ՍՊԻՏԱԿ ՈՒ ՃԵՐՄԱԿ
Կան բառեր, որոնք հայերէնի մէկ ճիւղին մէջ կան, իսկ միւս ճիւղին մէջ՝ անսովոր են։ Հետաքրքրական է, որ սպիտակ եւ ճերմակ բառերը, որոնք աւանդուած են 5րդ դարէն ի վեր, նման բաժանումի ենթարկուած են։
Երկու բառերուն –ակ վերջաւորութիւնը արդէն կը մատնէ անոնց իրանական ծագումը։ Սպիտակը կու գայ պահլաւերէն spetak («ճերմակ») բառէն, իսկ ճերմակը՝ պահլաւերէն čermak բառէն, որուն գոյութիւնը կ՚ենթադրուի պարսկերէն čarma («ճերմակ ձի» բառէն։
Այսօր, ճերմակ բառը սովորական է արեւմտահայերէնի մէջ, իսկ անսովոր՝ արեւելահայերէնի մէջ։ Հակառակը կը պատահի սպիտակ բառի պարագային։ Սակայն, միշտ այդպէս եղած չէ, իսկ յատկապէս արեւմտահայերէնի պարագային, ճերմակ ու սպիտակ բառերը գործածուած են փոխնիփոխ։ Այսպէս, Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն նստավայրը՝ White Houseը, կը կոչուի Սպիտակ Տուն եւ ո՛չ թէ «Ճերմակ Տուն», եւ Համաստեղի՝ հայ ազատագրական պայքարին նուիրուած երկհատոր վէպը խորագրուած է Սպիտակ ձիաւորը։ 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու սկիզբի զանազան հայերէն դասագիրքեր բացատրած են մարդկային ցեղի բաժանումները օգտագործելով սպիտակ ցեղ հասկացութիւնը։
Կան, անշուշտ, ուրիշ պարագաներ, երբ արեւմտահայերէնի մէջ աւելի գործածական է ճերմակը, քան սպիտակը։ Օրինակ՝ հաւկիթի ճերմակ մասը արեւմտահայերէն ճերմկուց կը կոչուի, իսկ արեւելահայերէն՝ սպիտակուց՝ արեւելահայերէն (ուր protein բառի հայերէնն ալ սպիտակուց է)։ Ներքնազգեստները կը կոչենք ճերմակեղէն, մինչ արեւելահայերէն կ՚ըսուի սպիտակեղէն։
Լեզուն իր ներքին զգացողութիւնը ունի, որ դժուար է բացատրել…։