Prelacy News, Prelacy News

ԱՂՕԹՔ՝ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Կիրակի, 20 Մարտին իր մասնակցութիւնը բերաւ National Stop the Violence Allianceի կողմէ կազմակերպուած խաղաղութեան համար աղօթքին։ Ստորեւ հայերէն թարգմանութեամբ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը Ուքրանիոյ, Հայաստանի եւ համայն աշխարհի խաղաղութեան համար։

Խաղաղութեան ի խնդիր այս աղօթքին մասնակցութիւնս պատիւ մըն է ինծի համար, եւ երախտապարտ եմ դոկտ. Սթեֆնէ Քոնիին՝ հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն National Stop the Violence Alliance կազմակերպութեան, որ առիթը տուած է խօսելու ձեզի, մինչ բոլորս կը դիտենք անօգնական կերպով, թէ ինչպէ՛ս պատերազմի բրտութիւնը կրկին գլուխ կը ցցէ միեւնոյն աշխարհագրական տարածքին մէջ, որ երկու աշխարհամարտերու պայթումը տեսած է։

Մինչ ձեզի կը խօսիմ, եւ որպէս քրիստոնեաներ Մեծ Պահքի այս օրերուն կ՚ոգեկոչենք մեր Տիրոջ երկրաւոր կեանքի վերջին մթին օրերը, որոնց ողբերգական հայելին են աշխարհը ցնցող այժմու դէպքերը, միտքս կ՚երթայ դէպի Գեթսեմանիի պարտէզը, դէպի այն օրը, երբ Յիսուս զինուորներու խումբ մը կը տեսնէ, որ դաւաճան Յուդայի ընկերակցութեամբ կու գայ Զինք ձերբակալելու։

Այս ճգնաժամային վիճակին մէջ, կը գտնենք այն նախադասութիւնը, որ մեր Տիրոջ՝ բռնութեան դէմ ամենէն խօսուն յայտարարութիւններէն մէկը կը պարփակէ, ուղղուած՝ իր Աշակերտ Պետրոսին. «Սուրդ տեղը դիր, որովհետեւ ո՛վ որ սուր կ՚առնէ՝ սուրով պիտի մեռնի» (Մտ 26.52)։

Համաձայն ենք, որ դժուար պիտի ըլլար ոեւէ մէկուն Քրիստոսի խորհուրդին հետեւիլ։ Բայց մարդկութեան պատմութեան եւ մինչեւ հիմա հոսող արեան անվերջանալի գետերուն մասին մեր գիտցածը նկատի ունենալով, անկեղծօրէն կը հարցնեմ. ի՞նչ է պատերազմի պատմութիւնը, եթէ ոչ անվերջ ու անդադար կրկնութիւնը Մտ 26.52 համարին, թէ սուր առնող մարդիկը սուրով պիտի մեռնին։ Կայսրութիւններ եւ հզօր բանակներ հազարամեակներ շարունակ կռուած են իշխանութեան, հողի կամ տնտեսական շահերու ի խնդիր։ Պէ՞տք է շարունակենք պնդել, որ չարիքի ու ատելութեան պատասխանը հին ձեւով ըլլայ՝ աւելի՛ չարիքով ու ատելութեամբ։ Ատիկա միայն ա՛լ աւելի չարիքի ու ատելութեան ծնունդ տուած է։ Ո՞ւր հասած ենք այդպէսով։

Հետեւաբար, կ՚աղօթեմ, որ աշխարհի բոլոր բանակները վար դնեն իրենց զէնքերը եւ սուրերը՝ իրենց պատեանին մէջ։ Թող Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ Ուքրանիոյ եւ աշխարհի բոլոր այն վայրերուն, որոնք անիմաստ բռնութենէ կը տառապին։ Կ՚աղօթեմ նաեւ Հայաստանի ու Արցախի հայրենակիցներուս համար, որոնց Ատրպէյճանը, երկու տարի առաջուան ցեղասպանական պատերազմէն ետք՝ աշխարհի անտարբերութեան դիմաց, այսօր կազէ զրկած է՝ սառուցեալ ջերմաստիճանի պայմաններու մէջ, ուր մարդիկ, յատկապէս մանուկներ ու ծերեր, դանդաղօրէն սառելով կը մեռնին։

Կայէնի պէս մեր եղբօր արիւնը թափելու փոխարէն, եկէք դառնանք այն սերունդը, որ կը կատարէ Եսայիի մարգարէութիւնը. «Գայլը գառին հետ պիտի բնակի, եւ ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթը, առիւծի կորիւնն ու պարարտ զուարակը միասին պիտի արածին, եւ պզտիկ մանուկ մը զանոնք պիտի առաջնորդէ։ Կովը արջին հետ պիտի արածի, անոնց ձագերը միասին պիտի պառկին։ Առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ (…)։ Անոնք պիտի չվնասեն եւ չապականեն իմ ամբողջ սուրբ լերանս վրայ. արդարեւ, երկիրը Տիրոջ գիտութեսմբ պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովուն յատակը կը ծածկեն» (Ես 11.6-9)։

Կոչ կ՚ուղղեմ բոլորին տիտանական ճիգի՝ զիրար հասկնալու եւ գործակցելու։ Այո, ասիկա դժուար բան մըն է, բայց գիտենք, որ այլընտրանքը՝ ատելութիւնը, մեզ ատելութեամբ կը լեցնէ, որ, ինչպէս կը տեսնենք 21րդ դարուն, միայն աւելի տառապանք ու մահ կը բերէ բոլորիս։

Թող Ամենակալ եւ Բարեգութ Տիրոջ Հոգին գերակայ ըլլայ մեր մէջ եւ Իր Իմաստութիւնը պարգեւէ աշխարհի ղեկավարներուն, որպէսզի այս վտանգաւոր ժամանակներուն մարդկութիւնը առաջնորդեն դէպի աւելի պայծառ ապագայ։