ՁԵՐ ԽԵԼՔԻՆ ՓՉԱԾԸ ԿՐՆԱ՞Ք ԳՐԵԼ
Սովորաբար հարցեր կ՚ունենանք, երբ կը փորձենք հայկական անուն մը տառադարձել անգլերէնի։ Սակայն, երբեմն, մարդիկ դժուարութիւններ կ՚ունենան հայերէն անուն մը… հայերէն տառադարձելու։
Ի վերջոյ, օրէնքներ կան, չէ՞։
Այո, անշուշտ, անգլերէն John անունը կրնայ Ճոն կամ Ճան ձեւերով տառադարձուիլ, երբ հաշուի կ՚առնենք ձեր հետեւած հնչիւնաբանութիւնը՝ բրիտանակա՞ն, թէ՞ ամերիկեան։ Բայց եթէ Kevork կոչուող երեխայ մը ունիք, անոր անունը հայերէնով գրելու միայն մէկ ձեւ կայ՝ Գէորգ։ Գէւորգ, Գեւորգ, Գեւորք, Գէւորք, Քեւորք կամ Քեւորգ չէք կրնար գրել այն պատճառաբանութեամբ, թէ տղան չորս տարեկանին սկսած էր այդ ձեւերէն մէկը գործածել եւ ուսուցիչը չէր ուզած անոր զգացումները վիրաւորել՝ ուղղագրական սրբագրութեամբ։ Գէորգ անունը 1600 տարի ունի իր ետին։ Միւս բոլոր «ուղղագրութիւնները»… իրենց ետին զերօ տարի ունին։
Միեւնոյն կանոնը կը վերաբերի Hagop կամ Hakob (նաեւ Hakop) անունին։ Ի տարբերութիւն Գէորգ անունին, որ մեր լեզուն մտած է Ս. Գէորգ զօրավարի միջոցով, Hagop կամ Hakob (Jacob) աստուածաշնչական անուն մըն է, որուն ուղղագրութիւնը առյաւէտ հաստատուած է Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան կողմէ։ Եթէ դուք արեւելահայերէն կը խօսիք եւ ձեր զաւակին անունը Hakob կամ Hakop գրած էք անգլերէն փաստաթուղթերու մէջ, ատիկա չի նշանակեր, որ անունը Հագոբ կամ Հագոպ կամ Հագոփ պէտք է գրուի։ Դասական ուղղագրութեամբ, որ Հայ Եկեղեցւոյ պաշտօնական ուղղագրութիւնն է, միայն մէկ ձեւ կայ գրելու՝ Յակոբ։ Այս անունն ալ 1600 տարի ունի իր ետին։ Հակոբ, ընդհակառակը, միայն 80 տարի ունի, անկախաբար այն փաստէն, որ խորհրդահայ ուղղագրութիւնը խոտոր կը համեմատի մեսրոպեան աւանդութեան։
Եթէ կասկած ունիք, թէ ինչպէ՞ս հայերէն անուն պէտք է գրել հայերէն տառերով, օգնութեան դիմեցէք։ Նախընտրելի է հարցնել, քան 5.000 թռուցիկ կամ 5.000 ելեկտրոնային նամակ ղրկել սխալ ուղղագրութեամբ։
Չգիտնալը ամօթ չէ, չսորվիլը ամօթ է։