Featured, Առաջնորդարանէն

ԱՐԺՊ. ԹՈՐԳՈՄ ՔՀՆ. ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻ ԾՈՒԽԻՆ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս կը դրուատէ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի ծառայութիւնը եւ բարի գալուստ կը մաղթէ Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեանին
 

Կիրակի, 3 Ապրիլին, Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս մատուցանեց Ս. Պատարագը եւ քարոզեց (տե՛ս ստորեւ)։ Քարոզի ընթացքին, Սրբազան Հայրը դրուատեց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա․ Քհն․ Մանուկեանի անձնուէր ծառայութիւնը եկեղեցւոյ բարգաւաճման եւ վերելքին համար։ Սրբազան Հայրը ուրախութեամբ յայտնեց, թէ Ազգային Առաջնորդարանի Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն․ Չորպաճեանը նշանակած են օգնական հովիւ, որ երկու ամսուան փորձառական շրջանէ ետք, Տ. Ներսէսի հանգստեան կոչուելուն առթիւ պիտի ստանձնէ եկեղեցւոյ հովուութիւնը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, շքեղ ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, աւելի քան 150 ծխականներու մասնակցութեամբ, որոնք եկած էին պատուելու իրենց անձնուէր հովիւը, ինչպէս նաեւ դիմաւորելու անոր օգնական երիտասարդ հովիւը։ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Մայքըլ Ինճէեան,  խոր երախտագիտութիւն յայտնեց Տէր Ներսէսին իր երկարամեայ ծառայութեան համար եւ բարի գալուստ մաղթեց Տէր Թորգոմին, աւելցնելով, որ ամբողջական գործակցութեամբ պիտի շարունակեն զօրավիգ կանգնիլ իրեն՝

լաւագոյնս յաջողցնելու եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։ Խօսք առնելով, Տէր Ներսէս յայտնեց, թէ պարտականութեան բարձրագոյն գիտակցութեամբ ու սիրով ծառայած էր այս գաղութին։ Տէր Թորգոմ, իր կարգին, յայտնեց, թէ իր ձիրքերը ի սպաս պիտի դնէ նախնեաց  օրինակով իր ներդրումը բերելու գաղութի բարգաւաճման։

Հուսկ ապա, Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համայնքը, որ եղած է Ազգային Առաջնորդարանի ամենէն կարեւոր գաղութներէն մին, իր հոգեւոր, մտաւոր ու ընկերային կեանքի դրսեւորումներով եւ մաղթեց, որ յետ համավարակի շրջանին վերագտնէ իր կենսունակութիւնը, հաւատքի եւ յոյսի աղբիւր մնալով շրջանի հայութեան համար։