«ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔԻ ՁԱՅՆԸ» ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԻ ՅԱՅՏԱԳՐԻ 10ԱՄԵԱԿԸ
«Հայ Սփիւռքի ձայնը» հեռատեսիլի յայտագրի 10ամեակն ու անոր վարիչ՝ տիկ. Կարինէ Քոչարեանի լրագրական գործունէութեան 25ամեակը նշուեցան Շաբաթ, 26 Մարտի երեկոյեան, «Փալիսէյտիըմ» սրահին մէջ (Գլիֆսայտ Փարք, Նիւ Ճըրզի)։ Ձեռնարկին ընթացքին, ԱՄՆի ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտէզ մեծարուեցաւ Հայ Դատի բերած իր երկարամեայ աջակցութեան համար։ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի անունով, ձեռնարկին մասնակցեցաւ առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան։ Նկարին մէջ՝ տէր եւ տիկ. Մենենտէզ, Հ. Սահակ եւ տիկ. Քոչարեան։