ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՐՔԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ՀԱՄԱՆՈՒԱԳ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ, ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 27 Մարտ)
Մեծ Պահոց հինգերորդ Կիրակին ծանօթ է որպէս Դատաւորի Կիրակին, ի հետեւումն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի առակին, զոր կը կարդանք Ղուկասու Աւետարանին մէջ 18:1-8։
Այսօրուան խորհրդածութեան նիւթը կ՛ուզեմ դարձնել սոյն առակը կանխող համարները՝ 17:20-21, որոնք մաս կը կազմեն այսօրուան ընթերցումին։ Փարիսեցիները կը հարցնեն Քրիստոսի, թէ Աստուծոյ Արքայութիւնը ե՞րբ պիտի գայ։ Մեր Տէրը շատ ուշագրաւ պատասխան մը կուտայ, ըսելով. «Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի չգայ երեւելի բաներով․․․Աստուծոյ Արքայութիւնը ձեր մէջ է»։
Աստուծոյ Արքայութիւնը Սուրբ Գրքի մեծագոյն թեմաներէն մին է։ Մեր Տիրոջ պատասխանը նոր տարածք մը կը բանայ հասկնալու համար զայն, որ կը վերագրուի Ամենակարող Աստուծոյ յաւերժական եւ բացարձակ Իշխանութեան, որուն անսահման բարիքները փառաբանանքով կը վայելեն Երկնայինները, եւ որուն արժանի պիտի ըլլան նաեւ երկրայինները։ Այս ուղղութեամբ բոլորս հետաքրքրող քանի մը մտածումներ կ՛ուզեմ փոխանցել։
ա․ Տէրունական աղօթքին մէջ, ծանօթ՝ «Հայր մեր» անունով, Աստուծոյ Միածին Որդին կ՛ուսուսցանէ մեզի որ խնդրենք «եկեսցէ արքայութիւն Քո – Արքայութիւնդ թող գայ» (Մտ 6:10 եւ Ղկ 11:2)։ Անկասկած, այս պատուէրը անմիջական ունկնդիրներուն չէր ուղղուած միայն, այլ՝ բոլոր դարերու Աստուծոյ զաւակներուն։ Հետեւաբար, Արքայութեան գալուստը, որ յստակ է Անժամանակ Տիրոջ համար, երկրաւորներուս կողմէ պէտք չէ թուանշաններու նեղ սահմաններուն մէջ շրջափակուի։
բ․ Մարկոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ Յիսուս Փորձութենէն եւ Յովհաննէսի ձեբակալումէն ետք Գալիլեա գալով, կը յայտարարէ. «Փրկութեան ժամանակը հասած է եւ Աստուծոյ Արքայութիւնը մօտ է» (Մր 1:15). Այս համարին մէջ, Աստուծոյ Արքայութիւնը կը դառնայ աւելի անմիջական ներկայութիւն։
գ․ Այսօրուան Աւետարանի ընթերցումին մէջ Աստուծոյ Արքայութիւնը մարդոց մէջ կը յայտարարուի, որով ժամանակի բացյութիւնը լրիւ կը չքանայ։ Սա արդէն կարելի է հինգերորդ Տարածք նկատել։ Արդարեւ, Մարդը ստեղծուած ըլլալով Աստուծոյ պատկերով ու նմանութեամբ, հոգին կ՛անդրանցնի ժամանակի ու տարածութեան չորս տարածքները, որովհետեւ կը սաւառնի անհունին մէջ։
դ․ Աստուծոյ Արքայութեան այս վերջին հասկացողութիւնը ընդարձակելով, եւ աւելի մատչելի դարձնելով, Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ․ «Աստուծոյ Արքայութիւնը կերուխում չէ, այլ Սուրբ հոգիով՝ Արդարութիւն,Խաղաղութիւն եւ ցնծութիւն է» (Հռ 14.17)։ Այս ըմբռնումով, Արքայութիւնը կը դառնայ կենցաղակերպ մը՝ ցոլացնելու Խաչեալ եւ Յարուցեալ Քրիստոսը, դառնալով լոյս՝ խաւարի մէջ, յոյս՝ յուսահատութեան մէջ, ուրախութիւն՝ տխրութեան մէջ։
Վերեւի այս հասկացողութիւնները՝ Աստուծոյ Առքայութեան մասին, կրնան հակասական թուիլ իրարու, մինչդեռ անոնք խորապէս ագուցուած են եւ զիրար կ՛ամբողջացնեն։ Արդարեւ, Սէրը ըլլալով Աստուծոյ Էութիւնը, մղած է Իր կամքը Արարչագործութեան, յառաջացնելով իր Թագաւորութիւնը, ինչպէս Սաղմոսասացը կ՛ըսէ․ «Քո՛ւկդ են երկինքը եւ երկիրը, աշխարհը իր ամբողջութեամբ դո՛ւն հաստատեցիր: Հիւսիսն ու հարաւը դո՛ւն ստեղծեցիր» (Սղ 89:11-12)։ Ի՛նք է միակ Արքան տիեզերքին եւ ամէն բանի որ երեւելի է եւ աներեւոյթ։ Ստեղծագործութիւնն ու անոր նպատակը կատարեալ են։ Նոյնիսկ ազատ կամքի հետեւանքով շեղումները կանխատեսուած ու հաշուարկուած են Ամենակարող եւ Ամենագէտ Աստուծոյ կողմէ որպէս նշան իր անսակարկ սիրոյն։
Հետեւաբար, կը խնդրենք Աստուծմէ որ Իր Արքայութիւնը գայ Ժամանակի եւ Տարածքի հասկացողութեամբ, որպէսզի Աստուծոյ Սէրը, որ ամենայն սիրով ողջունեց Իր պատկերով ստեղծուած անկեալ մեր բնութիւնը, մաքրեց մեղքէ եւ իշխանութիւն տուաւ ապրելու առանց մեղքի, փոխադարձաբար Ի՛նք եւս սիրով ընդառաջուի մարդկային սէրէն, ինչպէս երեխաները չնչին ժպիտով իրենց ծնողաց սէրը կը դիմաւորեն։ Այս ձեւով, Խաչի սէրը որ նպատակադրուած էր Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ հաշտութեան, կը պտղաւորուի արժանի կերպով։
Աստուծոյ Արքայութեան գալը, որ դարեր շարունակ Նահապետներու եւ Մարգարէներու կողմէ ըղձացուած էր, «մօտ էր», ինչպէս որ Յովհաննէս Մկրտիչ յայտարարած էր (Մտ 3.2)։ Նաեւ՝ «Մեր միջեւ էր», եւ այլեւս պարզ գաղափար մը չէր, որովհետեւ Աստուծոյ Խօսքը մարմին զգեցաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ (Յհ 1:14)։ Աւելի՛ն. ո՛չ միայն մեր միջեւ, այլ մեր մէջ եղաւ, որովհետեւ առանձնաշնորհուեցանք Իր մարմնով եւ արիւնով հաղորդուելու։ Ահա թէ ինչու Պօղոս Առաքեալի խօսքով՝ «Սուրբ Հոգիով արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութիւն կ՛ապրինք» (Հռ 14:17)։
Աստուծոյ Արքայութիւնը խնդրել՝ քրիստոնեայի համար ամէնօրեայ բնականոն ընթացք է ապրելու եւ բաժնեկցելու Քրիստոսով շահուած յաւերժական արքայութեան ուրախութիւնը երկրի վրայ, մինչեւ միւս անգամ Գալուստը, երբ ստեղծագործութիւնը իր հարազատ փառքին մէջ պիտի վերանորոգուի, Աստուծոյ Սէրն ու Կամքը բացարձակապէս պիտի իշխեն նոր Ստեղծագործութեան մէջ եւ Աստուած «պիտի ըլլայ ամէն ինչ ամէն բանի մէջ» (1 Կր 15:28)։
Այս աւետիսով գօտեպնդուած, ամբողջ սրտով անդադար խնդրենք Աստուծոյ Արքայութեան գալը, որովհետեւ «երկնքի քաղաքացի ենք» կ՛ըսէ Առաքեալը (Փիլ 3:20), եւ Երկնային Զօրքերուն հետ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։