Կաթողիկոսարանէն

«ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»Ի ԱՌԻԹՈՎ, ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

«Սփիւռքի Տարի» հռչակելէ ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անմիջապէս նախաձեռնեց գործնական քայլերու։ Այս ծիրէն ներս տեղի կ՚ունենան զանազան շրջանակներու հետ խորհրդակցական հանդիպումներ։

Ուրբաթ, 8 Ապրիլին տեղի ունեցաւ երկրորդ առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը: Նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը: Մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Գանատայէն՝ Լոռի Պէրպէրեան, Հայաստանէն՝ Ռուբէն Ճանպազեան, Ֆրանսայէն` Յովէլ Շնորհօքեան, Զուիցերիայէն՝ փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան, Արժանթինէն՝ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Լիբանանէն` Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան:

Տրուած ըլլալով, որ առաջին նիստը յատկացուած էր ընդհանուր մտածումներու տեսութիւններու ներկայացման, որոշուած էր որ երկրորդ հանդիպումը իբրեւ օրակարգ ունենայ քայլ մը դէպի գործնականացում նիւթը, հեռանկար ունենալով «Սփիւռքի Տարի»ն տարբեր ձեւերով յատկանշելու առաջադրանքը։

Վեհափառ Հայրապետը բացման իր խօսքին մէջ ընդգծեց.

ա) Սփիւռքը կարիքը ունի վերակազմակերպումի․ այս առիթով ան լուսարձակի տակ առաւ հարցադրումը՝ արդեօ՞ք Սփիւռքը պատրաստ է վերակազմակերպուելու։

բ) Իրապաշտ արժեւորումի անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ մեկնակէտ՝ հարցերու դիմագրաւման եւ լուծման եղանակներու ճշդումին։

գ) Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներու ծրագրաւորումի գործընթացի մշակումը․ եւ այստեղ իբրեւ ենթաբաժին՝ եկեղեցին, եկեղեցւոյ շուրջ գործող մարմիներն ու միութիւնները եւ մեր աւանդական կառոյցները։

Ժողովականները կեդրոնացան Սփիւռքի այսօրուան քարտէսին, տարբեր բնութագիրներուն, կորիզ-շերտեր յարաբերակցութեան եւ աշխատանքի թիրախաւորման, ընդհանուր նուազագոյն համաձայնական փաստաթուղթի մը մէջ ամփոփելու համասփիւռքեան առաջադրանքներուն, արհեստագիտութեան, արհեստավարժութեան, թուային-ելեկտրոնային ծրագիրներու լիարժէք օգտագործման՝ ցանցային համակարգեր ստեղծելու հնարաւորութիւններուն եւ յատկապէս մասնագիտական բնագաւառներով նոր աշխատակարգեր որդեգրելու հրամայականին։

Նիստի եզրափակիչ խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը քննարկումի ընթացքին հնչած տեսակէտները ամփոփ կէտերու մէջ բանաձեւեց եւ ընդգծեց երեք ուղենիշ յետագայ աշխատանքներուն համար. ա) հաւաքական արժէքներ, բ) ինքնութիւն, գ) մասնակցութիւն։

Բացատրելէ ետք կէտերու առաջնահերթութիւնը, թէ հաւաքական արժէքներ դաւանելով է, որ ինքնութեան հարցը կը սկսի բիւրեղանալ եւ մասնակցութիւնը կ՚ապահովուի, Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յատյնեց խորքային քննարկումի մասնագիտական մակարդակին եւ հաստատեց, որ ինչպէս առաջադրուած էր այս նիստը արձանագրեց քայլ մը դէպի աշխատանքային ուղղութիւններ, դէպի գործնական դաշտ։

Երիտասարդութեան հետ

Երեքշաբթի, 19 Ապրիլի երեկոյեան, առցանց խորհրդակցական հանդիպում կայացաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ զանազան երկիրներու մէջ գործող 30է աւելի երիտասարդներու հետ, որոնք գործօն մասնակցութիւն ունին իրենց գաղութներուն մէջ։

Նիստին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իսկ նիստը վարեց Արազ Գոճայեան։ Բացման խօսքէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր մտածումներն ու պատկերացումները փոխանցեց, դրուատելով երիտասարդներուն դրական ներկայութիւնը իրենց գաղութներուն մէջ եւ անոնց վերանորոգման նախանձախնդրութիւնը, ընդգծելով, որ ընկերութիւն մը չի յառաջդիմեր առանց երիտասարդութեան։ Անդրադառնալով Սփիւռքի առնչուած խնդիրներուն, Վեհափառ Հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ վերակազմակերպման աշխատանքներուն հրամայականը՝ երիտասարդներուն գործօն մասնակցութեամբ։ Նկատի ունենալով, որ Սփիւռքը ինքնանպատակ չէ եւ մնայուն շարժումի մէջ է, ճիշդ չէ ընդհանրական մօտեցումներով քննել եւ արժեւորել Սփիւռքը, որուն հասարակաց գիծը հայկական ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնն է։ Ինչ կը վերաբերի երիտասարդութեան շօշափելի դերակատարութեան, ան քաջալերեց, որ հետեւողի դերէն դուրս գայ, միաժամանակ նաեւ ընդգծելով, որ սորվողի դերին մէջ ըլլալը կարեւոր է, սակայն երբեք չի նշանակեր կրաւորական կեցուածք ունենալ։ Աւարտին, Հայրապետը ըսաւ, որ տուեալ առցանց խորհրդակցութեան նպատակն է լսել երիտասարդները, իմանալ անոնց դժուարութիւնները, ակնկալութիւնները, խօսիլ անոնց ընելիքներուն մասին, մանաւանդ համաշխարհայնացած եւ թուային աշխարհին ու անցակապատ ընկերութեան մէջ մեր ինքնութիւնը պահելու ու պահպանելու ուղիներուն մասին։

Ապա, խօսք առին մասնակիցները եւ անդրադարձան զիրենք յուզող հարցերուն։ Անոնք դրին մայրենի լեզուին օգտագործման նուազումին եւ օտար լեզուամտածողութեան հարցը, ուղղագրութեան անբաւարար իմացութեան պատճառով հայատառ հայերէնի օգտագործման պակասը առցանց հաղորդակցութեան մէջ, ընկերային ցանցերու վրայ Հայաստան-Սփիւռք յաճախ իրար չհասկնալու պատճառով իրար հակասելու խնդիրը, օտար վարժարան յաճախելու անպատեհութիւնները, արհեստագիտութեան անբաւարար օգտագործումը, երիտասարդութեան մօտ ինքնաճանաչման պակասը, Արցախեան վերջին պատերազմի պատճառով երիտասարդութեան մօտ յուսալքման խնդիրը, ղեկավարութիւն-երիտասարդութիւն յարաբերութիւններու խնդիրները՝ մեկնած հնամաշ հաղորդակցութեան միջոցներէն եւ սերնդային մեծ տարբերութիւններէն, տնտեսական իրավիճակի հետեւանքով գաղութը լքելու հարցը։ Յիշեալ քննարկումներուն լոյսին տակ երիտասարդները նաեւ հանդէս եկան առաջարկներով՝ կրթական, կազմակերպչական, արհեստագիտական եւ եկեղեցական մարզերու առնչութեամբ։

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ բարձր գնահատեց մասնակիցներուն շինիչ ներդրումը։ Իր խօսքի աւարտին, ան քաջալերեց երիտասարդրնեը շարունակել մասնակցութիւն բերել մեր հաւաքական կեանքին, դիտել տալով, որ իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն կամ կառոյց պէտք է վերանորոգման ընթացք մը ճշդէ, ներկայ աշխարհի պահանջներուն համապատասխան դառնալու համար։