ԴՊՐԱՊԵՏ ՎԱՐԴԱՆ ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆԻ (21 Փետրուար 1922 – 21 Մարտ, 2022)
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները խորին ցաւով իմացան, որ մեր Եկեղեցւոյ նուիրեալ ծառաներէն՝ պրն. Վարդան Սէրայտարեան, իր մահկանացուն կնքած է անցեալ 21 Մարտին, 100 տարեկանին։
Պրն. Սէրայտարեան երկար տասնամեակներ Միջին Արեւելքի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ նուիրուած էր երաժշտութեան, յատկապէս՝ եկեղեցական երաժշտութեան։ Ծնած էր Այնթապ, Կիլիկիա, 21 Փետրուար, 1922ին, եւ ընտանիքով հաստատուած էր Հալէպ, ուր տարրական ուսումը ստացած էր «Կիլիկեան» եւ «Կրթասիրաց» վարժարաններուն մէջ։
1938ին ազատ աշակերտի հանգամանքով ընդունուած է Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ։ Երեք տարիէն աւարտած է ուսումը, միաժամանակ իբրեւ մեներգիչ ու դպրապետ ծառայելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Կազմաւորման տարիներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Ա. Յովսէփեանց եւ կրթական գործիչ Բիւզանդ Եղիայեան՝ դպրեվանքի օրուան տեսուչը, մեծ ազդեցութիւն ունեցած են անոր վրայ։ Այդ տարիներուն, գերմաներէնի դասերու հետեւած է՝ Պերլին երաժշտութիւն ուսանելու նպատակով, բայց այդ ծրագիրը իրականացած չէ։
Ուսումը աւարտելէ ետք, պրն. Սէյրայտարեան վերադարձած է Հալէպ, ուր դասաւանդած է «Սահակեան» վարժարանին մէջ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրապետի պաշտօնը ստանձնած է։ Զոյգ պաշտօնները վարած է մինչեւ 1961ի, երբ անցած է Պէյրութ, ուր դպրապետ եղած է Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ եւ ուսուցիչ՝ համանուն երկրորդական վարժարանին մէջ (այնուհետեւ՝ «Սուրէն Խանամիրեան» գոլէճ)։
Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, 1979ին, մեկնած է Միացեալ Նահանգներ։ Հաստատուելով Պոստըն, 1980ին ստանձնած է Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) դպրապետի պաշտօնը, երկար տարիներու իր ծառայութիւնը բերելով։ Միաժամանակ, զանազան սեմինարներու կազմակերպութեամբ շրջած է ամերիկահայ համայնքներ, եկեղեցական երաժշտութեան, յատկապէս՝ Աւագ Շաբթուան ճիշդ երգեցողութեան դասաւանդութիւնը ապահովելու համար, ինչպէս յանձնարարած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Խորէն Ա.։
1999ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. զինք պատուած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով իր երկարամեայ ծառայութեան համար Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր անդաստանէն ներս։
Թեմիս բարեջան Առաջնորդը, ընկերակցութեամբ շրջանի հոգեւորականներուն, պիտի նախագահէ պրն. Վարդան Սէրայտարեանի թաղման արարողութեանց, որ տեղի պիտի ունենան Շաբաթ, 2 Ապրիլին։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ կամ Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնին (ACEC)։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակներուն, թոռներուն եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։