Երկուշաբթի, 28 Մարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց «Հայ սփիւռքի հարցախոյզ» ծրագրի տնօրէն՝ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի այցելութիւնը։ Դոկտ. Չիլինկիրեան կ՚այցելէր Միացեալ Նահանգներն ու Գանատա՝ հարցախոյզի յաջորդ փուլը կազմակերպելու համար։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու յարգելի հիւրը շահեկան զրոյց մը ունեցան, որուն միացան նաեւ առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։
«Հայ սփիւռքի հարցախոյզ» (Armenian Diaspora Survey) ծրագիրը Սփիւռքի տարածքին հանրային կարծիքը, ինչպէս նաեւ հայ համայնքներու մէջ առկայ հարցերն ու մտածողութեան եղանակները կ՚ուսումնասիրէ: Ծրագիրը նախաձեռնութիւնն է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին եւ կը տնօրինուի Լոնտոնի Հայ Հիմնարկին կողմէ:
Ծրագրի առաջին հանգրուանին, 2018ին, սփիւռքեան չորս քաղաքներու մէջ՝ Պոսթըն, Գահիրէ, Մարսէյ եւ Փասատինա, աւելի քան 1000 հայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին այս աննախընթաց հարցախոյզին: 2019ին հարցախոյզը չորս այլ համայնքներու մէջ կատարուեցաւ (Արժանթին, Լիբանան, Ռումանիա եւ Մոնթրէալ), 3000 հոգիի մասնակցութեամբ, իսկ 2021ին՝ Պելճիքա, Մեծն Բրիտանիա, Փարիզ եւ Տոնի Ռոստով (Ռուսաստան), 2500 մասնակիցներով: 2018ի եւ 2019ի ուսումնասիրութեան արդիւնքները արդէն անջատ հատորներով հրատարակուած են: 2021ի հատորը պատրաստութեան ընթացքի մէջ է:
Մայիս 2022ին կը ծրագրուի ուսումնասիրութիւնը շարունակել՝ 12 շաբթուան տեւողութեամբ, Թորոնթոյի, Նիւ Եորքի, Միշիկընի եւ Լոս Անճելըսի մէջ: Ծրագիրը կը ղեկավարուի խումբ մը գիտնականներու, հետազօտողներու եւ փորձագէտներու կողմէ, որոնք կը գործակցին նաեւ Ամերիկայի եւ Գանատայի մէջ գործընկերներու եւ գիտաշխատողներու հետ։
Հետազօտութեան շնորհիւ ձեռք բերուած բոլոր տուեալները եւ տեղեկութիւնները հասանելի պիտի դառնան մտաւորականներու՝ իբրեւ սկզբնաղբիւր հետագայ ուսումնասիրութիւններու: