Երկուշաբթի, 18 Ապրիլի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, դասախօսութիւն մը տուաւ «Զօհրապ» տեղեկատուական կեդրոնին մէջ, որ կը գտնուի Էջմիածնական Թեմի հովանաւորութեան տակ։ Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Զօհրապ» կեդրոնի տնօրէն՝ դոկտ. Ճեսի Արլէն, որ ջերմ խօսքերով ներկայացուց դասախօսը։ Դոկտ. Մատթէոսեան, հիմնուելով վերջերս լոյս տեսած իր անգլերէն “The Politics of Naming the Armenian Genocide” հատորին վրայ, վերլուծեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ «Մեծ Եղեռն» անուան առնչութեան հարցն ու անոր քաղաքականացումը։ Հարց ու պատասխանի բաժին մը յաջորդեց շահեկան դասախօսութեան։
Կիրակի, 24 Ապրիլին, ժամը 3:00ին, դոկտ. Մատթէոսեան իր գիրքը պիտի ներկայացնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվէնիա), Ֆիլտելֆիայի Միջ-համայնքային Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ։ Ձեռնարկի ընթացքին, ելոյթ պիտի ունենան Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտներ։