը, փնտռեց ըլլալ այն ինչ որ իրեն վստահուած էր, բայց աւա՜ղ կորսնցուց զայն, Խաբողին հետեւելով։

դ. Նախածնողաց Արտաքսումով մարդկութիւնը կորսնցուց Աստուծոյ ներկայութիւնը, մտերմութիւնը վայելելու անզուգական առանձնաշնորհումը։ Աստուծոյ պատուիրանի պտուղը՝ Կեանք, Սէր, Խաղաղութիւն, փոխարինելով Չարի առաջադրած պտուղով՝ Մահ, Ատելութիւն եւ Խռովութիւն, Մարդը մեղքի ահաւոր անդունդ ստեղծեց, որ զինք բաժնեց իր հոգատար Հօրմէն եւ որ վերացաւ միայն Աստուծոյ Միածին Որդիին Զոհագործումով։

ե. Արտաքսումը պատմութիւնն է իւրաքանչիւր մարդ արարածի, որ իր գոյութիւնը կ՛ըմբռնէ անկախ Աստուծոյ նախախնամութենէն։ Առաջին Ադամը եթէ Չարի խրատին անսալով դրախտէն վտարուեցաւ, Երկրորդ Ադամը խօսքով ու գործով մերժելով մերժեց Խաբողի խորհուրդները (Մտ 4.1-11), սորվեցուց աղօթքով՝ «Քու կամքդ ըլլայ» ոսկեայ կանոնը (Մտ 6.10), գործնապէս ցոյց տուաւ իշխանութիւնը գործադրել խոնարհ ծառայութեսմբ, եւ Իր սուրբ արիւնը ողողելով մահուան ծառին՝ Խաչին վրայ, մեզ առաջնորդեց ճշմարիտ Կենաց Ծառին։

Այսպիսի սիրող ու զոհուող ուսուցիչ ունենալէ ետք, որ մեզի աւանդեց երկնային մեր քաղցրիկ Տունը վերադառնալու ճանապարհը, չուշանանք շարականագիր վարդապետին հետ աղօթել ու ըսել. «Սուրբ պահքի օրէնքը նախ դրախտին մէջ աւանդեցիր, զոր նախաստեղծները չպահեցին, այլ պտուղին ճաշակմամբ մեղքի եւ մահուան դառնութիւնը ճաշակեցին։ Ուստի, Տէր, պատուիրաններուդ քաղցրութեան ճաշակումը շնորհէ մեզի», որպէսզի Քեզմով զօրացած յաղթահարենք Չարին, եւ արժանի ըլլանք լսելու երանաւէտ Քու հրաւէրդ՝ «Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է» (Մտ 25.34), փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։