Մեր դպրոցներէն

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ «ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ՏԻԿ. ԼԵՆԱ ՆԱԶԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

«Սիամանթօ» լսարանի այս տարուան աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն հետ հարցազրոյցներ կը վարեն, զորս պարբերաբար կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։ 

Ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս ընտրած էք ուսուցչական ասպարէզը։

Մանկութենէս իսկ ուսուցչական ասպարէզը իւրայատուկ գրաւչութիւն ունեցած է ինծի համար, այնքան որ մանկական խաղերուն մէջ միշտ ալ ուսուցչուհիի դեր կը ստանձնէի, գիտցած֊-չգիտցածս փոխանցելով խաղընկեր ֊աշակերտներուս, երբեմն ալ խնամքով կարգ֊-կարգ շարած մեր տան թափուր աթոռները երեւակայածին աշակերտներս կ’ըլլային…

Ուսուցչական իրա՛ւ ասպարէզս սկսած եմ ուսանողական տարիներուս Պէյրութի «Սոֆիա Յակոբեան» գոլէճի, այնուհետեւ Հալէպի Ազգ. «Քարէն Եփփէ- ճեմարանի եւ Հալէպի Համազգային Հայագիտական հիմնարկին մէջ։

Ուսուցիչ-աշակերտ կապը  նուիրական է, երկուստեք զիրար ամբողջացնող ու արարող…

Մասնագիտական ինչպիսի՞ ուղղութիւն ընտրած էք։

Հետաքրքրութեանս թիրախին եղած են եւ ե՛ն լեզուն ու գրականութիւնը, առաջին հերթին անշո՛ւշտ հայերէնն ու հայ գրականութիւնը։ Աւարտած եմ Լիբանանի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը, այնուհետեւ՝ Հալէպի պետական համալսարանի անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան ճիւղը, իսկ մագիստրոսական մասնագիտութիւնս՝ կրթական կառավարումը, Երեւանի Բրիւսովի անուան պետական լեզուա-հասարակագիտական համալսարանէն։

Աշխատակցած եմ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան Լեզուի հիմնարկի արեւմտահայերէնի բաժնին։

Արեւմտահայերէնը ինչպիսի՞ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։

Համարեա հարիւրամեակ մը առաջ Շահնուրի հնչեցուցած “կը նահանջէ լեզուն” ահազանգը այսօր եւս զգաստացնող է։

2008֊ին ԵՈՒՆԵՍՔՕն արեւմտահայերէնը կը դասէր վտանգուած լեզուներու շարքին։

Սփիւռքեան պայմաններուն մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտի ջահակիրը ըլլալ մայրենիին եւ իր լուման ներդնէ արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման ճիգերուն։

Միջազգային հանրութիւնը եւս, 2000֊էն ի վեր Փետրուար 21֊ը կը նշէ իբրեւ մայրենի լեզուներու իրաւունքներու ճանաչման ու գործածութեան աջակցման օր։

Ինչպէ՞ս կը գնահատէք «Սիամանթօ» լսարանը։

2020֊ին, երբ «Սիամանթօ» լսարանը որդեգրեց առցանց դասաւանդման տարբերակը, առիթ ընծայուեցաւ ինծի արեւմտահայերէն դասաւանդելու եւ շարունակելու ակամայ ընդհատուած ուսուցչական կեանքս։

Առցանց տարբերակով ստեղծուած դասարանային մթնոլորտը եւս ջերմ է, որովհետեւ  հայերէնասիրութիւնն է գերիշխողը։

«Սիամանթօ» լսարանի առաքելութիւնը կը հասնի իր լրումին, երբ իւրաքանչիւր շրջանաւարտ կը դառնայ դեսպանը մեր մայրենիին։

 

Հարցազրոյցը վարեցին՝

Ցոլին Բարսեղեանը եւ Վարդինէ Քէչէճեանը

(Սբ Ստեփանոս Շաբաթօրեայի աշակերտներ եւ Սիամանթօ լսարանի Ա տարուան հետեւողներ)