ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՂԱՅԵԱՆ (ծնունդ՝ 16 Մարտ, 1916)
Մեծանուն լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ամենէն ծանօթ աշակերտներէն մէկը եղած է ակադեմիկոս Էդուարդ Աղայեանը, որուն լեզուաբանական աշխատութիւնները մեր լեզուի զարգացման կարեւոր նպաստ բերած են։
Աղայեան ծնած է 16 Մարտ, 1913ին, Մեղրիի մէջ։ 1928ին աւարտած է տեղական դպրոցը եւ 1930-1932ին աշխատած՝ Մեղրիի հաւաքական տնտեսութեան մէջ իբրեւ հաշուապահ։ 1933-1938ին ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմա-գրական ճիւղին մէջ, միաժամանակ աշխատելով ծխախոտի գործարանի մը մէջ իբրեւ հաշուապահ։
Աւարտելով համալսարանը, 1939ին Աղայեան անցած է յետ-աւարտական ուսման եւ 1941ին պաշտպանած է թեկնածուական աւարտաճառը՝ Մեղրիի բարբառի մասին։ Երկրորդ դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է 1945ին՝ հայ լեզուաբանութեան պատմութեան մասին։ 1930ական թուականներէն մինչեւ կեանքի վերջը աշխատած է համալսարանին մէջ, ուր 1946ին ստացած է փրոֆեսորի կոչում։
Երեւանի համալսարանին մէջ վարած է զանազան պաշտօններ. բանասիրական ճիւղի տեսուչ (1948-1950), գիտական աշխատանքներու գծով փոխտեսուչ (1953-1956), ընդհանուր լեզուաբանութեան ամպիոնի վարիչ (1956-1985), հայագիտական կեդրոնի ղեկավար (1968-1991) եւ «Բանբեր Երեւանի համալսարանի» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր (1986-1991)։
1953ին Է. Աղայեան ընտրուած է Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անդամ, իսկ 1982ին՝ ակադեմիկոս։ Տասնամեակներ շարունակ աշխատած է Ակադեմիայի Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին մէջ, ուր եղած է փոխտնօրէն (1950-1953) եւ ընդհանուր եւ համեմատական լեզուաբանութեան բաժնի վարիչ (1963-1991)։ 1947-1948ին Հայաստանի լուսաւորութեան (կրթութեան) նախարարութեան բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններու վարչութեան պետ եղած է։
Էդ. Աղայեանի գիտական հարուստ ժառանգութիւնը նուիրուած է ընդհանուր լեզուաբանութեան, հայ լեզուաբանութեան պատմութեան, հայոց լեզուի պատմութեան եւ համեմատական քերականութեան, բարբառագիտութեան, ժամանակակից հայոց լեզուին եւ այլ հարցերու։ Առանձնապէս յիշատակելի են անոր «Լեզուաբանութեան ներածութիւն» (1952, 1963, 1967) աշխատութիւնը, որ Խորհրդային Միութեան բարձրագոյն կրթութեան կողմէ երաշխաւորուած է իբրեւ միութենական համալսարանական դասագիրք եւ ռուսերէն հրատարակուած՝ 1959ին, «Պատմահամեմատական մեթոդը լեզուաբանութեան մէջ» (1957), «Գրաբարի քերականութիւն», հ. 1 (1964), «Ժամանակակից հայերէնի հոլովումը եւ խոնարհումը» (1967), «Ընդհանուր եւ համեմատական բառագիտութիւն» (1984) աշխատութիւնները. վերջինը 1987ին վերամշակուած հրատարակուած է«Լեզուաբանութեան հիմունքներ» խորագրով:
Էդուարդ Աղայեան հեղինակած է նաեւ երկհատոր «Արդի հայերէնի բացատրական բառարան»ը (1976), ընդգրկելով 136 հազար բառ և 11 հազար դարձուածք, որ բացառիկ աշխատութիւն մը եղած է իր բովանդակութեամբ։ Համահեղինակած է նաեւ նախակրթարանի դասարաններու հայոց լեզուի դասագիրքեր, որոնք բազմաթիւ հրատարակութիւններ ունեցած են։ Անոր գիտական վաստակին մաս կը կազմեն նաեւ Հրաչեայ Աճառեանի բազմահատոր աշխատութիւններու խմբագրումը, անաւարտ հատուածներու լրացումը եւ հրատարակութեան պատրաստութիւնը։
1979-1991ին լեզուաբանութեան գծով գիտական աստիճաններ շնորհող մասնագիտական խորհուրդի նախագահ եղած է: 1953ին ընտրուած է Երեւանի քաղաքային խորհուրդի, 1980ին եւ 1985ին՝ Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր: 1970ին արժանացած է Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչման։
Աղայեան մահացած է 29 Դեկտեմբեր, 1991ին, Երեւանի մէջ։