(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, Մայիս 1)
Այսօր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնի երրորդ Կիրակին, մեր եկեղեցւոյ հայրերը ընծայած են Վերնաատան, ուր Քրիստոս վերջին ընթրիքը ունեցաւ, տօնելով աւանդական Զատիկը, որ նախագաղափարն էր Խաչին վրայ զոհուսղ յաւերժական Պասեքին, եւ ուր Առաքեալները յետ Յարութեան, աղօթքով եւ յոյսով կը սպասէին խոստացուած Սուրբ Հոգիին Գալուստին (Յհ 14.26)։
Այսօրուան առաքելական նամակի ընթերցումը ճշդուած է Ա․ Պետրոս 2.5, ուր ան կ՛ըսէ․ «Դո՛ւք ալ, որպէս կենդանի քարեր, Քրիստոսի վէմին վրայ կը կառուցուիք՝ իբրեւ հոգեւոր տաճար»։ Այս ընթերցումը, որ այնքան ներդաշնակ կերպով կը համընկնի օրուան Խորհուրդին հետ, կը նկարագրէ իւրաքանչիւր հաւատացեալի դերակատարութիւնը Քրիստոսի Մարմինի՝ Ընդհանրական եկեղեցւոյ կառոյցին մէջ, եւ ըստ այնմ, եկեղեցաբանութեան համար կարեւոր հատուած մըն է։
Եկեղեցին որպէս կառոյց, իր ինքնուրոյն ոճով եւ յարմարութիւններով անհրաժեշտութիւն մըն է, որպէսզի իր յարկին տակ հաւատացեալներ վայելեն Բարի Լուրը եւ զայն տարածեն, ինչպէս ըրին առաքեալները։ Այնուամենայնիւ, Քրիստոսի Մարմինը, Ընդհանրական Եկեղեցին, ո՛չ միայն նիւթեղէն քարերով շինուած է , այլ կենդանի քարերով՝ հաւատացեալներով, որոնք կը գլխաւորուին Յիսուս Քրիստոսով։
Առաքեալը մեզ բոլորս կը հրաւիրէ կեդրոնանալու իրողութեան մը վրայ, որ խիստ կարեւոր է պահպանելու եւ զարգացնելու ո՛չ միայն կառուցային, այլ աւելին՝ Ապրող Շնչող Եկեղեցին, որ Քրիստոսի խորհրդանշական Մարմինն է։ Մեր ժամանակներուն լաւ ծխական մը ըլլալու հասկացողութիւններէն մին է մասնակից ըլլալ եկեղեցւոյ կեանքին որպէս անդամ Ազգային Երեսփոխանական ժողովին, Հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան, Արանց ակումբին, Շաբաթօրեայ կամ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմին, անդամավճարով, եւն։ Այս ամէնքը անկասկած որ կարեւոր են, որպէսզի եկեղեցին գործէ իր բազմազան ծառայութիւններով։ Առաքեալը կու գայ ի՛ր իսկ փորձառութեան ընդմէջէն աւելի վեհ առաքելութեան մը տեսլականով բոցավառել մեր ամբողջ էութիւնը։
Ապրող, կենդանի քար ըլլալ կը նշանակէ մնայուն կերպով յարաբերութեան մէջ մնալ կեանքի Աղբիւր՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հետ, խնդրելով որ միշտ նորոգէ մեզ եւ ամրացնէ մեր հաւատքին ու ծառայութեան մէջ։ Պետրոս՝ Յիսուսի կողմէ ժայռ անուանուելով, դաւանելէ ետք Յիսուս Քրիստոսի աստուածութիւնը, բազմաթիւ անկումներ ունեցաւ իր հաւատքին մէջ, եւ ի վերջոյ նահատակուեցաւ։ Բայց եւ այնպէս առաքելական տոկուն հիմք մը ժառանգ թողուց Վերնատունէն սկսեալ, որ կը շարունակուի ամէն տեղ ուր Յիսուս Քրիստոս Տէր եւ Աստուած կը դաւանուի։
Որքա՜ն առանձնաշնորհեալ պէտք է զգանք, որ որպէս կենդանի քարեր ընտրուած ենք Աստուծոյ կողմէ երկրաւոր թէ երկնային անսահման պարգեւներուն՝ Իր Կենդանի Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, երբ բոլոր հաւատացեալները պիտի վայելեն Իր յաւերժական ներկայութիւնը, փառքը եւ խոստումները, որոնք առատապէս կը հեղուն եւ պիտի հեղուն մեր վրայ։ Եկէ՛ք, միասնաբար սաղմոսասացին հետ ըսենք․ «Ծառայեցէք Տիրոջ ուրախութեամբ, Անոր ներկայութեան եկէք օրհներգութեամբ» (Սղ 100.2), որովհետեւ մեր բոլոր պաշտամունքները ուղղուած են մէկ նպատակակէտի՝ «Իր ներկայութեան ըլլալ» , փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։