ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՏԱԼԱՀԱՅ ԳՐԱԳԻՏՈՒՀԻ ԱՆԹՈՆԻԱ ԱՐՍԼԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Երկուշաբթի, 16 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց իտալահայ գրագիտուհի եւ ակադեմական Անթոնիա Արսլանը, որ հեղինակած է մեծ ժողովրդականութեան տիրացած «Արտոյտներու ագարակը» վէպը եւ այլ գործեր։ Տիկ. Արսլանին կ՚ընկերանար փրոֆ. Շըպան Նաշ-Մարշալ, որ Մանհաթընվիլ գոլէճի քրիստոնէական փիլիսոփայութեան ամպիոնի վարիչն է եւ Ա. Արսլանի «Լուռ հրեշտակ» վէպի անգլերէն թարգմանիչը։ Սիրալիր տեսակցութեան ժամանակ ներկայ էր նաեւ Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը։ Տեղի ունեցաւ շահեկան զրոյց մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի հետ կապուած հարցեր։
Այս առիթով, Անթոնիա Արսլանի պատասխանեց մեր լրատուի հարցումներուն, անդրադառնալով իր գրական ասպարէզին եւ հայութեան հանդէպ վէպերուն արթնցուցած մեծ հետաքրքրութեան իտալացի ընթերցողներու մէջ։
— Փատովայի համալսարանին մէջ իտալական գրականութեան դասախօսի եւ հետազօտողի երկարամեայ ասպարէզէ մը ետք, դուք թարգմանեցիք Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւնը իտալերէնի եւ ապա մտաք գեղարուեստական գրականութեան ծիրէն ներս՝ «Արտոյտներու ագարակը» (La masseria delle allodole / The Skylark Farm) վէպով, որուն հայ ընթերցողներն ալ ծանօթ են անգլերէն եւ հայերէն թարգմանութիւններով, ինչպէս եւ Թաւիանի եղբայրներու շարժապատկերային տարբերակով։ Ներկայիս, իր առաջին հրատարակութենէն 18 տարի ետք, 44րդ տպագրութեան հասած է։ Ինչպէ՞ս եղած է վէպին ծննդոցը։ Ի՞նչ մղեց ձեզ այդ նիւթին մէջ նետուելու։
Շնորհակալ եմ հետաքրքրական հարցումին համար։ Գեղարուեստական գրականութեան աշխարհը մտնելը՝ վիպագիր դառնալը, անխուսափելի էր, կը կարծեմ։ Երբ ժամանակիդ մէկ կարեւոր մասը կ՚անցընես վէպեր կարդալով, գրական քննադատութիւն դասաւանդելով եւ գրականութիւն կոչուած այդ հրաշքը վերլուծող գործիքները զարգացնելով, անհրաժեշտութիւնը կը զգաս սեփական պատմութիւնդ եւ քու ընտանիքիդ պատմութիւնը գրելու։
Իմ պարագայիս, կտորները քով-քովի եկան Դանիէլ Վարուժանի միջոցով։ Ես հայ եմ ու ընտանիքս հայ է։ Միշտ պահած ենք մեր հայկական ինքնութիւնը տան մէջ։ Բայց մեր ասպարէզները ոչ մէկ, իսկապէս ո՛չ մէկ կապ ունին մեր հայ ինքնութեան հետ։ Մեծ հայրս հիմնեց ականջ, քիթ ու կոկորդի իտալական դպրոցը եւ հայրս աշխարհահռչակ վիրաբոյժ մըն էր։ Այլ խօսքով՝ մեր հանրային կեանքերը բաժնուած էին մեր անհատական կեանքերէն։ Ասիկա յատկապէս ճիշդ էր ինծի եւ հօրեղբօրս՝ արուեստի պատմաբան Եդուարդի համար, որովհետեւ իտալական մշակոյթի մասնագէտներ դարձանք։
Վարուժան զիրար կապեց իմ անձնական եւ հանրային աշխարհները։ Անոր գործին թարգմանութիւնը ինծի ճանապարհ հարթեց, որ պատմէի այն պատմութիւնները, զորս Երուանդ մեծ հայրս պատմած էր Խարբերդի մեր ընտանիքին, ցեղասպանութեան, ցեղասպանութեան հետագայի տարիներուն մասին։
— Կ՚ակնալէի՞ք, որ ձեր վէպը այդպիսի արձագանգ պիտի ունենար Իտալիոյ մէջ։ Ի՞նչ զգացում ունիք այն իրողութեան հանդէպ, որ, ձեր վէպին շնորհիւ, իտալացիները իրենց աչքերը բացին հայոց պատմութեան ու գրականութեան։
— Ո՛չ, իմ գործիս յաջողութեան չէի սպասեր, ինչպէս եւ իտալացիներու հրաշալի ընդունելութեան։ Անկեղծօրէն, գիտէի, որ լաւ բան մը գրած էի։ Գիտէի, որ որոշ իմաստով յանդուգն էր, որովհետեւ «Արտոյտներու ագարակը» ենթագլուխներ չունի։ Գիտէի, որ իտալերէնին կը պարտադրէի, որ ցարդ չըրածը ընէր՝ հայ հոգիի հզօր գոյները պատշաճեցնէր։
Իտալերէն ընթերցողներուս հանդէպ զգացածս՝ երախտագիտութիւն է։
— Հայ ուսումնականներն ու քննադատները երկար ժամանակ բանավիճած են այն մասին, թէ օտարագիր հայ գրողները կը պատկանի՞ն հայ գրականութեան։ Թերեւս կ՚արժէ հարցումը տարբեր տեսանկիւնէ մը դնել. կը կարծէ՞ք, որ ձեր գործը հայ գրականութեան մաս կը կազմէ։
Ինչպէս Շառլ Ազնաւուր սովոր էր ըսել իր եւ Ֆրանսայի մասին, այսօր կրնամ ըսել, թէ ես ինծի հարիւր առ հարիւր հայ եւ հարիւր առ հարիւր իտալացի կը զգամ։ Ներքին հաւասարակշռութեան հասած եմ իմ ինքնութեանս տարբեր տարրերուն միջեւ։ Այսուհանդերձ, չեմ կրնար իտալերէն չգրել։ Մայրենի լեզուս է։