ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀ
Կիրակի, 13 Մարտին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի նոր նախագահ՝ Վահագն Խաչատրեանի երդման արարողութիւնը Ազգային Ժողովի յատուկ նիստի մը ընթացքին։ Պրն. Խաչատրեան Ազգային Ժողովի կողմէ ընտրուած էր անցեալ 3 Մարտին իբրեւ երկրի հինգերորդ նախագահը, յաջորդելով Արմէն Սարգսեանին, որ հրաժարականը ներկայացուցած էր անցեալ Յունուարին։ Ըստ Հայաստանի Սահմանադրութեան, նախագահի պաշտօնավարութիւնը եօթը տարի կը տեւէ։
62ամեայ նոր նախագահը նախապէս Բարձր Արհեստագիտութեան նախարար եղած էր։ Անոր թեկնածութիւնը առաջադրուած էր կառավարական «Իմ քայլը» կուսակցութեան կողմէ։
Վ. Խաչատրեան իր պաշտօնը կը ստանձնէ երբ Հայաստան տակաւին կ՚աշխատի վերականգնիլ 2020ին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմէն ետք։ Անցեալ շաբաթ, ատրպէյճանական բանակը Հայաստանէն կազ մատակարարող խողովակաշարին ծանր վնասներու ենթարկած է՝ Արցախի բնակչութիւնը անմարդկային պայմաններու ենթարկելով ձմրան ցուրտին։