Առաջնորդարանէն

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 24 Ապրիլին, Հայոց Ցեղասպանութեան 107րդ տարելիցին առթիւ, Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն.  Լագիսեան, Հովիւ, մատոյց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Նահատակաց Խորանին առջեւ։ Քարոզեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով հայ ժողովուրդին վիճակուած դժոխային տառապանքին, ըսաւ. «Եկած ենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Խաչելութեան եւ Յարութեան Խորհուրդով հաղորդուելու եւ որպէս անհատ, ընտանիք,եւ ազգ մեր կեանքի իմաստը եւ առաքելութիւնը ըմբռնելու եւ ըստ այնմ ծրագրելու եւ գործելու։ Եղեռնի ոգեկոչումը չի՛ նշանակեր գերի դառնալ անցեալին, այլ աշխարհը գիտակից դարձնել եւ պատասխանատուութեան հրաւիրել աւելի քան հարիւր տարիներու անպատիժ մնացած եւ շարունակուող ցեղասպանութեան, խնայելու համար ապագայ սերունդները բնաջնջման նորանոր սպառնալիքներէ»։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ «Բաշալեան» սրահին մէջ մատաղօրհնէքէ ետք, ՀԵԴի, ՀՄԸՄի արեաց գունդի նուիրեալներ եւ աւելի քան երեք հարիւր երիտաասրդ-երիտասարդուհիներ, եռագոյն դրօշներով, Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող եւ այլ պաստառներով  ուղղուեցան դէպի Ատրպէյճանի եւ ապա Թուրքիոյ դեսպանատուները, ուր պատշաճ ելոյթներ ունեցան։ Այնուհետեւ, երիտասարդական խանդավառութեամբ ելեկտրականացած  քայլարշաւը շարունակուեցաւ դէպի  Times Square, ուր հրապարակային աւանդական ձեռնարկը կազմակերպուած էր Վարդանանց Ասպետներու եւ այլ միութիւններու կողմէ (ՀԲԸՄ, Հայկական Համախմբում, Հայ Դատի Յանձնախումբ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութիւն, Թէքէեան Մշակութային Միութիւն եւ Հայ Իրաւանց Խորհուրդ), գործակցութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի (Կիլիկեան Թեմ), Հայոց Առաջնորդարանի (Էջմիածնական Թեմ), Հայ Կաթողիկէ Թեմի, Հայ Աւետարանական Միութեան, եւ կարգ մը երիտասարդական միութիւններու։

Խօսք առին ծերակուտականներ Չարլզ Շումըր եւ Ռոպըրթ Մէնանտէզ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ մասնակից կազմակերպութիւններէ։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդը իր կարգին խօսք առնելով.

«Կ՚ողբանք աշխարհի տարբեր կողմեր ընթացող պատերազմներուն վրայ, ուր մարդիկ կ՚անցնին մահուան հովիտէն, փոխանակ տօնելու Գարնան Ոգին եւ Սուրբ Յարութեան Օրհնութիւնները։

Այսօր հաւաքուած ենք այստեղ նշելու պատմական աննախընթաց ողբերգութիւն մը, որ այս բոլոր չարագործութիւններուն արմատն է՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ 107 տարի ետք, գործադրողները ամբարտաւանօրէն, նենգափոխումներով կամ կեղծ արդարացումներով կը մերժեն զայն, ինչպէս ըրաւ Կայէն՝ մարդասպանութեան նախակարապետը, երբ անամօթաբար մարտահրաւէր կարդաց Աստուծոյ հարցումին՝ «Ո՞ւր է եղբայրդ», ստոր պատասխանով. «Իմ եղբօրս պահա՞կն եմ»։

Այսօր այստեղ ենք բոլորին յիշեցնելու, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմութիւն չէ, այլ շարունակուող սադայէլական օրակարգ մը՝ հինգհազարամեայ ազգ մը Հայկական Լեռնաշխարհի իր հայրենիքէն արմատախիլ ընելու եւ ոչնչացնելու։ 2020ի Արցախի 44օրեայ պատերազմը եւ այնուհետեւ Հայաստանի հարաւ-արեւելքը կատարուող շարունակական ներխուժումները այդ չար ծրագրի շօշափելի նշաններ են։ Աւելի՛ն. հայկական յուշարձաններու կործանումը Արեւմտեան Հայաստանի, Նախիջեւանի եւ վերջերս Արցախի մէջ անժխտելի փաստեր են շարունակուող մշակութային եղեռնի։

Հետեւաբար, մենք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու ժառանգորդներս, այսօր այստեղ ենք հռչակելու, որ մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհերու ձայնը լռութեան պիտի չմատնուի։

Այսօր այստեղ ենք յորդորելու ցեղասպանութիւն գործադրող ազգի նոր սերունդը, որ ընդունի Ճշմարտութիւնը, որ զոհ չդառնայ սուտերու, այլ յանձնառու ըլլայ շինիչ յարաբերութեան մը հայոց հետ՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն պէտք է հետեւի հատուցումն ու հողերու վերադարձը։

Մեր տառապանքով ու կորուստով, կը բաժնենք անտանելի կսկիծը բոլոր անոնց, որոնք անարդարութեան զոհերն են աշխարհի շուրջ այսօր։ Անոնց հետ պիտի կանգնինք մինչեւ որ արդարութիւնը տիրէ։

Մեր համբերութիւնը ովկիանոսներէն աւելո խոր է,

Մեր ձգտումները երկինքներէն աւելի բարձր են,

Մեր կամքը այնքան հզօր է, որքան մեր սրբազան Արարատը։

Պիտի յարատեւենք եւ յաղթենք»։