Featured, Առաջնորդարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա), Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի բացումը տեղի ունեցաւ այսօր, Հինգշաբթի, 12 Մայիսի յետմիջօրէին։ Այս տարուան ժողովի բնաբանն է՝ «Հիմքերը ուժեղացնել ապագայի համար»։ Հոգեւորականաց համագումարը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 11 Մայիսին։

Ժողովի իր դիւանը ընտրեց, յանձինս Արամ Սարաֆեանի եւ Ճանէթ Հարոյեանի (ատենապետներ), Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանի (հայերէնի ատենադպիր) եւ Նայիրի Պետրոսեանի (անգլերէնի ատենադպիր)։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեան, եւ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ պրն. Մայքլ Ինճէեան, բարի գալուստ մաղթեցին բոլոր ներկաներուն։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. նախապէս տեսագրուած պատգամ մը ուղղեց ժողովականներուն, որուն ընթացքին շեշտեց թէ Եկեղեցին պարզ կազմակերպութիւն չէ, այլ առաքելութիւն, զոր կ՚իրագործէ ժողովուրդին հասնելով։ Այսպէս է, որ Ազգային Առաջնորդարանի ծրագիրներուն կիզակէտը համայնքն է, որուն ուղղուած է մարտահրաւէրը՝ «Ինչպէ՞ս կարելի է աւելի նշանակալից, աւելի ուժական եւ աւելի ազդեցիկ դարձնել այս փոխյարաբերութիւնը»։ Հոգեւորականներու դերն է Եկեղեցին իր պատերէն դուրս հանելով՝ ժողովուրդին բերել է, եւ համայնքին ուղղուած հովուական առաքելութիւնն ու ընկերային ծառայութիւնը Եկեղեցին կը դարձնեն ապրող իրականութիւն մը ժողովուրդի կեանքին մէջ։

Իր պատգամին մէջ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, որ ստանձնած էր այս տարուան Երեսփոխանական Ժողովը կազմակերպելու պատասխանատու պաշտօնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ մեր Եկեղեցւոյ դիմագրած մարտահրաւէրներուն մասին եւ ըսաւ. «Համավարակէն դրուս գալով, մեր Թեմի եւ իւրաքանչիւր ծուխի առաջնահերթութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ բոլորին հասնիլ եւ բոլորին բարի գալուստ մաղթել»։ Ան յոյս յայտնեց, թէ ժողովի ընթացքին գործող աշխատանքային խմբակները «ճամբայ պիտի հարթեն աւելի ուժեղ եւ փայլուն Առաջնորդարանի մը»։

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի նիստերը պիտի շարունակուին մինչեւ Շաբաթ, 14 Մայիս։ Պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ։