ԶԱՐԵՀ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ (Վախճանում՝ 30 Ապրիլ, 2004)
Լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան հաւատարմօրէն ծառայած է 38 տարի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, մեծամասնութեամբ իր տարիները անցընելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին մէջ իբրեւ Դպրեվանքի կարկառուն ուսուցիչ, կրօնական ու աշխարհական երաժշտութեան նշանաւոր յօրինող, օժտուած գիտնական, Աստուածաշունչի թարգմանիչ եւ հեղինակ դասագիրքերու եւ մեկնութիւններու։ Նկատուած է Աստուածաշունչի ամենէն յայտնի մասնագէտներէն մէկը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։
Աւազանի անունով՝ Մինաս, ծնած է 1947ին, Պէյրութ, ուր իր տարրական ուսումը ստացած է Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Եփրեմեան» ազգ. վարժարանին մէջ։ 1960ին մտած է Դպրեվանք եւ 1963ին սարկաւագ ձեռնադրուած Խորէն Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։
1966ին, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է Գարեգին եպս. Սարգիսեանի ձեռամբ (հետագային՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս), որ զինք կոչած է Զարեհ, ի յիշատակ լուսահոգի Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին, որ մահացած էր երեք տարի առաջ։ 1966-1969ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի դպրապետ եւ Դպրեվանքի փոխտեսուչ եղած է, միաժամանակ հետեւելով երաժշտութեան դասերու Լիբանանի պետական երաժշտանոցին մէջ եւ դասաւանդելով «Մարտիկեան» դպրոցին մէջ։
Ներկայացնելով «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի՝ իր կեանքը եւ Եկեղեցւոյ բարեփոխումը» աւարտաճառը, վարդապետական աստիճանները ստացած է 1969ին։ Բարձրագոյն ուսում ստացած է Հռոմի մէջ, հայրաբանութեան, աստուածաբանութեան եւ Եկեղեցւոյ պատմութեան դասընթացքներու հետեւելով Արեւելեան հիմնարկին մէջ, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1972ին։
Վերադառնալով Կաթողիկոսարանի, վերստին ստանձնած է Դպրեվանքի փոխտեսուչի պաշտօնը, դասաւանդելով աստուածաբանութիւն, հայերէն, Աստուածաշունչի մեկնութիւն եւ Նոր Կտակարանի ներածութիւն։ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի հիմնադիրներէն մէկը եղած է, իսկ 1975-1976ին «Հասկ» ամսագրի խմբագրութիւնը վարած է։
Զարեհ վրդ. Ազնաւորեան Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակուած է 1977ին եւ Առաջնորդ ընտրուած՝ 1979ին։ Մայիս 1980ին ստացած է Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճանը Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի ձեռամբ, իսկ յաջորդ օրը՝ եպիսկոպոս օծուած՝ Գարեգին Բ. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ձեռամբ։
Պաշտօնավարութեան վեց տարիներուն, զբաղած է Թեմի վերանորոգութեամբ, որ մեծապէս ազդուած էր 1974ի թրքական ներխուժման պատճառով։ Ձեռնարկած ու հսկած է Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ շինութեան եւ հրատարակած՝ ամսաթերթ մը։
1983ին, Զարեհ եպս. Ազնաւորեան վերադարձած է Անթիլիաս եւ վանական կեանքի գործօն մասնակից եղած է կեանքի մնացեալ տարիներուն։ Անոր քարոզները ներշնչած են հաւատացեալները, իսկ անոր քրիստոնէական առաքինութիւնը օրինակելի դարձած է միաբանակից եղբայրներուն եւ ժողովուրդին։ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ եղած է, իսկ 1990ական թուականներուն «Թռչնոց բոյն» որբանոցի տնօրէն եղած է եւ Գայանեան ուխտի հոգեւոր տեսուչ։ Արքութեան տիտղոսը ստացած է 1995ին։
Գրաբարի ու աստուածաշնչական լեզուներու հիմքին վրայ, Նոր Կտակարանը աշխարհաբարի թարգմանած է՝ Աստուածաշունչի Ընկերութեան գործակցութեամբ։ Հին Կտակարանի թարգմանութիւնը, դժբախտաբար, անաւարտ մնացած է եւ իր գործակիցներէն մէկուն՝ Օշական Արք. Չօլոյեանի կողմէ կը շարունակուի։ .
Զարեհ Սրբազան պատրաստած է շարականներու հաւաքածոներ արեւմտեան նոթագրութեամբ եւ յօրինած՝ երաժշտական զանազան գործեր, որոնց կարգին՝ Ապրիլեան նահատակներու շարական մը (1990), ուր գրած է.
Այսօր խայտայ նշխարեալ երկիրըս մեր Հայաստան
ընդ խմբումըն տօնի Նահատակացս Ապրիլեան,
զի սերմանեալ նշխաըք սոցա ընդ ամենայն կողմանս իւր՝
նորոյ գարնան կենդանութեան
տան աւետիս յուսոյ լըքման.
աղօթիւք սոցա, Տէ՜ր, կանգնեա՛ ըզսա։
Հեղինակած է կրօնական, աստուածաբանական ու հայագիտական բազմաթիւ գործեր, ինչպէս «Դիւրին գրաբար» երեք հատորնոց դասագիրքը (1986-1987, 2005), Եհովայի Վկաներու քննադատութիւն մը (1992) եւ այլ երկեր, որոնց մեծ մասը լոյս տեսած է յետմահու. «Հայ Եկեղեցին 20րդ դարուն եւ 21րդ դարու սեմին» (2005), «Աստուածաշունչը եւ մենք» (2005), «Լոյս եւ հաղորդութիւն» (2006), «Զաստուած տեսնել» (2014), «Հաւատամքի մեկնութիւն» (2016), «Մեկնաբանութեան պատմութիւն» (2016), «Ներսէս Լամբրոնացի եւ իր եկեղեցական բարեկարգումները» (2017), «Երաժշտական ժառանգութիւն» (2018), «Հնգամատեանի մեկնութիւն» (2019), եւ այլն։ Զարեհ Արքեպիսկոպոսի Հաւատամքի մեկնութեան համառօտ տարբերակ մը հրատարակուած է 2013ին Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի անգլերէն զուգահեռ թարգմանութեամբ։
Երկար հիւանդութենէ ետք, սրբակենցաղ եւ հմուտ Զարեհ Արք. Ազնաւորեան վաղահասօրէն վախճանած է 30 Ապրիլ, 2004ին, 57 տարեկանին։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կատարեց թաղման արարողութիւնը։ Մարմինը ամփոփուած է Կաթողիկոսարանի Զարեհեան դամբարանին մէջ։