Կիրակի, 22 Մայիսին, Ս. Պատարագի ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի, տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Բարշ. Հրակ Սրկ. Գալայճեանի, Բարշ. Շանթ Սրկ. Գատէհճեանի եւ Բարշ. Նարեկ Սրկ. Ֆիլիքեանի կուսակրօն քահանայութեան ձեռնադրութիւնն ու օծումը։ Անոնք վերանուանուեցան Տ. Արմէն Աբղ., Տ. Առաքել Աբղ. եւ Տ. Ազատ Աբղ.։
Նորոգ ձեռնադրեալ Հայր Սուրբերուն կնքահայրութիւնը ստանձնած էին Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ տիար Վահէ Յովակիմեան, եւ իր կինը՝ Յասմիկ։ Օծումէն ետք, ձեռամբ կնքահօր, կատարուեցաւ լուացումը երեք նորաօծ քահանաներու ճակատներուն ու ձեռքերուն մկրտարանին մէջ։
Ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Վեհափառ Հայրապետին երախտապարտութիւն յայտնելով, որ զինք դարձեալ առիթը ընծայած էր պատարագելու Մայր Տաճարին մէջ եւ այս անգամ օծելու Հայ Եկեղեցւոյ նուիրեալ երեք նոր ոյժեր, Թորգոմ Սրբազան շնորհաւորեց Նորին Ս. Օծութիւնը, Միաբանութիւնը, տէր եւ տիկ. Յովակիմեանը, նուիրեալներուն ծնողները եւ ժողովուրդը։ Այնուհետեւ, իր խրատական խօսքը ուղղեց նորընծաներուն, յայտնելով. «Դուք այլեւս չէ՛ք պատկանիր ձեր անձին, այլ կը պատկանիք բոլորին։ Ան, որ եղբայր է Քրիստոսի, ձեր եղբայրը կը դառնայ այսօր. ան, որ մայր է Քրիստոսի, ձեր մայրը կը դառնայ այսօր։ Հոգեւորական դառնալը դիւրին բան չէ. հոգեւոր ապրումներ ունենալը ժամանակաւոր ընթացք չէ. դուք ամէն օր հրաւիրուած էք ձեր հոգեւոր կեանքին մէջ նոր մակարդակ եւ գագաթ մը նուաճելու։ Ժողովուրդը ցաւեր ունի եւ ականջ կը փնտռէ, որպէսզի պատմէ իր յոյզերը, ցաւերը եւ տագնապները. ան որ ձեր դո՛ւռը կը զարնէ՝ կը բանաք այդ դուռը եւ ականջ կու տաք այդ ցաւերուն ու տագնապներուն, որ ժողովուրդը կ՚ուզէ խօսիլ ձեզի, այդ ձեր ոչ թէ միայն պարտականութիւնն է, այլեւ սրբազան պարտաւորութիւնը»։
Քարոզէն անմիջապէս ետք, «Ողջոյն»ի պահուն, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, ներկայ միաբան հայրերը Ս. Խորան բարձրացան եւ նորընծաներուն նորաօծ ճակատն ու ձեռքերը համբուրելով ողջունեցին անոնց նոր առաքելութիւնը։
Աւարտին, միաբանական թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարան, ուր նորընծաները ստացան Վեհափառ Հայրապետի անդրանիկ օրհնութիւնը։ Հուսկ, նորընծայ երեք միաբան հայրերը, Մայր Տաճարի Ս. Խորանին առջեւ կանգնելով, ընդունեցին հաւատացեալ ժողովուրդի շնորհաւորանքները։
Աւանդութեան համաձայն, նորընծաները Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, յառաջիկայ 40 օրերը պիտի անցընեն աղօթքով, պահեցողութեամբ եւ խոկումով, սկսելու համար իրենց սրբազան առաքելութեան։