«ԱՂ ԵՒ ԼՈՅՍ»Ի ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՒԱՔՈՒԻՆ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ
Երկուշաբթի, 28 Մարտին, Սրբոզ Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) «Աղ եւ լոյս» խումբի պատանիները հաւաքուեցան զուարճալի ու դաստիարակչական երեկոյ մը վայելելու, ուր տնային ճաշերու կողքին չպակսեցաւ երեկոյեան սիրուած բաժինը՝ «Հարցուր Տէր Հօր»։
Հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, բարի գալուստի խօսքէն եւ աղօթքէն ետք, ճաշի ընթացքին պատանիներուն կողմէ ուղղուած խոհեմ հարցումներուն եւ հրաւիրեց բոլորը ներկայ գտնուելու Աւագ Հինգշաբթի օրուան արարողութիւններուն, յատկապէս՝ Ոտնլուային։
Պատանիները նաեւ խօսեցան իրենց ծառայական առաջին ծրագրին մասին՝ Զատկուան զամբիւղներու պատրաստութիւնը Փրաւիտընսի պատսպարանի մը մէջ ապրող ու նուազ բախտաւոր իրենց տարեկիցներուն համար, ինչ որ կապուած է իրենց մէկ դասին՝ աստուահաճոյ բաներ ընելու եւ անոնց վրայ կեդրոնանալու մասին։