Կաթողիկոսարանէն

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ԲԱՑՈՒԱԾ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԸ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ Է

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկութիւնը դատ բացած էր Թուրքիոյ հանրապետութեան դէմ, պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը։ Յիշեալ դատը հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի ծիրէն ներս առաջին իրաւական քայլն էր։

Արդարեւ, դատին քննութիւնը Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին կողմէ մերժուելէ ետք, Կաթողիկոսարանը դիմած էր Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարան։ Այս վերջինը, մեկնելով իր սկզբունքէն, թէ ներկայացուող դատական թղթածրարը հարկ էր տուեալ երկրի դատական ատեաններու բոլոր հանգրուանները բոլորած ըլլար, թելադրած էր թղթածրարը յղել Թուրքիոյ Նախադատ Ատեանին։

Կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբը, անհրաժեշտ խորհրդակցութիւններէ ետք, որոշեց դիմել Թուրքիոյ Նախադատ Ատեան, այն յստակ համոզումով ու հեռանկարով, որ Թուրքիոյ դատական համակարգին կողմէ դատը մերժուելէ ետք ուղղակի պիտի դիմէ, դարձեալ, Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին։

Շուրջ ամիս մը առաջ, Թուրքիոյ Նախադատ Ատեանը իր վճիռը արձակեց յիշեալ դատին գծով եւ թղթածրարը այժմ կը գտնուի Վերաքննիչ Ատեանին քով։

Կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն հայ եւ օտար իրաւագէտներ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, մօտէն կը հետեւի դատի իրաւական գործընթացին եւ մեր ժողովուրդը տեղեակ պիտի պահէ յառաջիկայ զարգացումներուն մասին։