ՀԵՐՊԸՐԹ ԱՏԱՄԶ ԿԻՊԸՆԶ (ծնունդ՝ 8 Ապրիլ, 1880)
Ամերիկացի լրագրող Հերպըրթ Ատամզ Կիպըմզ «Արդի պատմութեան ամենասեւ էջը» խօսքը յօրինած է՝ ակնարկելով Հայոց Ցեղասպանութեան։
Կիպընզ ծնած է Աննապոլիս (Մէրիլընտ), 8 Ապրիլ, 1880ին։ Յաճախած է Փենսիլվանիոյ համալսարանը, եւ ապա ստացած է իր մագիստրոսական (1907) եւ դոկտորական (1913) աստիճանները Փրինսթըն համալսարանէն։ 1908ին շրջանաւարտ եղած է նաեւ Փրինսթընի աստուածաբանական սեմինարէն։
1908-1918ին Կիպընզ «Նիւ Եորք Հերըլտ» օրաթերթի թղթակից եղած է Օսմանեան Կայսրութեան, Եգիպտոսի, Պալքաններու եւ Ֆրանսայի մէջ։ 1909ին, իբրեւ ամերիկեան միսիոնար, ինք ու կինը՝ Հելըն Տաւընփորթ Կիպընզ, ականատես եղած են հայերու ջարդին Ատանայի եւ Տարսոնի մէջ (Կիլիկիա)։
Մինչ կ՚աշխատէր իր դոկտորական աւարտաճառին վրայ, 1910-1913ին Կիպընզ պաշտօնավարած է իբրեւ պատմութեան եւ քաղաքական տնտեսութեան դասախօս Ռոպըրթ գոլէճի մէջ (այժմու Պողազիչի համալսարանը)։ 1916ին հրատարակած է «Օսմանեան կայսրութեան հիմնադրութիւնը» հատորը, որուն հետեւած է «Արդի պատմութեան ամենասեւ էջը. դէպքերը Հայաստանի մէջ 1915ին» հատորը, ուր նկարագրած է ջարդն ու տեղահանութիւնը։ Յառաջաբանին մէջ շեշտած է, որ ջարդերը յստակօրէն ճշդուած էին, իսկ պատասխանատուութիւնը որոշ էր, ինչ որ կը հարկադրէր ցեղասպանութեան փաստերը ներկայացնել եւ պատասխանատուները մատնանշել։
1917ին, Կիպընզի կինը՝ Հելըն, հրատարակած է «Տարսոնի կարմիր գորգերը. կնոջ մը արձանագրութիւնը 1909ի հայկական ջարդին»։ Յառաջաբանին մէջ, Հելըն Կիպընզ գրած է, թէ 1915ի բնաջնջումը վերստին արթնցուցած էր 1909ի յուշերը, «Տարսոնի այդ գիշերուան ընթացքին, երբ մենք՝ եօթը անպաշտպան կիներ, մեր միակ օտարական տղամարդը ըլլալով զուիցերիացի քաջ ուսուցիչ մը ֆրանսերէնի, եւ 4.800 հայեր սպասեցինք մեր կարգին՝ քիւրտերու ձեռքը»։
1917-1918ին, Հերպըրթ Կիպընզ ծառայած է ամերիկեան ուժերուն հետ Ֆրանսայի մէջ։ 1918-1921ին, «Սենթըրի» հանդէսի խմբագրական թղթակից ըլլալէ ետք, 1921-1930ին շրջուն թղթակից եղած է զանազան ամերիկեան հրատարակութիւններու, որոնց շարքին՝ «Քրիսչըն Սայընս Մոնիթըր»ին, իր յօդուածները ղրկելով Եւրոպայէն, Ասիայէն եւ Ափրիկէէն։ 1922ին, քեմալական ուժերու կողմէ յունական ջարդերուն մասին տեղեկագրած է ընդարձակօրէն։
Ա. Աշխարհամարտէն ետք, Կիպընզ Փրինսթընի համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի դասախօս եղած է, ինչպէս եւ պատուոյ դասախօս բանակի պատերազմական գոլէճին մէջ (Ուաշինկթըն), ուր նաեւ տարեկան դասախօսութիւններու շարքեր տուած է 1920ական թուականներուՆ։ Շուրջ 30 հատոր հեղինակած է միջազգային քաղաքականութեան եւ եւրոպական գաղութատիրութեան մասին, յատկապէս անդրադառնալով ժամանակաշրջանի փոփոխական սահմաններուն։
1930ին նշանակուած է Չինաստանի եւ Մանչուրիոյ յատուկ թղթակից «Նիւ Եորք Թայմզ»ի կողմէ։ Յաջորդ տարին, աշխարհի շրջագայութեան մը ընթացքին, Կիպընզ դարձած է առաջին անձը, որ Ափրիկէն կտրած է շոգեկառքով՝ Հնդկաց ովկիանոսէն մինչեւ Ատլանտեանը, 3.500 մղոն ճամբորդելով ինն օրուան ընթացքին։
Մահացած է 7 Օգոստոս, 1934ին, Կրընտսլիի մէջ, Աւստրիա, 54 տարեկանին։