Այս Կիրակի, 3 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի պատարագէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվէնիա), անուանակոչութեան տօնին առիթով։ Ան նաեւ Ծուխին պիտի ներկայացնէ նորանշանակ օգնական հովիւը՝ Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեանը։
Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեան (աւազանի անունով՝ Մուրատ) ծնած է Հալէպ, 1990ին, եւ մկրտուած՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Մեծցած է Հալէպ՝ եկեղեցւոյ ծառայելով փոքր տարիքէն իբրեւ դպիր ու դպրաց դասի անդամ, եւ այնուհետեւ՝ կիսասարկաւագ ու սարկաւագ։ Անթիլիասի դպրեվանք ընդունուած է ու ամբողջացուցած՝ եօթնամեայ ուսումնական ծրագիրը, սորվելով՝ եկեղեցւոյ պատմութիւն, Հին ու Նոր Կտարականներ, ծիսագիտութիւն, հովուական աստուածաբանութիւն եւ եկեղեցւոյ երաժշտութիւն, այլ նիւթերու շարքին։ Այս ժամանակամիջոցին հետեւած է նաեւ աստուածաշնչական եւ հովուական դասընթացքներու՝ Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանութեան Դպրոցին մէջ։ 2013ին դպրեվանքէն շրջանաւարտ եղած է ու ամուսնացած՝ օր. Շողեր Բրուտեանի հետ։ Նոյն տարին քահանայ ձեռնադրուած է Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպիսի ձեռամբ՝ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Թորգոմ վերանուանելով։
2014ին, Տէր Հայրը ծառայութեան կոչուած է Արեւելեան Թեմէս ներս։ 2014-2019ին ծառայած է իբրեւ հոգեւոր հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Կրանիթ Սիթի, Իլլինոյ)։ 2019-2022ին, Տէր Հայրը Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս), հոգեւոր հովիւը եղած է, Ծուխը ձեռնհասօրէն վարելով պսակաձեւ ժահրի համավարակի ընթացքին։