ՎԱՂԱՐՇԱԿ ՍՐՈՒԱՆՁՏԵԱՆՑ (մահ՝ 16 Ապրիլ, 1958)
Կոմիտաս Վարդապետի հինգ աշակերտներուն շարքին, երկուքը՝ Միհրան Թումաճան եւ Վաղարշակ Սրուանձտեանց, տասնամեակներով ապրած են Միացեալ Նահանգներ եւ իրենց նպաստը բերած են թէ՛ ամերիկահայ բեմին եւ թէ՛ հայ երաժշտութեան ընդհանրապէս։
Վ. Սրուանձտեանց ծնած է Վան, 1891ին։ Ազգագական էր համբաւաւոր բանահաւաք Գարեգին եպս. Սրուանձտեանցի (1840-1892)։ 1900ին ընտանիքով աքսորուած է Պրուսա, ուր յաճախած է Ֆրէրներու վարժարանը։ Ինը տարեկանին, սկսած է սրինգ նուագել ուսանողական կրօնական նուագախումբին մէջ։
1907ին Սրուանձտեանց փոխադրուած է Պոլիս, ուր 1910ին սկսած է աշակերտել Կոմիտաս Վարդապետին։ 1919ին փոխադրուած է Փարիզ եւ այնուհետեւ Պերլին՝ իր ուսումը կատարելագործելու համար։
Քանի մը տարի Եգիպտոս աշխատելէ ետք, 1928ին հաստատուած է Պոսթըն։ Կազմակերպած է երգչախումբեր տարբեր համայնքներու մէջ եւ համերգներ ներկայացուցած։ Նաեւ հեղինակած է երգեր եւ գործեր՝ նուագախումբի համար։ Կոմիտասի օրինակին համար, ժողովրդական երգեր գրի առած, ուսումնասիրած եւ մշակած է։ Հրատարակած է երաժշտութեան քանի մը հատորներ. «Հայկական երգեր» (1922), «Հայկական պարեր», «Հայ գեղջուկ երգեր» (1927), «Հոգիի ձայներ» (1927), «Հայ ժողովրդական երգեր» (1933), եւ այլն։
1948ին փոխադրուած է Ֆրէզնօ, ուր մահացած է 16 Ապրիլ, 1958ին։