ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ՝ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Կիրակի, 13 Մարտին մասնակցեցաւ սուրբ եւ անմահ Պատարագին ու քարոզեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, «Բաշալեան» սրահին մէջ Սրբազան Հայրը նախագահեց Արցախի եւ Լիբանանի հայ ուսանողներուն համար Համազգայինի մեծ ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած հանգանակութեան, որմէ գոյացաւ 25.000 տոլարի գումար մը։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, սրտի խոր գոհունակութեամբ յայտնեց, թէ պսակաձեւ ժահրի ստեղծած տագնապէն ետք այս առաջին ձեռնարկով, Մայր Եկեղեցին իր բնականոն կեանքին կը սկսէր։ Այնուհետեւ հրաւիրեց Լալիկ Վարդանեանը (Համազգային, Նիւ Եորք), Մարիա Ապրիմեանը (ՀՕՄի Նիւ Եորքի «Մայր» մասնաճիւղ), Դրօ Թիւրպէնտեանը (ՀՅԴի Նիւ Եորքի «Արմէն Գարօ» կոմիտէ), Արեւիկ Գաբրիէլեան (Համազգայինի արեւելեան շրջանի ատենապետուհի) եւ Անի Չաղլասեանը (ՀՅԴի արեւելեան շրջանի Կեդր. Կոմիտէ) որպէսզի իրենց սրտի խօսքը ուղղեն։ Վերջինս այցելած ըլլալով Հայրենիք, սահիկներով համապարփակ կերպով ներկայացուց Արցախի կեանքը։
Հուսկ ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսք առնելով, բարձր գնահատեց Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան կազմակերպած այս ազգաշէն արշաւը։ Յայտնեց, թէ Համազգային, որպէս մշակութային միութեան մը անունը, նաեւ մտածողութեան մը ուղղութիւնը կը պատգամէ։ Սրբազան Հայրը, բացատրելով իր խօսքը, ըսաւ․ «Ոմանց համար հայ ժողովուրդը իր գոյութեամբ եւ երազներով կ՛ըմբռնուի Երեւանի շրջակայքով, առաւելագոյնը՝ մկրատուած Հայաստանով, իսկ ուրիշներու համար Գալիֆորնիայէն Արցախ եւ Արցախէն մինչեւ Աւստրալիա։ Ահա, այս մեծ պատկերով՝ որպէս Համա-ազգայինի տեսլականով տոգորուած եւ գործող հայորդիներ կ՛ողջունեմ ձեր բոլորին ներկայութիւնը, որ վստահաբար պիտի ալիքաւորուի ի խնդիր Սփիւռքի հզօրացման եւ հայրենիքի զօրակցութեան»։ Սրբազան Հայրը օրուան բանախօս՝ Տիկին Անի Չաղլասեանի այնքան դիպուկ մէկ խօսքին մէջբերումը կատարեց, թէ երբ հարց կը տրուէր արցախցի տասը տարեկան մանուկի մը, որ կը պարէր դպրոցի բակը, թէ չէ՞ր վախնար, մինչ հանդիպակաց լեռը թշնամիին կողմէ գրաւուած էր եւ շրջակայքը՝ օրն ի բուն խիստ հսկողութեան տակ, մանչուկը կը պատասխանէ Արցախի բարբառով․ «Գիտեմ որ կը նային, բայց թող գիտնան որ մենք կոտրուած չենք»։ Այս խորիմաստ արտայայտութեամբ, Սրբազան Հայրը եզրափակեց իր խօսքը, ըսելով «Արցախի հողի հարազատ ծնունդ եղող այս մանչուկին խօսքը ո՛չ միայն մեզ, այլ համայն հայութիւնը պէտք է զօրաշարժի ենթարկէ հաւատալու եւ յուսալու Սփիւռքի եւ Հայրենիքի մեր ժողովուրդի անսասան երթին, եւ արդար իրաւունքներու պաշտպանման ու տիրացման»։