ՊԱՏԻՒՍ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՑ
Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ծխականները (Պէթէստա, Մէրիլէնտ) Ծաղկազարդի եւ Աւագ Շաբթուան ժամանակացոյցին հետ անակնկալ հրաւէր եւս ստացած էին այս տարի, հետեւեալ վերտառութեամբ՝ «Պատիւս Արժանաւորաց․ Արամ Ա․ Կաթողիկոս Կիլիկեան Իշխանի շքանշանով կը պատուէ տոքթ․ Տրդատ Մանկիկեանը»։ Կիրակի առաւօտ, Սուրբ Խաչ եկեղեցին եւ սրահը լեցուն էին խուռներամ բազմութեամբ, հաւատացեալներ կանուխէն փութացած էին կարօտը իրենց սրտերուն, յետ համավարակի առաջին Ծաղկազարդի տօնը ցնծութեամբ դիմաւորելու։
Պատարագիչն էր Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ Առաջնորդ Սրբազանը «Հայր մեր»էն առաջ ուրարի տուչութիւն կատարեց դպիր Օննիկ Մութաֆեանին եւ ձիթենեաց ու արմաւենեաց ճիւղեր օրհնեց, այնուհետեւ քարոզեց բնաբան ունենալով խաղաղութիւնը (տեսնել ստորեւ)։ Ս. Պատարագը աւարտեցաւ Դռնբացէքի հոգեպարար արարողութեամբ։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, ներկաները ուղղուեցան «Քէշիշեան» սրահ, ուր Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սարգիս Ա․ Քհն․ Ագթաւուգեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որոնք եկած էին օրուան խորհուրդով հաղորդուելու եւ իրենց յարգանքը յայտնելու մեծարեալին։ Անձնական կեանքի մանրավէպերով ան դրուատեց տոքթ․ Մանկիկեանի համեստութիւնն ու ազնիւ ոգին։ Ապա խօսք առաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ տիար Արամ Համբարեանը, որ կուռ ոճով վեր առաւ տոքթ․ Տրդատի բարեմասնութիւնները համահայկական մակարդակով։ Նաեւ կարդաց սրտառուչ խօսքը Մանկիկեան ամոլի դուստր՝ Թինա Մանկիկեանին, որ Գալիֆորնիա կը գտնուէր։ Հայրապետական սրբատառ կոնդակը ընթերցեց Թեմիս նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Արքեպիսկոպոս, որ հիւրաբար կը գտնուի շրջանէս ներս։
Այնուհետեւ, Գերշ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս յանուն Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսի «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշանով պատուեց տոքթ․ Տրդատ Մանկիկեանը եւ իր սրտի խօսքը յայտնեց, ըսելով․
«Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան անպատիժ մնացած դահիճ իշխանութիւնը, դժբախտաբար արեւմտեան դաշնակիցներու մեղսակցութեամբ նաեւ Կիլիկիան պարպեց իր հազարամեայ խնամատար եւ օրհնաբեր իրաւատէրէն։ Դահիճ ազգը կրցաւ բռնագրաւել Կիլիկիան, բայց չկրցաւ խլել հայու հոգին կիլիկիահայութենէն, ուր որ ալ գտնուեցաւ ան։ Չկրցաւ անհետացնել հայ իշխանական ոգին, որ միշտ ներկայ մնաց ու գործեց Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, որովհետեւ ինչպէս Նորին Սրբութիւնը իր սրբատառ կոնդակին մէջ բանաձեւած է, «Կիլիկեան Իշխան»ի պատիւը ամբողջական նուիրումով ծառայութիւն է»։ Այո՛, զրկուած ըլլալով հանդերձ հայրենական հողէն ու պետական կառոյցներէ, շնորհիւ իշխանական ոգիով բռնկած ազնուասիրտ մեր հարազատներուն, անցնող հարիւրամեակին շէնցան ու բարգաւաճեցան մեր եկեղեցիները, դպրոցները, մշակութային, բարեսիրական ու մարմնակրթական միութիւններն ու կեդրոնները, մեր մէջ վառ պահելով հայ քրիստոնեայի ոգին։
1984 թուին երբ Միացեալ Նահանգներ եկայ, օրուան Առաջնորդ՝ Հոգելոյս Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսը փափաքեցաւ որ զինք ներկայացնեմ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան, որ լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ մօտէն ճանչնալու այս գաղութը։ Ձեռնարկի աւարտին՝ ուշ գիշերին, երբ ամէնքը մեկնած էին, ականատես եղայ աննախընթաց տեսարանի մը, օրուան Հոգաբարձութեան ատենապետը իր տիկնոջ եւ յանձնախումբի անդամներուն հետ սեղաններն ու գետինը մաքրեցին, աղբը ծրարեցին եւ սրահը կազմ ու պատրաստ ձգեցին յաջորդ օրուան Սուրբ Պատարագէն ետք «Սիրոյ ընկերակցութեան» մասնակցողներուն համար։ Այս տեսարանին դիմաց «Ծառայութիւն»ը, որով մեր ողջ էութիւնը Դպրեվանքի գրասեղանէն սկսեալ թրծուած էր Տէրունական պատգամով եւ օրինակով, առաւել եւս շօշափելի իրականութիւն դարձաւ։ Արդարեւ, այդ ատենապետը՝ տոքթ․ Տրդատ Մանկիկեանն էր, որ բժշկական աշխարհին եւ ընկերութեան մէջ կը վայելէր բարձր վարկ, որ իր տան հոգատարութեան համար միշտ ունեցած էր ծառաներ, բայց երբ եկեղեցւոյ յարկէն ներս կը մտնէր, ինքզինք ծառայ կը նկատէր Աստուծոյ Տան եւ համայնքին։
Նոյն այդ անսակարկ ոգիով, տոքթ․ Մանկիկեան անցնող կէս դարուն ամենայն հաւատարմութեամբ տարբեր հանգամանքներով ծառայեց իր համայնքին, Ազգային Առաջնորդարանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ առհասարակ հայ կառոյցներուն, արժանի ըլլաով այսօր Իշխանական Ծառայութեան պատիւին»։
Հուսկ ապա, օրուան մեծարեալը ամենայն խոնարհութեամբ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի արժանընտիր Գահակալ՝ Արամ Ա․ Կաթողիկոսին, այս բացառիկ պատիւին համար։ Յայտնեց, թէ իր ծնողներէն ժառանգած ազգին անսակարկ կերպով ծառայելու ոգին իրեն համար նուիրական պարտականութիւն նկատած է իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, եւ ջանացած է ե՛ւ իր ընտանիքի անդամներուն, ե՛ւ իր շրջապատին կենդանի օրինակով փոխանցել հայ ժողովուրդի գոյապահպանման այս խորախորհուրդ առաքինութիւնը։
«Կիլիկիա» երգով եզրափակուեցաւ յայտագիրը, որմէ ետք ներկաները վայելեցին Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կողմէ պատրաստուած համադամ ճաշերը ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ։
Ձիթենեաց եւ արմաւենեաց օրհնութիւն
Դպիր Անդրանիկ Կարապետ կը կատարէ վարագոյրի բացումը Դռնբացէքի առիթով
Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան
Արամ Համբարեան
Օշական Արքեպիսկոպոս կը կարդայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը
Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Օշական Արքեպիսկոպոս, Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան եւ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան ու ընտանիք
Ճաշկերոյթ՝ տուչութեան արարողութենէն ետք