ԹԵՄԱԿԱԼ ԵՐԵՔ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ
Վերջին օրերուն, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, առցանց կերպով մասնակցեցաւ Գանատայի թեմի առաջնորդ՝ Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Թորգոմ Եպիսկոպոսի խորհրդակցական հանդիպումներուն, որոնք տեղի ունեցան Լոս Անճելըսի Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ։
Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմակալ առաջնորդներուն միջեւ գործակցութիւնը եւ աշխատանքային խորհրդակցական հանդիպումները՝ մասնաւորաբար «Սփիւռքի տարուան» առիթով, թեմերուն եւ յատկապէս եկեղեցական կազմակերպական կեանքին նոր շեշտ կու տան եւ քրիստոնէական ծառայութեան առջեւ նոր հորիզոններ կը բանան:
Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական ցուցմունքները կեդրոնական տեղ ունին Հիւսիսային Ամերիկայի թեմերու վերաշխուժացման ու ծառայութեան դաշտերու ընդարձակման գործին մէջ: