Առաջնորդարանէն

ԳԵՐՊ. Տ. ԱՐՏԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ԱՐԱՊԵԱՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՈՒՍՏԸՐԻ ՄԷՋ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ Ազգային Վարչութեան անդամներու, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներու, ազգային երեսփոխաններու եւ հոգեւորականներու հետ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան

Շաբաթ, 26 Մարտին, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Գերապատիւ Տ. Արտակ Ծ․ Վրդ․ Արապեանի, ժամանեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի (Ուստըր, Մէսէչուսէթս), ուր յատուկ հանդիպում ունեցաւ Հոգաբարձութեան ու Երեսփոխանական Ժողովի պատգամաւորներուն հետ եւ անոնց ներկայացուց Հայր Սուրբը որպէս եկեղեցւոյ նոր Հովիւ։

Կիրակի, 27 Մարտին, Մեծ Պահոց հինգերորդ Կիրակին, ծանօթ Դատաւորի Կիրակի անունով, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ համայնքը վայելեց վերանորոգման եւ վերաշխուժացման անմոռանալի օր մը։ Գերպ. Հ. Արտակ Արապեան մատոյց հովուական իր անդրանիկ Սուրբ Պատարագը եւ քարոզեց։

Հայր Սուրբը որդիական իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսին, որ իրեն պատեհութիւնը ընծայած էր ծառայելու հովուական այս նոր դաշտէն ներս։ Երախտագիտութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Վարչութեան, որ ամերիկեան ցամաքամասի անդրանիկ համայնքի հոգեւոր մատակարարութիւնը վստահած էին իրեն։  Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն․ Չորպաճեանին, նախորդ Հովիւին, եւ Հոգաբարձութեան՝ իրենց ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար։

Հայր Սուրբը օրուան Տէրունական առակը խորհրդածութեան նիւթ ընելով, շեշտեց Աղօթքի անփոխարինելի զօրութիւնը, զայն նկատելով բանալին՝ անձնական թէ հաւաքական կեանքին մէջ յաղթահարելու բոլոր տագնապներուն։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն՝ Տիկնանց Միութեան Պահոց յատուկ համադամ ճաշերով։ Հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ Ժագլին Կրինհալղ, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Տ. Թորգոմ եւ երէցկին Շողեր Չորպաճեաններուն իրենց անսակարկ նուիրումին համար։ Ան նաեւ հաւաստիացուց, որ գաղութը պիտի շարունակէ իր ամբողջական յանձնառութիւնը՝ ինչպէս նախորդ, նմանապէս նոր Հովիւին հանդէպ։

Թորգոմ Քհն. Չորպաճեան, Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան, դատաւոր Սարգիս Թշոյեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան եւ դատաւոր Ժագլի Կրինհալղ

Յաջորդաբար խօսք առին շրջանի հովիւներ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա․ Քհն․ Պալճեան, Տ. Կոմիտաս Ա․ Քհն․ Պաղսարեան, Տ. Ստեփան Քհն․ Պալճեան, Տ. Սամուէլ Քհն․ Աճէմեան, ինչպէս եւ Տ. Վահան Քհն․ Գույումճեան։ Անոնք իրենց խնդակցութիւնը յայտնեցին, որ Հայր Սուրբը միացաւ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, ինչպէս նաեւ բարի երթ մաղթեցին Տէր Թորգոմին։

Հուսկ ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատեց Տէր Թորգոմի անձնուէր ծառայութիւնը գաղութէն ներս, որ զուգադիպեցաւ համավարակի ճակատագրական շրջանին, նաեւ վեր առաւ Հայր Արտակի՝ Հովիւէ մը պահանջուած նկարագրի յատկանիշերը, եւ մաղթեց որ գաղութր հետզհետէ բնականոն դարձող կեանքին հետ ունենայ բարգաւաճ վերելք մը։

Դատաւոր Ժագլին Կրինհալղ

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան նախկին Ատենապետ՝ դատաւոր Սարգիս Թշոյեան, ներկայ անդամուհիներ՝ Հուրի Տաղլեան եւ Թամար Գանարեան։ Տիար Թշոյեան հաճելի անակնկալ մը կատարեց, երբ յայտարարեց, որ ատենապետուհի՝ Ժագլին Կրինհալղը, Մէսէչուսէթսի շրջանային դատարանի դատաւոր նշանակուած է եւ Երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ կը ստանձնէ իր նոր պաշտօնը։ Նորանշանակ դատաւորը շնորհակալութիւն յայտնեց այս ծանուցումին համար եւ համեստաբար ըսաւ, թէ ինք կը հետեւի դատաւոր Թշոյեանի հետքերով, դառնալով երկրորդ հայազգի դատաւորը շրջանէն ներս։

Յանուն Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքին, Սրբազան Հայրը եւս շնորհաւորեց  դատաւոր Կրինհալղը, որուն պաշտօնակալութիւնը կը զուգադիպէր Դատաւորի Կիրակիին, մաղթելով որ արդարութեամբ, նախանձախնդրութեամբ եւ արիութեամբ վարէ իր պատասխանատու պաշտօնը, պատիւ բերելով ե՛ւ նահանգին, եւ հայ համայնքին։

Ցնծութեամբ լի յոյսի այս ձեռնարկը փակուեցաւ Յոյսի քայլերգ՝ «Կիլիկիա» երգով եւ եկեղեցւոյ նոր Հովիւ՝ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ․ Վրդ․ի «Պահպանիչ»ով։